ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն անգամ, երբ տարեդարձի մը ներկայ գտնուիմ եւ կամ անոր մասին խօսուի, կեանք կոչուած այս առեղծուածին դիմաց, ինքնաբերաբար տրամադրութիւնս զիս տարբեր ուղիներ կ՛առաջնորդէ: Ու այս առթիւ, բարի մաղթանքներուս մէջէն, երբեմն ես ինծի հարց կու տամ, թէ ի՞նչ է այս տարիք ըսուածը, որ աստուածային հաճելի ու մեծ պարգեւ մը ըլլալով հանդերձ, շատ յաճախ ալ շատերու համար ճիշդ հակառակը` տխուր, անկանոն շարուածքով, տաղտկալի ու տաժանելի տարիներու գումար մըն ալ է:
Ողորմած մօրս համաձայն, «Տարիք ըսուածը, մեղա՜յ, քա, մեղա՜յ…, աչքդ գոցէ բաց… տե՛ս, արդէն երէկուան չոճուխները մարդ դարձած են…»:
Կեանք եւ տարիք` իրարու ամրօրէն առընչուող այս երկուորեակները, իսկապէս որ բարդ բաներ են, անհասկնալի եւ նոյնքան ալ հասկնալի, սակայն նաեւ` սարսափելի: Պաշտելի ու նոյնքան ալ` յաճախ անհանդուրժելի:
Բայց, ինչեր ալ ըսուին սա կեանք ըսուածին մասին, ան միշտ մնացած է եւ տակաւին կը շարունակէ մնալ բոլորին համար անուշ բան մը, հաճելի է, եւ որ կ՛արժէ զայն ապրիլ:
Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, այսօր այս եւ նման յառաջաբանով մը սկսայ:
Յիշեցի: Տարեդարձս է: Բայց` որո՞ւ հոգը:
Եթէ տասնամեակներ առաջուան մանուկ տարիքս ունենայի, անկասկած որ տարբեր օր մը եղած պիտի ըլլար ինծի համար: Իսկ հիմա… «ժի՛ր եղէք, եւ մի՛ ծերանա՛ք», կը թելադրեմ միայն: Անոր համար ուզեցի քանի մը տողերով փնտռել գեղեցիկն ու ճշմարիտը, կշռել արդարն ու անիրաւը եւ այս ձեւով ես զիս դատել:
Տարեդարձիս առաւօտն է, ու յանկարծ կ՛ուզեմ իմ անկիւնէս դուրս գալ: Կ՛ուզեմ փնտռել անձս: Կը կրկնեմ` մարդ ինքն իր մէջ պէտք է փորձէ նայիլ` ինքզինք ճանչնալու համար:
Օրերս կ՛անցնին ու կը կրկնուին: Ու կ՛ուզեմ գրել: Ըրածս, սակայն, ծուլութիւն չէ: Շատ հաւանաբար իրականութենէն տեսակ մը խուսափում` վախնալով, որ էջերու սահմաններով պիտի չկարենամ ինքզինքս բացայայտել, որովհետեւ արդէն իսկ համարձակութիւնս իր յստակ սահմանները ունի, գծած է ու այս ձեւով արգելք է մտքիս անկանոն խոյանքներուն:
Գիտեմ, որ բոլորին նման, օրերս ալ կապուած են առօրեայ մտահոգութիւններուն: Այսպէս, քանի տարիներս կ՛աւելնան, ամէն բանի մասին սկսած եմ իբրեւ հետաքրքիր երեւոյթ նայիլ: Ճակատս, տարիներէ ի վեր, արդուկը անցած տաբատիս ակօսներուն կը նմանի, իսկ մազերս ալ պատկառելի ճերմակութիւն մը ստացած են: Օրերուս նման, անտող են նաեւ ժամերս ու տրամադրութիւններս:
Ու ջիղերու ներքին պայքարն է, որ կը տկարացնէ սիրտս: Եւ որովհետեւ ուզած եմ ուրախ ապրիլ, անոր համար երազած եմ` հաւատալով, որ իրականութիւն ըսուածը երազէն է, որ կը ծնի: Կը զգամ, թէ հոգիէս բան մըն է, որ կը փոխուի:
Անոր համար, մանաւանդ այսօր, հին օրերու գեղեցիկ եւ լեղի յուշերու թարմացումով մը կ՛ուզեմ վերապրիլ: Այս վայրկեանին իսկ կ՛ուզեմ յիշել հինը, անուշը, սէրն ու թախիծը, որոնց պատերուն տակ երիտասարդութիւնս մեծցաւ:
Կ՛ուզեմ գրել:
Կը գրեմ հոգիս լեցնելու համար: Սակայն գրելու համար, կը կարծեմ, որ կարելի չէ ընտրել ո՛չ օրը եւ ո՛չ ալ ժամը, որովհետեւ մտածումը կու գայ ամէն վայրկեան, գիշեր կամ ցերեկ:
Ամէն դժուարութիւն եւ դժբախտութիւն տարիքիս կը կապեմ: Անձէն խուսափելու լաւագոյն միջոցը` թերեւս: Կ՛ուզեմ հաւատք փոխանակել. բայց կը զգամ, որ անօգուտ կը թուի, որովհետեւ ծանր պայքարեցայ կեանքիս այս հեւքին մէջ` բան մը պահելու համար:
Այսօր, վերջապէս ներքին ու ծածուկ խռովքիս հետ, հանդարտ անկեղծութիւն մըն ալ կայ մէջս: Կ՛ուզեմ այս մէկը խոստովանիլ, որ շատերուն նման` ես ալ իմ հացս գրական քրտինքին հետ կապելս իսկապէս զիս դէպի յուսախաբութիւն առաջնորդած եւ երբեմն ալ դէպի դժբախտութիւն տարած է:
Տարիներէ ի վեր ժամանակներս իրենք իրենց մէջ սեղմուած են արդէն: Թէեւ ժամանակը լրանալիք չունի, բայց հոգիս գտնելու համար երբեմն կայան մը կը փնտռեմ: Այսքան երկար տարիներ ետք, վերջապէս այս բոլորը կրցած եմ մտքիս ծոյլ թափառումներով յանգիլ եզրակացութիւններուն:
Տակաւին կը յիշեմ, որ շատ յաճախ համբերատար աշխատանքս արդարացնելու բոլոր յոյսերս ցնդած են: Յաճախ, կը զգամ արդէն, որ տարիքիս հետ, մանուկի մը յափշտակութիւնը կայ աչքերուս մէջ:
Բոլոր տարեկիցներուս նման` ես ալ, ընտանիքէս ետք, հայրենիքովս ու ծննդավայրովս կը խանդավառուիմ, եւ յաճախ այս երկուքին կարօտն է, որ զիս կը բռնէ լալու աստիճան:
Ամէն օր, երբ մտնեմ նոր օրուան մը կեանքին մէջ, կը զգամ, որ արդէն ինքնաբերաբար կամաց կամաց մտած եմ հին սերունդի սահմաններէն ներս: Կը փորձեմ ուղիղ տանիլ գիծը ու լուրջ սեղանին մօտեցնել ամէն հարց կամ տագնապ:
Հաստատ գիտեմ, որ որոշ տարիքէ ետք դժուար է բռնել կեանքը: Կը հաւատամ նաեւ, որ այս սահմաններուն մէջ կարեւորը հոգեկան կապը պահելն է: Թէեւ իմ մասիս խօսիլը ծանր է եւ քրտինքոտ, սակայն պատշաճութեան պէս բան մըն է կատարածս ու մտածումներուս կապոյտ, երբեմն ալ պղտոր լիճին մէջ անձս յարգողի յանձնառութեամբ, այս տողերս կ՛ուզեմ հաւաքել:
Ու անտարակոյս կ՛ուզեմ բաժնել նաեւ հաճոյքը: Երեւոյթը գեղեցիկ պէտք է տեսնել, կ՛ըսեմ բոլորին:
Սակայն… Ու երկարօրէն կը մտածեմ մերիններուն, հարազատներուս ապագայի մասին: Կը մտահոգուիմ գաղութովս ու միշտ կը կրկնեմ` առոյգ եւ առանձին ուժ պէտք է գաղութին մէջ տոհմիկ ջերմութիւնը պահելու համար:
Ստիպուած ենք կորսուած սերունդներուն մասին մտածել, որպէսզի մեր հաւատքը ջերմանայ: Այս է, որ հետզհետէ կը ծանրացնէ մեր կեանքը: Սփիւռքի մէջ կ՛աշխատինք պահել այն ճամբան, ուրկէ մեր նախնիները անցած են:
Կը զգամ, թէ նպատակն է, որ հետզհետէ կը մաշի: Թէեւ մեր քայլերուն մէջ վստահ բան մը կայ, սակայն շատերուն մօտ ապագայի նկարը մաշած կ՛երեւի: Կը մաշի նաեւ յոյսը, եւ մենք կամաց կամաց կը փոքրանանք, ու սերունդը արագ կը կորսուի` իրեն հետ կիսելով նաեւ հայ ժողովուրդի հոգին:
Այս բոլորը` անոր համար, որ գաղութի բազկերակը երբեմն կանոնաւոր չէ: Ի՜նչ լաւ է հաւատքը: Ան արդէն երկար ատենէ ի վեր հոգեկան սահմաններուս մէջ մտած է: Յաճախ կ՛ըսեմ` երջանիկ պէտք է զգալ սփիւռքեան տարածքին մենք` ապրողներս, մեր զաւակները հայ տեսնելով:
Ինքնաբուխ հիացում մը ունիմ նման իրականութեան դիմաց: Թերեւս ես այն բախտաւորներէն եմ, որովհետեւ մեր տան մէջ նոր պատուհաններ բացուած են: Ինծի համար նման ճշմարտութիւնը տեսնել` նպատակին հասնիլ կը նշանակէ:
Տարիներէ ի վեր ես ալ նոր սերունդին հաւատք կապած եմ, որովհետեւ թէեւ քիչ, սակայն շատ յաճախ լաւ բաներ կը կատարուին մեր ժողովուրդի փոքր ածուին մէջ, ու յանկարծ հպարտութիւն մը կը ծնի: Նոյն այս հպարտութիւնը կու գայ անոնց, որոնք կը ստեղծեն, եւ ոչ թէ` անոնց, որոնք կը ձգտին, որ ստեղծուի:
Այս բոլորը կ՛ըսեմ տարեդարձիս առաւօտուն, որովհետեւ կը հաւատամ, որ իմը այսօրն է, իսկ վաղը` Աստուծոյս: