Նախաձեռնութեամբ Լրատուամիջոցներու համաժողովները համակարգող խորհուրդին, հինգշաբթի, 30 յուլիսին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու տնօրէններու եւ խմբագիրներու տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցական նիստը:
Նիստին մասնակցեցան Համակարգող խորհուրդի Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի անդամները, Հայաստանի վարչապետի մամլոյ բանբերը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, Լիբանանի, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի եւ Պոլսոյ մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու պատասխանատուները:
Աւելի քան երկու ժամ տեւած խորհրդակցութեան օրակարգը կը վերաբերէր ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ լրատուամիջոցներու որդեգրած աշխատակարգերու հետ առնչուած խնդիրներուն, տեղեկագիտութեան նորարարութեան ընձեռած ներկայ կարելիութիւնները արդիւնաւէտ օգտագործելու, Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութեան վերջին գործողութիւններուն մասին լրատուութիւնները ներկայացնելու եւ տարածելու ճիշդ եղանակներուն, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ համահայկական լրագրողական ցանցերը մնայուն կերպով աշխատցնելու հրամայականներուն:
Տարածաշրջանային առցանց նիստերը պիտի շարունակուին. յաջորդ նիստը պիտի ներառէ եւրոպական տարածաշրջանը: Թուականի եւ օրակարգի մասին լրատուադաշտը վերահասու կ՛ըլլայ շուտով: