Կը նշենք Համազգայինի 95-ամեակը` նոր դժուարութիւններով եւ նոր մարտահրաւէրներով ողողուած մեր առօրեայով մտահոգ, բայց միաժամանակ` նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու, հայ լեզուն, գրականութիւնը, մշակոյթը եւ հայկական աւանդութիւնները փոխանցելու եւ անոնց մէջ այս բոլորին նկատմամբ կապուածութիւն եւ սէր փոխանցելու մնայուն ճիգերու գոհունակութեամբ:
Հակառակ այլազան դժուարութիւններուն` կը տեսնենք Համազգայինի դպրոցներու զարգացման աշխատանքներ, Համազգայինի նոր գրասենեակներու եւ մասնաճիւղերու հիմնադրութիւն, մանկապատանեկան եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններ, հրատարակչական գործունէութիւն, բայց մանաւանդ` վարագոյրներու ետին աշխատող այս առաքելութեան հաւատացող մեծաթիւ կամաւորներ:
95 տարեկան Համազգայինը կը շարունակէ իր լոյսը սփռել ու հանդիսանալ հայ կրթութեան եւ մշակոյթի գանձերը սերունդէ սերունդ փոխանցող ամուր բազուկը:
Սերունդները պիտի փոխուին, Համազգայինի հովանիին տակ կազմաւորուած պատանիները պիտի դառնան երիտասարդներ, եւ երթը պիտի շարունակուի: Պիտի վստահինք երիտասարդ նորահաս փաղանգին, որ միացնելով աւանդականն ու այժմէականը` պիտի կարենայ ամուր եւ հաստատ քայլերով յառաջանալ եւ հպարտութիւն ներշնչել աշխարհասփիւռ համազգայնականներուն:
Հայեցի դաստիարակութեան եւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ յաւելեալ ճառագայթումին համար, 95 տարիներու նուիրում: Ա՛յս է Համազգայինը:
95-ամեակդ շնորհաւո՛ր:
ՓԱՈՒԼԱ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը ահաւասիկ կը բոլորէ իր 95-ամեակը: Անմիջապէս մտապատկերիս կը ներկայանայ սա հարցումը. ի՞նչ պիտի ըլլար արդեօք սփիւռքի ճակատագիրը, եթէ գոյութիւն չունենար Համազգայինը: Ի՞նչ կրնար ըլլալ արդեօք սերունդներու մշակութային եւ կրթական դաստիարակութեան ուղղութիւնը, եթէ չըլլար Համազգայինը, որ ամէնօրեայ ներկայութիւն է մեր կեանքին մէջ, երբեմն ուղղակի, երբեմն աննկատ կերպով:
Պահ մը մեր ակնարկները սեւեռենք դէպի անցեալ եւ պիտի տեսնենք, թէ այս հսկայ միութիւնը մշակոյթի նախարարութեան մը համազօր աշխատանք տարած է սփիւռքի մէջ, իսկ Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր իր հոգածու թեւերը կը տարածէ նաեւ հայրենի եզերքներուն` ծաւալելով նոյնքան նպատակային գործունէութիւն: Նաեւ իր նորաբողբոջ ծիլերը տեսանելի են արդէն Հայաստանէն արտագաղթած եւ օտար ափերու մէջ նոր գաղութներ կազմող հաւաքականութիւններու մօտ:
Ներկայ պայմաններուն մէջ աւելի քան անհրաժեշտ ներկայութիւն է անիկա մեր առօրեայ կեանքին մէջ, որովհետեւ ի վերջոյ մշակոյթով է, որ պիտի պահպանենք մեր գոյութենական երթն ու շարունակականութիւնը. այս իսկ պատճառով որքան ուռճանայ եւ բարգաւաճի այս միութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն, այնքան լաւ: Կը մնայ շնորհաւորել եւ երկար ու անխափան երթ մաղթել մեր սիրելի միութեան:
ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ