UNESCO-ի կողմէ Երեւանը 2012-ի գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակելուն նուիրուած հանդիսութեան ծիրէն ներս` Նոյեմբեր 22-ին Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան մօտ տեղի ունեցած է Հայ տպագիր գիրքի 500-ամեայ յոբելեանին եւ Վիեննայի մէջ Մխիթարեան տպարանի հիմնադրման 200-ամեակին նուիրուած տօնական հանդիսութիւն:
Հանդիսութիւնը կազմակերպած են Աւստրիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը եւ Մխիթարեան Միաբանութիւնը` Վիեննայի Հայ առաքելական եկեղեցական վարչութեան օժանդակութեամբ:
Հանդիսութեան ներկայ եղած են Աւստրիոյ նախագահի աշխատակազմի, կառավարութեան, ԱԳՆ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, պատգամաւորներ, Վիեննայի քաղաքապետարանի եւ Վիեննայի շրջանային ինքնակառավարման մարմիններու պաշտօնեաներ, քաղաքագէտներ, հասարակական շրջանակներու, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, Աւստրիոյ, ԵԱՀԿ-ի, ՄԱԿ-ի մէջ հաւատարմագրուած աւելի քան 20 երկիրներու դեսպաններ, աւստրիահայ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավար եւ շարքային անդամներ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հայրապետական պատուիրակ եւ հոգեւոր հովիւ Տէր Անդրիաս քահանայ Իսախանեան եւ եկեղեցական վարչութեան նախագահ Հայկ Ասենպաուըրը:
Հանդիսութեան ելոյթներով հանդէս եկած են Աւստրիոյ, ԵԱՀԿ-ի, ՄԱԿ-ի եւ Վիեննայի մէջ հաւատարմագրուած միջազգային այլ կազմակերպութիւններու մօտ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի մասնաճիւղի առաջնորդ Հայր Պօղոս Գոճանեան, Զալցպուրկի համալսարանի փրոֆեսըր, հայագէտ Ժասմին Տում-Թրակուդ: Դեսպան Կիրակոսեան, ի թիւս նշանաւոր յոբելեաններու, իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է ընթացիկ տարուան ընթացքին նշուող Հայաստանի եւ Աւստրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեայ յոբելեանին եւ այդ առիթով Աւստրիոյ Նախագահ Հայնց Ֆիշըրի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութեան` այս տարուայ Յունիսին Հայաստան կատարած պաշտօնական այցին:
Հանդիսութեան ծիրէն ներս Մխիթարեան թանգարանին մէջ կազմակերպուած է Հայ հնատիպ գիրքի ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են 1512-էն ի վեր աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ հրատարակուած եւ Միաբանութեան թանգարանին մէջ պահուող հայ գրատպութեան նշանաւոր նմուշները: Դեսպանութեան ջանքերով կազմակերպուած է նաեւ համերգային ծրագիր` Աւստրիայի Կրաց քաղաքի Արուեստներու համալսարանին մէջ 2007-ին հիմնադրուած լարային քառեակի եւ Երեւանէն ժամանած երիտասարդ երգչուհի Էգա Հորսդգայի մասնակցութեամբ: Կատարուած են Կոմիտասի, Գրիգոր Նարեկացիի եւ Պաղտասար Դպիրի ստեղծագործութիւնները: Հանդիսութեան աւարտին Մխիթարեան միաբանութեան հանդիսութիւններու սրահին մէջ Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ կազմակերպուած է ընդունելութիւն: