Հանրայայտ ճազային երգչուհի Տաթեւիկ Յովհաննիսեանի համերգը հայրենիքի մէջ սպասուած իրադարձութիւն է իր երկրպագուներուն համար:
«Azd production» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ հայաստանեան հանդիսատեսին երգչուհին պիտի ներկայանայ ոչ թէ մէկ համերգով, այլ չորս համերգ ներառող շրջագայութեամբ: «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընկերութեան գլխաւոր արտադրող Հայկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ առաջին համերգը պիտի կայանայ յունիս 28-ին Երեւանի «Եանս» երաժշտական ակումբին մէջ, երկրորդը` յունիս 30-ին Գիւմրի, երրորդը` յուլիս 2-ին Ստեփանակերտի մէջ:
«Շարքը կ’եզրափակուի յուլիս 4-ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կայանալիք հիմնական համերգով»,- պատմեց Յարութիւնեան` տեղեկացնելով, թէ չնայած այն, որ մի քանի օր է, ինչ յայտնի դարձած է կայանալիք համերգներուն մասին , իրենք դրական արձագանքներու պակաս չեն զգացած:
Ան նշեց, որ «Azd production» ընկերութիւնը առաջին անգամ չէ, որ հանդէս կու գայ երաժշտական տարբեր նախագիծերով, փառատօններու կազմակերպմամբ, սակայն համագործակցութիւնը արտերկրին մէջ ապրող նման մեծութեան արուեստագէտի հետ առաջին անգամ է: Համերգներու ժամանակ Յովհաննիսեանին կը նուագակցի Նիւ Եորքէն ժամանած երաժիշտներու եռեակը: Բոլոր համերգներու տոմսերու վաճառքը պիտի մեկնարկէ ապրիլ 15 –ին: Ծրագրուած է նաեւ երգչուհիին հանդիպումը լրագրողներուն հետ:
Տաթեւիկ Յովհաննիսեան Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարին մէջ յունուար 17-ին հանդէս եկաւ մեծ համերգով, որն անտարբեր չձգեց հանդիսատեսին: Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ արեւելեան թեմի նախաձեռնած համերգին «Հայկ եւ Ալիս Քաւուքջեաններ» սրահին մէջ հաւաքուած ունկնդիրները, անկախ տարիքային եւ ազգային պատկանելիութենէն, հաւանութեան
արժանացած է իր տեսակին մէջ եզակի երաժշտական երեկոն: Նիւ Եորքէն երգչուհիի ամուսինը` Վահրամ Գիւրջեան «Արմէնփրէս»-ին պատմած էր, որ ունկնդիրը ջերմ էր, ուշադիր, եռանդով լեցուն, ինչ որ փոխանցուած էր Տաթեւիկին:
Տաթեւիկ Գրիգորեան