ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպարհիմ Ռայիսիի հետ։ Ըստ Թեհրանի՝ երկու ղեկավարները քննարկեցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցեր։
«Մենք կ՛ընդգծենք, որ տարածաշրջանի հարցերը պէտք է լուծուին տարածաշրջանին մէջ եւ տարածաշրջանի երկիրներու աշխոյժ մասնակցութեամբ․ արտաքին միջամտութեան կարիք չկայ», ըսաւ Ռայիսի։
Այս վերջինը մատնանշեց նաեւ, որ Անգարա եւ Թեհրան պէտք է սերտօրէն համագործակցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նպատակով։ Ան համոզուած է, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հիմնական սկզբունքը երկիրներու ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքն է։
Էրտողան, իր կարգին, կարեւոր նկատեց երկու երկիրներու համագործակցութիւնը՝ յատկապէս տնտեսութեան եւ ապահովութեան ոլորտներուն մէջ։ «Տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ կը գերիշխէ համագործակցութեան գաղափարը եւ վերջին այցելութիւնները եւ խորհրդակցութիւնները ցոյց կու տան անոր յաջողութիւնը», ըսաւ ան։