28 փետրուարին տեղի ունեցաւ տեսաժողով Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներու եւ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի շրջանի հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Հայաստանէն տեսաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներուն հետ կապերու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան եւ նախարարութեան աշխատակիցներ:
Ողջունելով տեսաժողովի մասնակիցները` նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան նշեց, որ արդէն որոշուած է համաժողովի կայացման յստակ ժամանակահատուածը, ուրուագծուած է քննարկուելիք հարցերուն շրջանակը, համաժողովի ձեւաչափը ենթարկուած է որոշ փոփոխութիւններու: Նախարարի տեղակալը կարեւոր նկատեց տեսաժողովի իւրաքանչիւր մասնակիցի կարծիքը եւ յոյս յայտնեց, որ անոնք հանդէս կու գան նոր առաջարկներով եւ կը ներկայացնեն իրենց դիտարկումները:
Սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան նշեց, որ համաժողովի նախագիծի նախնական տարբերակը պիտի պատրաստուի եւ ներկայացուի տեսաժողովի մասնակիցներուն:
Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայկական լրատուամիջոցներուն ներկայացուցիչները իրենց կարծիքներն ու առաջարկները ներկայացուցին համաժողովի ձեւաչափին եւ այլ հարցերու մասին: