ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վրաստան չի փափաքիր մասնակցիլ 3+3 ձեւաչափի նախաձեռնութեան, 19 Նոյեմբերին յայտարարեց Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանի` ելոյթ ունենալով երկրի խորհրդարանին մէջ:
«Ես այդ մասին յայտնած եմ նաեւ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կատարած այցելութիւններուս ընթացքին», աւելցուց ան:
Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ առաջադրուած 3+3 նախաձեռնութեան նպատակն է՝ ի մի բերել Կովկասի երեք հանրապետութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուսիան, Իրանը եւ Թուրքիան, լուծելու համար շրջանային հարցերը։