ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ընդհանրապէս սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ համահայկական մարմինները կը ձեւաւորուին Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նախօրեակին:
Աւելի բծախնդիր եւ խստապահանջ ձեւով այդ մարմինները իրենց գործունէութիւնը կը կատարեն երբ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը ամեակի մը զուգադիպի: Հայաստանի անկախութենէն ետք սփիւռքը տարբեր փուլերով ձեւ եւ կերպարանք փոխեց:
Դէպի նախկին խորհրդային երկիրներ մեծ թիւով Հայաստանի բնակիչներու գաղթը, բնականաբար, նոր գաղութներու ծնունդ տուաւ, բայց ոչ` մեր դասական գաղութի հասկացողութեամբ: Այսինքն, աւանդական սփիւռքի կազմակերպութիւններու բացակայութիւնը, դպրոցներու ցանցի պակասը եւ մանաւանդ ազգային դաստիարակութեան եւ պատկանելիութեան հարցը այսօր փաստօրէն Ռուսիոյ եւ շրջակայքը գտնուող բոլոր երկիրներու մէջ գաղութներուն համար մեծ տագնապ եւ անոնք երեսի վրայ ձգուած ըլլալ կը թուին:
2008-ին, երբ Սփիւռքի նախարարութիւնը ստեղծուեցաւ, բացի այս գաղութներէն, միւս բոլոր գաղութներուն հանդէպ հետաքրքրութիւնը աւելի էր: Միջին Արեւելքի գաղութներուն պարագային Լիբանանը եւ Սուրիան սփիւռքի հիմնական գաղութներէն կը սեպուէին: Սուրիոյ պատերազմին պատճառով սուրիահայ գաղութը նախկին վիճակը չունի այլեւս: Իսկ Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական անկայուն պայմաններուն պատճառով գաղութը զգալի տեղաշարժի ենթարկուելու ընթացքի մէջ է:
Փաստօրէն, այսօր Հայաստանը նոր փուլի մը դէմ յանդիման է, եւ մենք բոլորս բնականաբար պէտք է ընդունինք, որ ետդարձ չկայ, բայց ապագան լաւ կազմակերպելու հրամայականը կայ: Այս հեռանկարով գաղութներու մէջ համահայկական մարմիններ ստեղծելու հրամայականը անհրաժեշտ է: Ֆրանսայի, Արժանթինի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի քայլերը պէտք է վարակիչ ըլլան այլ գաղութներու: Համահայկական օրակարգով համախմբուելու, մանաւանդ Հայաստանի շահերը ամէն բանէ վեր դասելով` պատմական ճգնաժամի թէ աւանդական ոգեկոչումներու, քաղաքական եւ տնտեսական նեցուկի եւ քարոզչական արշաւի համար համահայկական մարմինները իրենց ինքնուրոյն դերակատարութիւնը կրնան ունենալ: Նպատակը բոլորին մասնակցութիւնը ապահովելն է: Նպատակը բոլորին նպաստը ունենալն է: Մանաւանդ հաւաքական ճիգի իբրեւ արդիւնք նպատակը հայրենիքի օգտակար ըլլալն է:
Պէտք է այս հասունութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ համահայկական մարմիններ ստեղծուին ամէն տեղ: