Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը` Միջազգային դրամատան հետ գործակցաբար, յայտարարեց Լիբանանի մէջ բազմերես աղքատութեան ցուցանիշը:
Պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կեդրոնատեղիին մէջ` հովանաւորութեամբ փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի եւ ներկայութեամբ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմի, Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչ Հանին Սէյիտի եւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանի:
Այս առիթով Մ. Կիտանեան յայտնեց, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը օգտագործած է 2018-2019 տարիներուն աշխատաւորներուն վերաբերող վիճակագրական տուեալներն ու ընտանիքներու ապրուստի իրավիճակը:
Ան աւելցուց, որ 2018-2019 տարիներու վիճակագրութիւնը կատարուած է 39.000 ընտանիքներու հետ, «ինչ որ առիթ տուած է, որ առաջին անգամ ըլլալով կարելի ըլլայ յանգիլ գաւառներու մակարդակով վիճակագրական արժեւորումներու», ըսաւ ան:
Դոկտ. Կիտանեան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բազմերես աղքատութիւնը ունի 19 ցուցանիշներ, որոնք հինգ հիմնական տարաչափութիւններու կը վերաբերին: Անոնք են` կրթութիւնը, առողջութիւնը, նիւթական ապահովութիւնը, տարրական ենթակառոյցը եւ ընտանիքին ապրուստի մակարդակը:
Ան հաստատեց, որ եթէ ընտանիքի մը զրկանքները կը գերազանցեն հետեւեալ տարաչափութիւններուն 25 առ հարիւրը, ապա այդ ընտանիքը կը նկատուի բազմերես աղքատութիւն դիմագրաւող ընտանիք:
«Կրթութեան տարաչափութեան առումով ընտանիք մը զրկանքէ տառապող կը նկատուի, եթէ ընտանիքին անդամներէն մէկը 18-34 տարիքին մէջ է եւ երկրորդականի կրթութիւն չէ ստացած: Առողջապահութեան տարաչափութեան առումով ընտանիք մը զրկանքէ տառապող կը նկատուի, եթէ ընտանիքին անդամներէն մէկը առողջապահական ապահովագրութիւն չունի: Նիւթական ապահովութեան տարաչափութեան առումով ընտանիք մը զրկանքէ կը տառապի, եթէ ընտանիքին մէջ չկայ 25-64 տարիքի անդամ մը, որ աշխատանք ունի: Տարրական ենթակառոյցի առումով ընտանիք մը զրկանքէ կը տառապի, եթէ ընտանիք մը անձնական փոխադրամիջոց չունի եւ իր բնակած վայրէն նուազագոյնը քալելով 10 վայրկեան հեռաւորութեամբ հանրային փոխադրութեան միջոց կարելի չէ գտնել: Ընտանիքին ապրուստի մակարդակին տարաչափութեամբ ընտանիք մը զրկանքէ կը տառապի, եթէ անոր անդամները` 3 եւ աւելի թիւով մարդիկ, մէկ սենեակի մէջ կ՛ապրին, սովորական հեռաձայն, բջիջային հեռաձայն եւ համացանցի դրութիւն չունին, ջեռուցման միջոց եւ այլ տարրական պիտոյքներ` սառնարան, լուացքի մեքենայ, փուռ չունին», ըսաւ Մ. Կիտանեան:
Ան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ 2019-ի բազմերես աղքատութեան ցուցանիշը 53.1 առ հարիւր էր` նկատի ունենալով, որ բնակիչներուն զրկանքները կը գերազանցէին հինգ տարաչափութիւններուն 25 առ հարիւրը, «իսկ շատ աւելի աղքատ ընտանիքներու ցուցանիշը 16.2 առ հարիւր էր, որովհետեւ բնակիչներուն զրկանքները կը գերազանցէին հինգ տարաչափութիւններուն 50 առ հարիւրը», աւելցուց ան:
Մ. Կիտանեան յայտնեց, որ Լիբանանեան ազգային մակարդակի վրայ, բազմերես աղքատութեան ցուցանիշներուն հիմնականը առողջապահական ապահովագրութիւնն է (24.8 առ հարիւր), անոր կը յաջորդէ կրթութիւնը (18.3 առ հարիւր), ապա ոչ ապահով աշխատանքը (9,7 առ հարիւր): «Հետեւաբար հինգ տարաչափութիւններուն հիման վրայ զրկանքները գումարելու պարագային մեծագոյն զրկանքը առողջապահականն էր (30.2 առ հարիւր), անոր յաջորդեց աշխատանքը (25.8 առ հարիւր), ապա կրթութիւնը (25.3 առ հարիւր), իսկ անոնց յաջորդեցին ապրուստի պայմանները (13 առ հարիւր) եւ ի վերջոյ հիմնական ենթակառոյցը (6 առ հարիւր)», ըսաւ ան:
Դոկտ. Կիտանեան նշեց, որ նահանգներու մակարդակով Աքքարն ու Պեքաան ամէնէն աւելի աղքատ նահանգներն են, իսկ ամէնէն աւելի զրկուած ըլլալու իմաստով բարձրագոյն համեմատութիւնը արձանագրուած է Պէյրութի մէջ:
Մարալ Կիտանեան յայտնեց, որ բազմերես աղքատութեան ցուցանիշին մասին 2018-2019 տարիներու տուեալները գոյացած էին նախքան բազմակողմանի տագնապին տարածումը` նկատի ունենալով նաեւ տնտեսական եւ ելեւմտական քայքայումը, «Քորոնա» ժահրի համաճարակն ու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը: «Ուրեմն բազմերես աղքատութեան ցուցանիշը չ՛արտացոլացներ Լիբանանի աղքատութեան ներկայ պատկերը: Սակայն այս տեղեկագիրը կարելի է իբրեւ հիմք նկատի ունենալ, ինչպէս նաեւ զայն նկատել չափանիշ մը` տագնապէն առաջ եւ անկէ ետք բազմերես աղքատութեան ցուցանիշի բաղդատութիւն մը կատարելու: Այս բաղդատութիւնը կարելի է կատարել` հիմնուելով Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան մօտիկ ապագային կատարելիք ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներուն վրայ», եզրափակեց Մ. Կիտանեան:
Իր կարգին, խօսք առաւ փոխվարչապետ Շամի, որ բարձր գնահատեց դոկտ. Կիտանեանի եւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ գնահատեց Միջազգային դրամատան եւ Լիբանանի միջեւ օրինակելի գործակցութիւնը:
Շամի հաստատեց, որ բազմերես աղքատութեան ցուցանիշի յայտարարութիւնը շատ կարեւոր իրադարձութիւն է` աւելցնելով, որ Լիբանան անոր խիստ կարիքը ունի, որպէսզի զայն զարգացնէ եւ հասնի այն ցուցանիշին, որ կը ներկայացնէ 2020-2021 տարիներուն պատկերը: «Միայն այդ պարագային է, որ կարելի պիտի ըլլայ մշակել աղքատութեան հարցը լուծելու քաղաքականութիւններ: Կառավարութիւնը Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններու մէջ է եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ մշակելու ելեւմտական եւ տնտեսական ապաքինումի ծրագիր մը, որ երկիրը ճիշդ հունի մէջ կը դնէ», ըսաւ Շամի:
Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչ Հանին Սէյիտ իր արտասանած խօսքին մէջ ընդգծեց, որ բազմերես աղքատութեան ցուցանիշին յանգիլը Միջազգային դրամատան եւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան միջեւ գործակցութեան արդիւնքն է` հաստատելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ամրապնդելու համար այդ գործակցութիւնը:
Սէյիտ ընդգծեց, որ բազմերես աղքատութեան ցուցանիշի ծրագիրը հոս կանգ չ՛առներ եւ պէտք չէ առնէ` աւելցնելով, որ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակի սրընթաց վատթարացումը կ՛ենթադրէ ճշգրիտ վիճակագրութիւն:
Սէյիտ իր խօսքը աւարտեց շեշտելով Միջազգային դրամատան պատրաստակամութիւնը` զօրակցելու Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան: