Երեքշաբթի, 13 Փետրուար, 2018-ի երեկոյեան, Դամասկոսի Սբ. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը: Յետ երեկոյեան հանդիսաւոր ժամերգութեան, թեմիս բարեջան Առաջնորդ Տէր Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեանը, իր քարոզով հաւատացեալներուն փոխանցեց Տեառնընդառաջի խորհուրդը եւ անոր հետ կապուած ժողովրդական սովորոյթներն ու աւանդութիւնները: Նախատօնակի Արաողութեան ներկայ էին նաեւ Դամասկոսի Հոգեւոր Առաջնորդ Սրբազան Հայրեր:
Յետ արարողութեան եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ տեղի ունեցաւ նախապէս պատրաստուած խարոյկի հրավառութիւնը, երբ Սրբազան Հայրը, քոյր եկեղեցիներու Եպիսկոպոս Առաջնորդներուն ուղեկցութեամբ եկեղեցւոյ սուրբ խորանէն բերուած կրակով լուցեց աւանդական խարոյկը:
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս 14 Փետրուար, 2018