Երէկ Ուեսթմինիսթըր Ապիի մէջ տեղի ունեցաւ Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան 2000 հրաւիրեալներ, ներառեալ միջազգային ղեկավարներ եւ տարբեր թագաւորներ: Հիւրերուն շարքին էին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Ճափոնի Նաուհիթօ կայսրն ու Մասաքօ կայսրուհին, Յորդանանի Ապտալլա թագաւորն ու Ռանիա թագուհին, եւրոպական թագաւորական տոհմերու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, վեց բրիտանացի նախկին վարչապետներ:
Սուրիայէն, Վենեզուելայէն, Աֆղանիստանէն, Ռուսիայէն, Պիելոռուսիայէն եւ Միանմարէն ոչ ոք հրաւիրուած էր:
Բրիտանիոյ եւ աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր դիտողներ պատկերասփիւռի ճամբով հետեւեցան արարողութեան:
Լոնտոնի մէջ` հազարաւորներ հաւաքուեցան ճամբաներուն եզրին եւ պուրակներու մէջ իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու Բրիտանիոյ ամէնէն երկարատեւ գահակալած թագուհիին:
Արարողութեան աւարտին թագուհիի դագաղը անցաւ Պաքինկհամ դղեակէն, ապա ուղղուեցաւ Ուինտսըր դղեակ, ուր հետագային անոր մարմինը հանգչեցաւ իր ամուսինին մօտ, որուն հետ ամուսնացած էր 70 տարիներ առաջ: Չարլզ Գ. թագաւորը, գահաժառանգ Ուիլիըմ իշխանը, թագաւորի կրտսեր զաւակ Հարի իշխանն ու անոնց զաւակները հետեւեցան իրենց մօր ու մեծ մօր` Էլիզապեթ Բ. թագուհիի դագաղին:
Ուինտսըրի Ս. Գէորգ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ մէկ այլ արարողութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան շուրջ 800 անձեր:
Էլիզապեթ Բ. թագուհիին յուղարկաւորութիւնը Ուինսթըն Չըրչիլի մահէն ետք առաջին պետական յուղարկաւորութիւնն էր եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեծագոյնը: