«Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ «Քոմերսանթ Էֆ. Էմ.»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Վրաստանի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕին կրնայ աղիտալի հետեւանքներու յանգեցնել:
«Անիկա կրնայ հրահրել սարսափելի հակամարտութիւն, հասկնալի չէ, թէ ինչո՛ւ այդ անդամակցութիւնը անհրաժեշտ է», ըսաւ Մետվետեւ:
Վարչապետը նաեւ յայտնեց, որ Վրաստանի եւ Հարաւային Օսեթիոյ միջեւ 2008ին տեղի ունեցած զինեալ հակամարտութիւնը կարելի էր կանխել՝ աւելցնելով. «Որեւէ բան անխուսափելի չէ եղած»։