Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տաղանդաւոր, աշխատասէր մարդ է. Հայաստանի նախագահի մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին բնութագրեց նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ լրագրողներու խնդրանքով պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Նիկոլ Փաշինեանի հետ աշխատիլը դիւրի՞ն է:
«Յանձին Նիկոլ Փաշինեանի, ես յայտնաբերեցի տաղանդաւոր, շատ արագ մտածող, պատրաստակամ, աշխատասէր մարդը, որուն հետ ունիմ շատ լաւ աշխատանքային յարաբերութիւններ: Իմ տպաւորութիւնն է, որ ունինք յարգալից, կառուցողական աշխատանքային փոխադարձ յարաբերութիւններ: Որեւէ խնդիր չեմ տեսներ իր հետ աշխատելու հարցին մէջ, ընդհակառակը, կը կարծեմ, որ կրնանք շատ լաւ աշխատիլ միասին», ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ըսաւ Արմէն Սարգսեան: