Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2021-ի յունիս ամսուան սպառողական ապրանքներուն սակերը 9,71 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2021-ի մայիս ամսուան սակերուն:
Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճին համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով.
– Պէյրութի մէջ` 7,03 առ հարիւր:
– Լեռնալիբանանի մէջ` 9,43 առ հարիւր:
– Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 10,96 առ հարիւր:
– Պեքաայի մէջ` 9,62 առ հարիւր:
– Հարաւային Լիբանանի մէջ` 12,23 առ հարիւր:
– Նապաթիէի մէջ` 9,66 առ հարիւր:
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հրապարակած տեղեկագիրին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ 2021-ի յունիս ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերուն ցուցանիշը 100,64 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` բաղդատած 2020-ի յունիս ամսուան: Իսկ տարուան առաջին կիսուն, այլ խօսքով` առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին սպառողական ապրանքներու սակերը 46,10 առ հարիւրի աճ արձանագրեցին: