Հայ գրատպութեան 500-ամեակի միջոցառումներու շրջանակին մէջ, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան եւ Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ վերջերս կազմակերպուած գիտաժողովի եւ հնագոյն տպագրական սարքերու ցուցահանդէսի ժամանակ որոշուած էր ստեղծել Մխիթարեան միաբանութեան եւ ՀՀ Սփիռքի նախարարութեան «Յակոբ Մեղապարտ» մետալը, որ պիտի շնորհուի հայ գրատպութեան, գրահրատարակչական գործունէութեան բնագաւառին մէջ մեծ աւանդ ունեցող անհատներուն:
Հայ գրահրատարակչութեան զարգացման, գիտակրթական գործունեութեան, դասագիրքերու ստեղծման գործին մէջ մեծ աւանդին համար ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը «Յակոբ Մեղապարտ» մետալով պարգևատրեց «Տաթեւ գիտակրթական համալիրի» տնօրէն, «Զանգակ-97» հրատարակչութեան տնօրէն Սոկրատ Մկրտչեանը:
Սոկրատ Մկրտչեանը Հայաստանի մէջ յայտնի է իր գիտամանկավարժական, հրատարակչական լայնածաւալ գործունէութեամբ, անդամակից է գիտութեան և կրթութեան ոլորտի մէջ գործող շարք մը հայաստանեան և միջազգային հասարակական կազմակերպություններու և միաւորումներու, մի քանի տասնեակ դպրոցական և բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու դասագիրքերու և ուսումնական ձեռնարկներու հեղինակ է: Անոր հեղինակած դասագիրքերը երաշխաւորուած են ԱՊՀ այլ երկրների համապատասխան պետական լիազոր մարմիններու կողմէ և կ’օգտագործուին միջինասիական հանրապետութիւններու հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:
«Զանգակ-97» հրատարակչութեան կողմէ տպագրուած գիտահանրամատչելի, ուսումնական, գեղարուեստական, մանկական բազմաթիւ գիրքերը, ուսումնաօժանդակ նիւթերը երկար տարիներ մեծ պահանջարկ կը վայելեն ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ Սփիւռքի հայ համայնքներու, նպաստելով հայեցի կրթութեան և դաստիարակութեան գործին:
«Զանգակ-97» հրատարակչութիւնը՝ նախարարութեան և Սփիւռքի համապատասխան մասնագէտներու հետ համագործակցելով՝ ստեղծած է Սփիւռքի մէկօրեայ հայկական դպրոցներու համար նախատեսուած «Այբբենարան», երկու «Արևմտահայերէնի դասագիրք-ընթերցարան» դասագիրքերու փորձնական տարբերակները, որոնք հրատարակուած են և արդէն իսկ կ’առաքուինմ Սփիւռքի դպրոցներ:
Սոկրատ Մկրտչեանը շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր պարգևի համար և հաւաստիացուց, որ յետ այսու առաւել հետևողականօրէն կը շարունակէ Յակոբ Մեղապարտի սկսած գործը ու կ’իրականացնէ նոր, արդիական գրահրատարակչական ծրագիրներ, որոնք կը նպաստեն մայրենի լեզուով կրթութեանն ու դաստիարակութեանը, հայ գիրքի դերակատարութեան բարձրացմանը, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան: