ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՕՐԱԳԻՐԸ- 2 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յայտնեց, թէ օրուան ընթացքին Ազրպէյճան խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի դրոյթները ռմբակոծած է Արցախի շարք մը քաղաքացիական բնակավայրեր ու ենթակառոյցներ: Ռմբակոծումներուն հետեւանքով զոհուած են երկու քաղաքացիներ:
Ռազմական գետնի վրայ, երեկոյեան ժամը 18.10-ի սահմանները, ազերիները հրետանիներու միջոցով ռմբակոծեցին Հայաստանի հանրապետութեան զինեալ ուժերու դիրքերուն եւ Դաւիթ Բեկ բնակավայրի ուղղութեամբ: Ռմբակոծութեան հետեւանքով մահացաւ անձ մը: Երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Թշնամին Արցախի խաղաղ բնակավայրերը հարուածելէ բացի, հրկիզող հրթիռներ կ’արձակէ Արցախի գրեթէ բոլոր շրջաններու անտառային գօտիներուն ուղղութեամբ:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստագոյնս եւ վճռականօրէն դատապարտեց խաղաղ բնակչութեան վրայ միջազգայինօրէն արգիլուած ֆոսֆորային ռումբի օգտագործումը:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուող մարտերուն նահատակուած 11 զինծառայողներու անուններ:
Արցախի կանայք, Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմին Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան սանձելու պահանջով բողոքի հաւաք մը կազմակերպեցին Հայաստանի մէջ Մ. Նահանգներու դեսպանատան առջեւ:
Ռուսական « Взгляд » օրաթերթը իր Երկուշաբթի օրուան համարով գրած է՝ Արցախի գոյութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի Ռուսիոյ անվտանգութեան եւ աշխարհաքաղաքական շահերուն համար:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ վարձկաններու եւ ահաբեկիչներու մասնակցութիւնը Արցախի դէմ ծաւալած ներխուժումին սպառնալիք է ոչ միայն Արցախի եւ Հայաստանի, այլեւ՝ միջազգային անվտանգութեան եւ այս հարցը պարտի դառնալ միջազգային հետաքննութեան օրակարգ:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Ժերալ Տարմանէ մօտակայ օրերուն Մոսկուա պիտի այցելէ, քննարկելու ահաբեկչութեան եւ արմատականութեան հետ առնչուած հարցեր:
Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւուտողլու յայտարարեց, որ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանը պսակաւոր ժահրէն աւելի մեծ վտանգ կը ներկայացնէ: « Եւրոպայի եւ աշխարհի համար ամենամեծ վտանգը բռնապետութիւնն է, ան կը տարածեն պարոն Էրտողանի նման առաջնորներ». զգուշացուց Տաւուտօղլու:
«Արմենփրես» վկայակոչելով Թուրքիոյ արտածումներու խորհուրդին պաշտօնական կայքէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, հաղորդեց, թէ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Ազրպէյճան 101 միլիոն 209 հազար տոլար արժողութեամբ ռազմաօդային արտադրանք գնած է Թուրքիայէն: