ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
**
Դիմացի սրճարանի մայթին վրայ դրուած սեղաններէն մէկուն առջեւ նստած, սեւ ակնոցներով, բարձրահասակ, մոխրագէս, կարճ մօրուքով մարդ մը, նայուածքը յառած հանդիպակաց տան պատուհանին, սուրճը ումպ – ումպ կը խմէր:
**
Երեք աղջիկէ յետոյ այդքան սպասուած մանչ զաւակն էր, որ ի վերջոյ պիտի գար հօր մականունը պահելու:
Ամբողջ գերդաստանը աչքալոյսի եկաւ իրենց տունը նուէրներով բեռնաւորուած:
Նորածինը ընտանիքին մէջ բոլորին սիրոյն եւ գուրգուրանքին առարկան էր: Տան գահաժառանգն էր եւ զինք աստուածացուցած էին:Աղջիկները մէկ կողմ մնացած էին:
Անոնցմէ ամենէն շատ տառապողը Սօֆիան էր, ամենափոքրը, որ մէկ օրէն միւսը գահընկեց եղած էր. բայց իր քոյրերուն համար իրենց փոքրիկ եղբայրը իսկական պուպրիկ մըն էր, զոր ձեռքէ -ձեռք կը խլէին:
Վիգէն շատ ճերմակ մորթով, շիկահեր եւ կանաչ աչքերով, մսեղ, հաստ շրթունքներով գեղադէմ մանկիկ մըն էր:
-Ողորմած մօրս կը նմանի տղաս, – կ’ըսէր հայրը թէ՛ ուրախ եւ թէ՛ տխուր, որ իր մայրը բախտը չէր ունեցած մանչ թոռնիկը տեսնելու:
Երբ Վիգէն չափահաս եղաւ եւ համալսարանական ուսումն ալ աւարտեց, հայրը իր քով առաւ զինք որպէս հաշուապահ, որպէսզի կամաց -կամաց վարժուի իրենց գործի գաղտնիքին եւ ապագային այդ հիւսուածեղէնի գործարանը ինք յանձն առնէ:
Սկզբնական քանի մը տարիներուն մեծ խանդավառութիւն ցուցաբերեց Վիգէն: Իր իրաւասութեան սահմանները սկսած էր ընդարձակել եւ կամաց –կամաց իր ձայնն էր, որ սկսած էր ուժեղ հնչել գործաւորներու ականջին:
Հայրը ներքուստ ուրախ էր եւ հպարտ, որ իր երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքին արդիւնքը եղող գործարանը՝ ձեռներէց եւ պատասխանատու անձ մը պիտի վարէր այսուհետեւ :
-Ես ա՛լ տարիքս առի. հիմա կ’ուզեմ քու քովդ ըլլալ կնի՛կ: Այս մեր վերջին տարիները միասին անցընենք, մեր կէս մնացած երազները իրականացնենք- կ’ըսէր կնոջ խանդախատանքով:
Երկու մեծ աղջիկները արդէն ամուսնացած էին : Սօֆիան կ’ուսանէր տակաւին:
Սակայն սկզբնական տարիներու շրջանին Վիգէնին ցոյց տուած վառ խանդավառութիւնը սկսած էր խամրիլ:
Սկիզբը սովորական թուեցաւ ասիկա հօրը համար, որուն աչքէն բան չէր վրիպեր: Ինք օրական մի քանի ժամ կ’երթար գործի աչք մը նետելու համար եւ վստահ ըլլալու, թէ ամէն բան ծրագրուած ձեւով կը գործադրուէր:
Վերջին ամիսներուն աւելի զգալի դարձածէր Վիգէնին յոգնածութիւնը, անքնութիւնը, անտրամադիր եւ դիւրաբորբոք վիճակը:
Հայրը սկսաւ մտահոգուիլ, երբ գիշերները տղան շատ ուշ կը վերադառար եւ յաջորդ օր դժուարութեամբ կ’արթննար:
Այս ուշացումները վերածուեցան ամենօրեայ սովորութեան: Յարգելով իր տղուն տարիքը, հայրը չէր ուզեր անոր մտերմիկ եւ անձնական կեանքին միջամուխ ըլլալ:
Բայց, երբ գործարանը սկսաւ եկամուտի խախտում արձանագրել եւ փոխանակ շահի, սկսան կորուստ ունենալ, հօրը համբերութիւնը իր սահմանէն անցաւ:
-Տղաս, ի՞նչ կը պատահի քեզի: Ինչու՞ սկսանք վնաս ունենալ, երբ մինչեւ հիմա մեր գործը իւղի պէս սահուն կ’ընթանար:
–Պապա՛ , ապրանքներուն գիները բարձրացած են: Կարգ մը յաճախորդներ, երկրի տնտեսական աննպաստ վիճակին պատճառով, դադրեցան մեզմէ գնելէ, կը նախընտրեն քանակ, քան թէ որակ, – այս եւ նման յերիւրածոյ պատճառաբանութիւններով, Վիգէն կը փորձէր հայրը համոզել:
Բայց հայրը այս գործին մէջ եփած, կոփուած մարդ էր. դիւրին չէր մարսեր նման կեղծ ու պատիր արդարացումներ :
Օր մը , գաղտնօրէն իր տղուն հետեւեցաւ ինքնաշարժով , երբ տղան տունէն ելաւ :
Քաղաքէն բաւական հեռու, «Լա Ֆարօլա» հսկայ քազինոյին գունաւոր լոյսերը կը ճաճանչէին: Կը լսուէր երաժշտութիւն, աղմուկ: Ապակեպատ եւ ոսկեգոյն բարձրադիր դուռը անդադար կը բացուէր, կը գոցուէր, շքեղօրէն հագուած կիներ, այրեր, կը մտնէին, կ’ելլէին: Ինքնաշարժներու բանակ մը շարուած էր չորս դին: Այստեղ բոլորովին տարբեր քաղաք մըն էր:
Վիգէն ինքնաշարժէն իջաւ, աչք մը պտըտցուց մը չորս դին ապա կորսուեցաւ այդ փառաւոր շէնքէն ներս:
– Հը՜… մրմռաց ակռաներուն տակէն հայրը, – ահա գտանք դժոխքին եւ կորստեան ճամբան:
–
Տուն վերադարձաւ ծանր սրտով: Կնոջ բան չպատմեց:
Ամբողջ գիշերը մտածեց առնելիք քայլին մասին: Բայց չուզեց աճապարել: Պիտի խօսէր իր տղուն հետ:
Քիչ մը փութկոտ եղած էր գործարանը իր զաւկին անունին արձանագրելու: Բայց հիմա կատարուած իրողութիւն մըն էր այլեւս. ետդարձ չկար:
Յոյս ունէր, որ տղան օր մը կը սթափի այս թմբիրէն եւ կը վերադառնայ դէպի ուղիղ ճամբան: Պէտք չունէր խուճապի մատնուելու:
Քանի մը օր յետոյ, յարմար առիթ մը գտաւ տղուն հետ առանձին դուրսը ճաշելու եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց:
Տղան լուռ մտիկ ըրաւ. ոչ հերքեց հօրը ըսածը եւ ոչ ալ խոստացաւ հրաժարիլ իր առօրեայ հաճոյքէն, որ այլեւս մոլութեան վերածուած էր:
Պարտքերը սկսած էին դիզուիլ:
Վիգէն որոշեց զատ յարկաբաժին մը փոխադրուիլ: Կը խուսափէր ամէն օր հօրը հանդիպելէ:
Հայրը իր կարգին՝ կը զգար, թէ իր ձեռքէն կը փախչէր իր նախկին հեղինակութիւնը յաչս զաւկին եւ գործաւորներուն: Չէր ուզեր առաջուան պէս ամէն օր գործատեղի երթալ: Տղուն հետ յաճախ բախումներ կ’ունենար եւ ջղայնացած տուն կը վերադառնար:
Կը նախատեսէր գալիք աղէտը. կեցած էին խորունկ վիհի մը եզերքը,եւ որեւէ վայրկեան կրնային անոր մէջ գլորիլ, եթէ տղան իր այս կործանարար մոլութենէն չհրաժարէր:
Բարեբախտաբար խոհեմութիւնը ունեցած էր օրին՝դրամատան մէջ անձեռնմխելի, որոշ գումար մը պահ դնելու:
Անցած էին տարիներ :
Գործարանը եւ հայրը պատմութեան կը պատկանէին այլեւս: Իսկ Վիգէն կորսուած էր գործարանին բանալիները պարտատէրերուն յանձնելէ անմիջապէս յետոյ: Ոչ մէկ լուր իրմէ:
Տան մէջ մնացած էին Սօֆիան եւ իր մայրը որ թէ՛ ամուսնին մահը կը սգար եւ թէ՛ նոյնքան, կամ աւելի տղուն անհետանալը:
Սօֆիային ուշադրութիւնը գրաւեց այս մարդուն հետաքրքիր նայուածքը՝ ուղղուած իրենց տան: Եթէ ակնոցները չըլլային…, թերեւս ծանօթ անձ մըն էր, որ չէր ուզեր իր ինքնութիւնը յայտնել :
Յանկարծ մարմնէն պաղ սարսուռ մը անցաւ : Վիգէնը չ՞էր:
Ակնթարթի մը մէջ երկու հակադիր զգացումներ արթնցան իր մէջ եւ սկսան իրարու հետ մարտնչիլ ուժգնօրէն. կարօտ եւ դառնութիւն: Ան պատճառ եղած էր իրենց հօրը մահուան: Բախտախաղի սեղաններուն վրայ կորսնցուցած մեծ գումարները , որոնք տարիներու խնայողութեամբ գոյացած էին, օրերու, շաբաթներու ընթացքին ցնդած էին անդարձ կերպով, եւ զիրենք սնանկութեան գիրկը նետած:
Հօրը վախը իրականացած էր. գլորած էին այդ խորունկ անդունդին մէջ:
Սօֆիա հապճեպօրէն իջաւ սանդուխներէն եւ վազելով դուռը բացաւ:
Հոն էր Վիգէնը, ակնոցները հանած՝ քոյրը կը դիտէր անձկագին, յանցաւորի նայուածքով, բայց չէր յանդգնէր անոր մօտենալու:
Սօֆիան էր, որ վազեց եւ կարօտագին փաթթուեցաւ իր մէկ հատիկ, անառակ, բայց իր քաղցր եղբօրը, համբոյրներով եւ արցունքներով ողողելով անոր դէմքը: