ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Համազգային մշակութային եւ կրթական միութեան հետ իմ կապս եղած է Պուրճ Համուտի «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղի ճամբով, որուն անդամագրուեցայ 1969-ին: Մասնաճիւղը կը գործէր յանձնախումբերով` գրական, դաստիարակչական, թատերական, ընկերային, կազմակերպական:
«Ս. Վրացեան» մասնաճիւղը շատ բեղուն եւ լայն գործունէութիւն ունեցած է: Ան յաջողած է, այլ բաներու կարգին, որոշ չափով մշակութայնացնել Պուրճ Համուտը` կրթական այլ հաստատութիւններու եւ միութիւններու կողքին: Անվարան կրնամ հաստատել, որ մասնաճիւղը նոյնքան գործ կը կատարէր, որքան` Շրջանային վարչութիւնը:
Ես վարչական պատասխանատուութիւններ չեմ ստանձնած մասնաճիւղին մէջ եւ գործած եմ իբրեւ պարզ անդամ միայն գրական-դաստիարակչական յանձնախումբի:
Ամէն տարի նշեալ յանձնախումբը կը կազմակերպէր դասախօսութիւններ` գրեթէ ութ ամսուան վրայ երկարող: Ատոնք տեղի կ՛ունենային կիրակի օրերը, կէսօրէ առաջ, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի «Արուեստից» սրահին մէջ: Յատուկ ծրագրի հիման վրայ, նախ կ՛այցելէինք մտաւորականներու եւ գրողներու տուները եւ կ՛առաջարկէինք, որ դասախօսութեամբ մը օգտակար ըլլան մեզի: Դասախօսներու շարքին կ՛ըլլային` Վահէ Օշական, Գրիգոր Շահինեան, Պօղոս Սնապեան, Սոնա Զէյթլեան, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան եւ ուրիշներ:
Ես հրապարակային առաջին դասախօսութիւնս տուած եմ գրական-դաստիարակչական նշեալ շարքին մէջ, 1971-ին, «Միջազգային արդի գրական շարժումներ» նիւթով: Ի˜նչ յաւակնութիւն` նիւթի ընտրութեան առումով, որովհետեւ սկզբունքով պէտք էր կարդացած ըլլայի բազմաթիւ գիրքեր այդ շարժումներու հեղինակներէն, որպէսզի կարենայի այդ մասին դասախօսել. մինչդեռ ես կարդացած էի մէկ-երկուքը միայն, այդ ալ` համալսարանի դասընթացներու ճամբով: Սակայն վարչութիւնը եւ յանձնախումբը կ՛ուզէին քաջալերել նաեւ երիտասարդները: Ճիշդ այդ պատճառով ալ դասախօսութեան շարքին վերջինն էր իմս:
Պուրճ Համուտի Համազգայինին շուրջ կար առողջ, գործունեայ, ժրաջան եւ նորարար երիտասարդութիւն մը, որ շատ հետաքրքրուած էր մշակոյթով եւ արուեստով: Այդ օրերուն էր, որ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեան վերադարձած էր Լոնտոնէն եւ թատերախումբ մը կազմեց Պուրճ Համուտի Համազգայինի մէջ:
Մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէին մասնաճիւղին թատերական քննարկումները: Արդարեւ, տուեալ տարեշրջանի բեմադրուած թատերախաղերէն մաս մը ընտրողաբար կը քննարկուէին` թատերախաղը իբրեւ ընտրութիւն, բեմադրութիւնը եւ դերասանները: Այդ քննարկումներուն ներկայ կ՛ըլլար նաեւ բեմադրիչը: Շատ առողջ եւ առարկայական քննադատութիւններ կ՛ըլլային:
——
Կարօտալի օրեր, իսկ հիմա` ի՞նչ:
Չեմ ուզեր բաւարարուիլ անցելապաշտութեամբ: Իբրեւ հաւաքականութիւն` պարտաւոր ենք ըլլալ ներկայապաշտ եւ ապագայապաշտ: Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան իրեն յատուկ պարագաներ ունի եւ պայմաններ կը պարտադրէ:
Այսօր հաւաքաբար պարտաւոր ենք մշակել նոր ու մանրամասն ծրագիր` որդեգրելով իրեն յատուկ գործելակերպ: Այլ մանաւանդ` մարդուժ պատրաստել բոլոր մարզերուն մէջ, որպէսզի իմաստաւորուի ներկայապաշտութիւնն ու ապագայապաշտութիւնը, ինչ որ կ՛ենթադրէ մտայնութեան փոփոխութիւն, առանց որուն` ոչինչ կարելի է յաջողցնել: