Մեծապէս ողջունելի է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի առած իմաստուն ու քաջ քայլը՝ 1915-ին Օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւնը յիշել իր ճշգրիտ, պատմական եւ իրաւական անուանումով՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ։
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
1915-ին Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս բնաջնջումի ու տարագրութեան կ՛ենթարկուին բոլոր հայերը՝ վայր առ վայր: Յետագային` Սուրիական պետութեան մաս կազմող բնիկ հայութիւն ունեցող բնակավայրերն ալ կ՛ենթարկուին տարագրութեան հրամանին, մինչեւ քանի մը տուն հայեր ունեցող գիւղակներն իսկ: Այսպէս՝
ՊԷՅԼԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱԿ. առանձին գաւառակ մըն էր, որուն մէջ կը մտնէին տոհմիկ հայութեամբ Պէյլան, Սովուք Օլուք, Կիւզելլի, Ֆարթըսլի, Գանլը Տերէ, Գըշլա Տերեսի, Նարկիզլիք, Աթըգ եւ այլ մանր գիւղեր: Այս շրջանակին մէջ կը մտնեն նաեւ Աղեքսանդրէթ ու Գրըգխան քաղաքները:
Տարագրութենէն առաջ, ըստ Թէոդիկի, Պէյլան ունի 8000 հայ, որ շատ հաւանաբար ամբողջ գաւառակին կը վերաբերի (Ամէնուն Տարեցոյցը, 1914, էջ 322-323): Մեծ Եղեռնին բոլոր հայերը կը տարագրուին Սուրիոյ խորերը: Մեծամասնութիւնը կը զոհուի տարագրութեան ճամբաներուն վրայ:
Յուլիս 1919-ի թղթակցութիւն մը կու տայ վերադարձածներու թիւեր. այսպէս՝ Գրըգխան՝ 900 հոգի, Պէյլան՝ 450, Իսկէնտէրուն՝ 280 («Ճամբու նօթեր – Հալէպ, Իսկէնտէրուն, Պէյլան, Անտիոք», Կիլիկիա, թիւ 72, 13 Յուլիս 1919):
ՍՈՒԷՏԻԱ. այս գաւառակին մէջ կը մտնէին Հաճի Հապիպլի, Պիթիաս, Եողունօլուք, Խտըրպէկ, Վագըֆ, Քապուսիէ գիւղերը: 1915-ին 6311 բնակիչներէն 4231 հոգին ապստամբութեան համար կը բարձրանայ Մուսա Լեռան հիւսիս-արեւմտեան բարձունքները, իսկ 2080 հոգին կ’ենթարկուի տարագրութեան հրամանին: Հերոսամարտը կը տեւէ Յուլիս 30-էն, լեռ բարձրանալու առաջին օրը, մինչեւ 13 Սեպտեմբեր` լեռը մինչեւ վերջին անհատը պարպելու օրը՝ 44 օր: Հինգ ճակատամարտերը տեղի ունեցած են 7, 10, 15-16 Օգոստոսին, 7 եւ 10 Սեպտեմբերին: Փոր Սաիտ կը հասնի 4058 անձ: Մարդկային 173 կորուստներէն 18-ը կռիւներուն պատուով նահատակուած զինեալներ էին (Վեր. Տիգրան Անդրէասեան, Զէյթունի տարագրութիւնն ու Սուէտիոյ ապստամբութիւնը, Ա. տպագրութիւն 1915, Գահիրէ, Բ. տպագրութիւն, 1935, Հալէպ. նաեւ՝ Յաբէթ Մ. Իսկէնտէրեան, Սուէտիոյ ապստամբութիւնը, Գահիրէ, 1915. նաեւ՝ Միհրան Տամատեան, «Սուէտիոյ դիւցազներգութիւնը», Արեւ օրաթերթ, 1915 Հոկտեմբեր 13-էն սկսեալ յօդուածաշարք, նաեւ՝ Յ. Գ. Պուրսալեան, Մուսա Լերան Հերոսամարտը, 1954, Հալէպ):
ԱՆՏԻՈՔ. հոս ահաւոր կոտորած տեղի կ՛ունենայ 1909-ի Աղէտին: 1911-ին գաղութը ունի 41 տուն կամ 206 անձ հայութիւն (Մարտիրոս Գուշագճեան, Պօղոս Մատուռեան, Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 850):
1915-ին Անտիոքի այս փոքրաթիւ գաղութը գրեթէ ամբողջութեամբ կը փճանայ տարագրութեան ճամբաներուն վրայ:
ՔԻՒՐՏ ՏԱՂ. այստեղ ցրուած հայաբնակ գիւղեր էին Արֆալի, Եամատի, Կոչի (Կէօչչիւ), Արմանճո, Գոնտունա եւ Վերին Թընզըրի: Պոտամայի սարահարթի Պսապըթ, Գոմղայա, Մեշթէ, Այն-ըլ Հոր գիւղերը 1904-էն ետք չեն յիշատակուիր: 1911-ին Արֆալի ունէր 23 տուն կամ 117 անձ, Եամատիէ 5 տուն կամ 31 անձ, Կոչի՝ 14 տուն կամ 99 անձ: Միւսերէն տուեալներ չկան: Մեծ Եղեռնին բոլոր հայերը կը տարագրուին: Զինադադարէն ետք կը վերականգնի միայն Արֆալի գիւղը տասնեակ մը ընտանիքներով:
ԼԱԹԱՔԻԱ, ԱՐԱՄՈ ԵՒ ՂՆԵՄԻԷ. ասոնց մօտիկ կը գտնուէին Քընսըպպա, Այնթընթաշ եւ Էնկըզիկ գիւղերը, ուր տակաւին քանի մը բնիկ հայ ընտանիքներ կը գոյատեւէին: Տարագրութենէն առաջ Լաթաքիա կը նստէր երուսաղիմապատկան վանքի եւ հոգետան տեսուչ վարդապետը, որ նաեւ կը վարէր Անտիոքի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդի պաշտօնը: Վերապրող տեսուչ Մովսէս վրդ. Ոսկերիչեան 1919-ի ամռան կը վերադառնայ իր աքսորա¬վայրէն: Ըստ անոր՝ Լաթաքիոյ հայ գաղութը 5 Նոյեմբեր 1915-ին, տարագրութեան օրը, ունէր 136 հայ բնակչութիւն: 6 Յունիս 1919-ին Մովսէս վրդ. Ոսկերիչեան նախկին գաղութէն կը գտնէ միայն 10 վերապրող: «Ասոնք գրեթէ բոլորն ալ արաբախօս են եւ կորսնցուցած իրենց ազգ. զգացումները, բացի մէկէն, որը հայախօս է» կը գրէ տեսուչը («Լաթաքիոյ հայ գաղութը», Սուրիահայ տարեցոյց, 1925, Բ. տարի, էջ 218-219):
1911-ին Արամո ունէր 62 տուն կամ 352 անձ բնակչութիւն: Տարագրութեան կը զոհուի կէսէն աւելին: Ղնեմիէ գիւղի մասին Մովսէս վրդ. Ոսկերիչեան կը գրէ, «Ղնեմիէ գիւղին ընդհ. ժողովրդեան ցանկը, որ գաղթականութենէ առաջ 72 տուն կամ 392 անձ էր, այժմ՝ գաղթականութենէ վերադարձած 47 տուն կամ 174 անձ մնացած ըլլալը կը հաստատեմ»:
ՔԵՍԱՊԻ ՇՐՋԱՆԱԿ. հոս կը մտնէին լրիւ հայաբնակ Քեսապ, Գարատուրան, Պաշորտ, Սեւ աղբիւր (Գայաճըք), Ներքի գիւղ (Էսկիւրէն) ու Խայիթ, Չինար, Չագալճըք, Տուզաղաճ, Քէօրքիւնէ, Էքիզօլուք, Վերի Պաղճաղազ, Վարի Պաղճաղազ ու Չաթալլէք, մասամբ հայաբնակ Տեսթիւր գիւղերը: 1911-ին, ըստ Մովսէս վրդ. Ոսկերիչեանի մարդահամարին, Քեսապ եւ իր գիւղերը ունին 1157 տուն՝ 6115 անձ բնակչութիւն (Յակոբ Չոլաքեան, Քեսապ, Ա. հատոր, Հալէպ, 1995, էջ 53): Մեծ թիւ կը կազմէին մինչեւ Աղեքսանդրէթ, Հալէպ ու Լաթաքիա աշխատանքի մեկնած քեսապցի ընտանիքները, որոնք տարուան որոշ եղանակներուն միայն շրջան կը վերադառնային: Այսպէս՝ 1914-ին Պոլսոյ Պատրիարքարան հասած թիւ մը կու տայ 8738 անձ, մինչ ուրիշ աղբիւր մը 13.450 անձ:
Քեսապցիները 1915-ին կը տարագրուին երկու ուղղութիւններով՝ Համա-Տէր Զօր եւ Համա- հարաւ: Վերապրողները իրենց տուն ու տեղին կը վերադառնան 1918-ի վերջերէն մինչեւ 1920 թուականը: 1921-ին ունի 2500 վերապրող անձ:
ԵԱԳՈՒՊԻԷ ՈՒ ԳՆԻԷ. 1911-ին Եագուպիէն ունի 152 տուն կամ 791 անձ, իսկ Գնիէ գիւղը՝ 120 տուն կամ 610 անձ: Հոս տարագրութեան հրամանը չի հասնիր: Գնիէ ամբողջապէս լատինացած գիւղ էր, լատին հայրերը ամեն ճիգ կը թափէին նաեւ Եագուպիէն ձեռք բերելու: Երկու գիւղերն ալ արաբախօս էին: Հաւանաբար ասոնք ալ պատճառ հանդիսացած են, որ անոնք իբրեւ ոչ- հայեր չտեղահանուին:
ՀԱԼԷՊ. Կիլիկիոյ աթոռին միակ առաջնորդական թեմն էր, որ գործեց պատերազմի ընթացքին: Պատերազմի տարիներուն կը պատահէին ձերբակալութիւններ ու մասնակի աքսորներ, բայց գաղութի մեծամասնութիւնը իր բան ու գործին էր, մանաւանդ հայ արհեստաւորները պէտք էին բանակին: Կը գործէր Մազլումեաններու Պարոն պանդոկը, որ զբաղեցուցած էր Ճեմալ փաշան իր սպայակոյտով, Ասատուր Ալթունեանի հիւանդանոցը, որ գլխաւորաբար կը ծառայէր բանակի կարիքներուն: Քաղաքի հիւսիսարեւմտեան հարթութիւններուն՝ Սեպիլի մէջ տեղակայուած էին տարագիրներու վրանները, ուրկէ հազարաւորներ կը քշուէին դէպի Համա եւ աւելի հարաւ եւ դէպի Մեսքենէ ու Տէր Զօր:
ԴԱՄԱՍԿՈՍ. տեղւոյն հայութիւնը չի տարագրուիր: Դամասկոս կը դառնայ դէպի հարաւ քշուող հայ տարագիրներու մեծ գաղթակայան: պատերազմէն առաջ եւ ընթացքին կը հովանաւորուէր հայ առաքելական եւ կաթողիկէ հովուապետերու կողմէ: 1917-ի Նոյեմբերին Դամասկոս կը տարագրուին նաեւ Երուսաղէմի հայոց Սինոտի անդամներն ու հոն գտնուող այլ երեւելի հոգեւորականներ, ինչպէս Սսոյ Սահակ Բ. կթղ. Խապայեանը, Գարեգին եպս. Խաչատուրեանը, Մաղաքիա եպս. Օրմանեանը, Կարապետ արք. Մազլըմեանը, Եղիշէ եպս. Չիլինկիրեանը եւ այլն:
ՏԷՐ ԶՕՐ. հին գաղութը Պատերազմէն առաջ կազմուած էր 20 կաթողիկէ ընտանիքներէ, որոնք 1885-էն իվեր ունէին իրենց եկեղեցին եւ դպրոցը: Կային նաւ 3-4 առաքելական ընտանիքներ: Պատերազմի տարիներուն դէպի Սուրիա եւ Միջագետք քշուած հայ տարագիրներուն գլխաւոր աքսորավայրերէն մէկը կը դառնայ Տէր Զօրի մութասարրիֆութիւնը: Հարիւրհազարաւոր հայ աքսորականներ կը հասնին Տէր Զօրի անապատները: Տեղւոյն հայերը չեն տարագրուիր. կ’ըլլան ձերբակալութիւններ եւ սպանութիւններ. կը տարագրուի եւ կը սպանուի նաեւ տեղւոյն հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Պետրոս վրդ. Թերզիպաշին: Եկեղեցին կը փակուի: