Ապրիլ 3-ին` ժամը 12:00-ին, ՀՀ նկարիչներու միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր շարժանկարներու միջազգային փառատօնի շնորհանդէս-ասուլիսը:
Հայաստանի մէջ իր տեսակով աննախադէպ փառատօնը նախաձեռնած են «Ֆորմիքա արթ փրոտաքշն» կազմակերպութիւնը եւ «Ծիածան» հասարակական կազմակերպութիւնը Արարատեան հայրապետական թեմի օրհնութեամբ:
Շնորհանդէս-ասուլիսի բանախօսները` փառատօնի նախագահ Շահէն Նազարենկոն եւ փառատօնի հոգեւոր պատասխանատու` տէր Եսայի քահանայ Արթենեանը ներկայացուցին փառատօնի առանձնայատկութիւնները, մանրամասներն ու փառատօնին շարժանկարներու ներկայացման կանոնակարգը:
Կազմակերպիչները կ’առաջարկեն կինոփառատօնի լիովին նոր ձեւաչափ, որ Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծէ ֆիլմի դիտման հանրային նոր մշակոյթ: Հոգեւոր, ընկերային ու համամարդկային հետաքրքրութեան խնդիրներ շօշափող շարժանկարները դուրս կու գան կինոսրահներէն ու իրենց դիտողը կը փնտռեն մարդաշատ վայրերու մէջ:
«Նախ` փառատօնը քննարկման փառատօն պիտի ըլլայ: Ամէն ֆիլմէ ետք մարդիկ հնարաւորութիւն պիտի ունենան արտայայտելու իրենց կարծիքը ֆիլմին մասին: Երկրորդ` ֆիլմերը հասանելի պիտի ըլլան բոլորին, եւ սա լոկ խօսքեր չեն: Ֆիլմերը պիտի ցուցադրուին հանրամատչելի վայրերու մէջ` Կարապի լիճի շրջակայքը, այգիներուն, եկեղեցիներու դահլիճներուն մէջ, այլ մշակութային օճախներու մէջ»,-նշեց փառատօնի նախագահ Շահէն Նազարենկոն:
Երեւանի եւ մարզերուն մէջ անվճար բացօթեայ ցուցադրութիւններն ու կինօ ճամբարները օրեր շարունակ տօնի պիտի վերածեն փառատօնի մասնակիցներու առօրեան: Շարժանկարներու մէջ բարձրացուած խնդիրներու շուրջ տարբեր մասնագէտներու մասնակցութեամբ բաց ու անկաշկանդ քննարկումներն ալ փառատօնի անբաժան մասը պիտի կազմեն: «Այս փառատօնը հնարաւորութիւն կու տայ տեսնելու եւ ճանչնալու տարբեր մարդոց` շարժանկարներու հերոսներու կամ բեմադրիչներու, որոնք իրենց հոգեւոր-բարոյական նկարագիրով ու պատմութեամբ արժանացած են ոչ միայն տուեալ շարժանկարի հերոսները ըլլալու, այլեւ մեզի վկաներ դարձնելու իրենց հոգեւոր ապրումներուն»,- նշեց տեր Եսայի քահանայ Արթենեան:
Փառատօնի առանձնայատկութիւններէն մեկն ալ սոցիալական յատուկ խումբերու ու սահմանափակ կարողութիւններով անձանց հետ աշխոյժ համագործակցութիւնն է: Հաշմադամութիւն ունեցող անձիք ոչ միայն պիտի մասնակցին փառատօնի բոլոր ձեռնարկներուն, այլեւ կ’ընդգրկուին կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ:
Փառատօնի իրականացման 10 օրերուն ընթացքին կինոդիտումներ ու զանազան ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին ինչպէս մայրաքաղաք Երեւանի տարբեր անկիւններուն մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի տարբեր գեղատեսիլ վայրերուն մէջ: Փառատօնի ընթացքին շարժանկարները պիտի ցուցադրուին ինչպէս մրցութային, այնպէս ալ ոչ մրցութային կարգով: Այսօր արդէն մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած են շուրջ 300 ֆիլմեր` 25 տարբեր երկիրներէ: «Այս փառատօնի առաքելութիւնն է հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու մասին խօսելու, կիսուելու, պատմելու: Առիթ է հասկնալու, որ հոգեւորի ու մշակոյթի տարրանջատումը, որ մեր օրերուն յատուկ իրողութիւն է, արհեստական է, իսկ ատոնց համադրումը` լաւագոյն միջոց երկխօսութեան»,-աւելցուց Տէր Եսայի քահանայ Արթենեան:
Փառատօնի մասին ամբողջ տեղեկութիւնը հասանելի է «Ֆրեսքոյի» պաշտօնական կայքէջին` www.fresco.am, էլեկտրոնային հարթակը հնարաւորութիւն կու տայ օնլայն հետեւելու իրադարձութիւններուն:
«Հայերն այսօրը» Ֆրեսքոյի փառատօնի տեղեկատուական աջակիցն է: