«Տաթեւ» զբօսաշրջային կեդրոնի առկայ իրավիճակը տեղւոյ վրայ ուսումնասիրելու եւ Տեղ գիւղի դպրոցի հիմնանորոգման աշխատանքներուն ծանօթանալու նպատակով` Նոյեմբեր 30-ին ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարար Սամուէլ Թադէոսեանի գլխաւորած աշխատանքային խումբը այցելածէ Սիւնիքի մարզ:
Ըստ «Արմենփրէս»-ի՝ ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարար Սամուէլ Թադէոսեան Սիւնիքի մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանի հետ շրջայց կատարած է Տաթեւ համայնք: Հաշուի առնելով` Տաթեւ գիւղական համայնքի վարչական սահմաններու մէջ առանձնացուած տարածքներու քաղաքաշինական գործունէութեան յատուկ կարգաւորման կարգավիճակը` քաղաքաշինութեան նախարարը շեշտած է իրականացուելիք շինարարական աշխատանքներու կարեւորութիւնը:
ՀՀ կառավարութեան որոշումով՝ «Տաթեւ» վանական համալիրը եւ յարակից` Խոտի, Շինուհայրի, Հալիձորի, Տաթեւի, Սվարանցի, Տանձատափի, Աղուանիի եւ Բարձրաւանի գիւղական համայնքները յայտարարուած են «Տաթեւ» զբօսաշրջային կեդրոն` ստանալով քաղաքաշինական գործունէութեան յատուկ կարգաւորման կարգավիճակ:
Օրուան երկրորդ կէսին նախարար Սամուէլ Թադէոսեան ծանօթացած է Տեղ գիւղի դպրոցի շինարարութեան ընթացքին` կարեւորելով դպրոցին հիմնանորոգման աշխատանքներու ժամանակին եւ որակով յանձնելու հանգամանքը: Դպրոցին հիմնանորոգման ծիրէն ներս պիտի բարեկարգուի նաեւ դպրոցի տարածքը, պիտի տեղադրուին ջեռուցման կաթսաներ, պիտի իրականացուին կաթսայատան եւ ցանկապատի կառուցման աշխատանքներ: