ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային գործերու կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Վլատիմիր Ճապարով խիստ կարեւոր նկատեց Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի այն քայլը, որ ան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերընտրուելէ ետք առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Մոսկուա կատարեց: Ան Նիկոլ Փաշինեանի քայլը անուանեց «բարի նշան»:
Ճապարով նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին աշխատանքային հարցեր, իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ, Ղարաբաղի վիճակը, Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութիւնը եւ այլն:
Ըստ անոր` նախկին խորհրդային երկիրները (Ատրպէյճան եւ Հայաստան) վաղ թէ ուշ պէտք է կարգաւորեն յարաբերութիւնները եւ սկսին համաձայնիլ, վերականգնել երկիրները այդ ցնցումներէն ետք, իսկ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը երաշխիք է ապագային հաւանական արիւնահեղութիւններէ խուսափելու համար:
Վլատիմիր Ճապարով ընդգծեց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին ռուս սահմանապահներու տեղակայումը պիտի իրականացուի երկու երկիրներուն` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համաձայնութեամբ, եւ բոլոր սադրանքները պիտի կասեցուին:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի տարածքին թրքական ռազմական խարիսխ տեղադրելու մասին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի յայտարարութիւններուն՝ Ճապարով նշեց, որ Ռուսիա շատ բացասական կը նկատի այդ մէկը՝ աւելցնելով, որ Մոսկուա կարելիութիւն ունի ճնշում գործադրելու Թուրքիոյ վրայ, իսկ Թուրքիոյ հակառակորդ պէտք չէ՝ ի դէմս Ռուսիոյ:
Ճապարով յիշեցուց, որ Թուրքիա երբեք Ռուսիոյ դաշնակից չէ եղած` ընդգծելով, որ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական շահերը միշտ չէ, որ կը համընկնին Կովկասի մէջ Ռուսիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն շահերուն:
Խօսելով հայ գերիներու վերադարձի հարցին մասին` ռուս քաղաքական գործիչը նշեց, որ Ատրպէյճան արհեստականօրէն կը ձերբակալէ հայ ռազմագերիները՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ յանցագործներ: Ան վստահեցուց, որ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ այդ հառցը լուծելու համար: