ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ինչպէ՛ս բացատրեմ միտքս, որպէսզի չձգեմ այն տպաւորութիւնը, որ ժխտական կեցուածք ունիմ նախաձեռնութեան մը նկատմամբ, որ ինքնին սրտիս կը խօսի եւ շատ ողջունելի է:
Անցնող շաբաթներուն «Ազդակ»-ի էջերով տեղեկացուեցաւ, որ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ «Նորարար մշակոյթի ծրագիր» խորագիրին տակ զանազան տեսակի մշակութային, թատերական, նկարչական, ուսումնասիրական եւ այլ մարզերու մէջ շնորհալի եւ խոստմնալից երիտասարդներով ծրագիրներ սկսած են:
«Քորոնա»-ի համաճարակի, Լիբանանի տնտեսական տագնապի, երիտասարդութեան, մանաւանդ իրենք զիրենք փաստած տղոց գաղթի ալիքին դիմաց նման նախաձեռնութիւն մը իսկապէս քաջալերելի է եւ գնահատելի: Վերջին տարիներուն «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկի տնօրէնութիւնը ստանձնած է դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը, որ թէ՛ Միջին Արեւելքի, եւ թէ Հայաստանի մէջ աշխատանքի նոր ոճով մը կը փորձէ ընդհանրապէս արեւմտահայերէնի եւ յատկապէս հայկականութեան յատուկ ուշադրութիւն դարձնել:
Տակաւին առիթ կ՛ըլլայ այս քաղաքականութեան ընդհանուր գնահատականը տալու:
Տարբեր կառոյցներուն նման «Կիւլպէնկեան» հիմնարկն ալ իր տնօրէնով ստեղծած է աշխատանքի նոր եղանակ, նոր առաջնահերթութիւն եւ նոր մօտեցում:
Գնահատելով հանդերձ «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ի մասնակցողները եւ գաղափարը, կ՛ուզեմ միտքս հետեւեալ ձեւով բացատրել. Սփիւռքի մէջ գործող կառոյցները, այսինքն` եկեղեցիները, դպրոցները, կրթական եւ մշակութային հաստատութիւնները, մամուլը, հայագիտական ամպիոնները, հրատարակչատուները բոլորը միասին բուն ծառն են արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման: Այդպէս եղած ենք` գոհ եղած ըլլանք կամ դժգոհ: Այդպէս կը գործէ մինչեւ օրս` իր բոլոր բացթողումներով: Մնացած նախաձեռնութիւնները այդ ծառին վրայի զարդեղէններն են: Այսօր ծառը մնայուն է եւ տեւական, զարդեղէնները կրնան շատ լաւ ըլլալ, տպաւորել, ազդել, նոյնիսկ բան մը պահել ու պահպանել, սակայն հիմնականը ծառն է: Ծառին ալ պէտք է կարեւորութիւն տալ: Ծառին պէտք է գուրգուրալ, ոչ թէ ծառին հաշուոյն` միւսներուն:
Աւելի յստակացնեմ միտքս:
Վերոնշեալ մեր բոլոր կառոյցները մնայուն արժէքներ են: Պէտք չէ այդ կառոյցներուն տարիներու վրայ ներդրած նպաստները փոխարինեն նման նախաձեռնութիւններով:
Շատ կարեւոր են «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ներու նախաձեռնելն ու զանոնք հովանաւորելը, բայց ատոր գինը կրթական հաստատութիւնները պէտք չէ վճարեն: Աւելի ճիշդը` անոնք պէտք չէ ըլլան կրթական հաստատութիւններուն հաշուոյն:
Հաւանաբար խորթ թուի մտածածս, սակայն համոզուած եմ, որ մէկը միւսը ամբողջացնող ծրագիրներ են: Ուստի, եթէ պիւտճէ կայ երկուքին համար` շա՛տ աւելի լաւ, եթէ չկայ, ուրեմն ծառը աւելի կարեւոր է: