Հակառակ անոր որ Հայաստանի համապատասխան իշխանութիւններ, ըլլան անոնք կրթական ու մշակութային մարմիններ եւ մանաւանդ սփիւռքի նախարարութիւն, կրցան ու դեռ կը փորձեն կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնել սուրիահայերուն, բան մը, որ յոյժ գնահատելի է, բայց եւ այնպէս այդ բոլորը կը մնան անբաւարար: Ծննդավայրին նկատմամբ որուն կարօտախտ կայ բնականաբար:
Հալէպին համը տարբե՛ր է. Հասիճէին բոյրը ուրիշ տեղ չկա՛յ, ո՛չ ալ Հոմսի առօրեայ կեանքին հետ համեմատելու կարելիութիւն կայ: Այո՛, այս բոլորը կը փնտռուի սուրիահայուն համար եւ ան անոնց կարօտով է, որ կը շնչէ ամէն վայրկեան, պարզապէս անոր համար, որ կամքէ անկախ պատճառներով կը գտնուի անկէ հեռու, եւ պարտադրաբար հեռացած է իր սիրելի ծննդավայրէն` լքելով իր տունը, տեղը, պաշտօնը, գործը, հարազատներն ու ընկերները: Ան թողած է ետին իր սիրելի կենցաղային սովորութիւններն ու ապրելակերպը, եւ հիմա, շաբաթ առ շաբաթ, օր առ օր ու ժամ առ ժամ կարօտով կը բաղդատէ իր ներկան` անցնող տարիներուն հետ, երանի՜ կու տայ այն օրերուն` հաւատալով, որ անոնք պիտի վերադառնան ուշ կամ կանուխ: Սուրիահայերէն շատեր հաւանաբար շնչահեղձ ըլլային, եթէ չգտնուէին իրենց հայրենի հողին վրայ ու շրջապատուած չըլլային հարազատներով:
Ես ներքնապէս կ՛ապրիմ նախկին համաքաղաքացիներուս դժուար վիճակը Հայաստանի մէջ, նոյնպէս կը գնահատեմ Հայաստանի իշխանութիւններուն տրամադրած օժանդակութիւնները զանազան բնագաւառներու մէջ եւ կը հաւատամ, որ կարճ ժամանակի ընթացքին այսքան մեծ թիւով գաղթականներ ընդունիլն ու պատսպարելը հեշտ աշխատանք չէ, եւ թէ Հայաստանը իր ներկայ տնտեսական ոչ բարենպաստ պայմաններով գուցէ այնքան ալ հնարաւորութիւններ չունէր աւելին տրամադրելու անոնց:
Այսքանը թող ծառայէ ներկայացնելու սուրիահայերուն ընդհանուր իրավիճակը Հայաստանի մէջ: Այսօր, սակայն, ինչ որ չեմ նկատեր իմ ստացած յաճախակի լուրերուս եւ համացանցի միջոցով ստացած տեղեկութիւններուս ընդմէջէն, այն է, որ որեւէ ակնարկի կամ անդրադարձի չեմ հանդիպիր անոնց` Հայաստանի լիիրաւ քաղաքացիութիւն ստացած սուրիահայ ազգայիններու ընտրական իրաւունքներու հետ առնչուող հարցերուն մասին. կ՛ենթադրեմ, որ սուրիահայը, որ այժմ եղած է նոյնպէս «հայահայ»` հայաստանցի հայ, պէտք է եւ անհրաժեշտ է, որ հետաքրքրուի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող նախագահական ընտրապայքարով: Անոնք որպէս քաղաքացիներ` պէտք է հետաքրքրուին իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները կատարելու առումով, եւ որ գերագոյնն է: Պէտք է հետաքրքրուին, փնտռտեն, համոզուին եւ իրենց ձայնը տան նախագահական ա՛յն թեկնածուին, որ Հայաստանի գերագոյն շահերուն կողքին, պաշտպանէ նաեւ զիրենք եւ օգտակար ըլլայ` խոստանալով աւելի մօտէն հետաքրքրութիւն եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններ:
Սուրիահայը այժմ իր ձեռքին մէջ ունի խաղաքարտը, որ պէտք է գործածէ իմաստուն ձեւով եւ յարմար տեղին, նկատի ունենալով, որ չի գիտեր, ապագան ի՛նչ կը վերապահէ իրեն, արդեօք մէ՞կ ամիսէն, մէ՞կ տարիէն, թէ՞ տասը տարիէն պիտի վերադառնայ Սուրիա, եւ կամ երբե՛ք պիտի չվերադառնայ ու հաստատուի Հայաստան սակայն իր կարգավիճակը պիտի մնայ նոյնը, եւ ինք միշտ պէտք պիտի ունենայ իր առանձնայատուկ պահանջները ներկայացնելու պետութեան պահանջներ, որոնք կը տարբերին տեղացիներու պահանջներէն: Ինք պէտք է մնայ յատուկ ուշադրութեան քաղաքացի, որ առնչութիւն ունի իր հայրենիքի` Սուրիոյ հետ. ան ունի կեցութեան, ապահովական եւ տնտեսական հարցեր` մասնագիտական պահանջներով, որոնք իրեն համար գուցէ մահու կենաց համարժէք հարցեր են, եւ Հայաստանի յաջորդ կառավարութիւնները նկատի պէտք է առնեն զանոնք` որպէս առաջնահերթութիւններ:
Սուրիահայը ընդհանրապէս, հալէպահայը մասնաւորապէս, գիտակից է իր ազգային պարտականութիւններուն, որ ի ծնէ անբաժանելիօրէն շաղախուած է անոր հոգիին եւ գիտակցութեան հետ: Այժմ ժամանակն է, որ ան գէթ ժամանակաւորապէս յետաձգէ իր առօրեայ մտահոգութիւններն ու պրպտումները եւ սկսի հետաքրքրուիլ Հայաստանի նախագահական ընտրապայքարով, հետաքրքրուի իւրաքանչիւր կուսակցութեան կամ թեկնածուի նախընտրական մանիֆեստով ու ծրագիրներով, անոր տուած ապագայի խոստումներով ու անցեալին իրագործած կամ չիրագործած ծրագիրներով, անոր ընդհանուր վարք ու բարքով ու վերաբերմունքով, մեր հայրենիքի բարգաւաճման ու զարգացման անոր բերած նպաստով, անոր` մեր հայրենիքին բերելիք քաղաքական յաջողութիւններու հաւանականութեամբ, միջազգային մակարդակի վրայ արձանագրելիք նուաճումներով, ինչպէս նաեւ` արցախեան հիմնահարցին հանդէպ իր դիրքորոշումով: Այս բոլորին կողքին, թեկնածուն պէտք է քաջատեղեակ ըլլայ սուրիահայերու կենսապայմաններուն, խոստանայ բարելաւել զանոնք եւ զարգացնել անոնց ներկայ վիճակը բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Ես տակաւին պիտի յանձնարարէի իմ սուրիացի քոյրերուս եւ եղբայրներուս, որ եթէ հնարաւոր է, աւելի կազմակերպուած եւ միատեսակ դիրքորոշումով մօտենան այս հիմնահարցին` համադրելով իրենց պահանջները, յստակացնելով իրենց դիրքորոշումը եւ հաստատ կեցուածքով բանակցելով թեկնածուներուն հետ իրենց ձայնը տալէ առաջ եւ հետագային նոյնպէս հաշուետուութեան նստելով անոնց հետ: Չէի փափաքեր, օրինակ, որ ընտրութիւններէն տարի մը կամ երկու տարի վերջ Հայաստան մնացած սուրիահայը զղջար, որ ինք սխալեցաւ` իր ձայնը չտալով լաւագոյն թեկնածուին:
Ես կ՛ուզէի դեռ աւելին. կ՛ուզէի, որ արտասահմանի մէջ ապրող հայերը, մանաւանդ` սուրիահայերը, որոնք ստացած են Հայաստանի քաղաքացիութիւն, քանի մը օրով երթան Հայաստան եւ կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը, ազատօրէն ընտրեն իրենց նախագահը եւ ապրին հայու սրտին ու հոգիին մէջ յառաջանալիք մեծ ցնծութիւնը, բերկրանք մը, որ չի կրնար զգալ բացի անկէ, որ կ՛ապրի զայն: Անշուշտ անտեղի կը տեսնեմ առաջարկել ներկայ իշխանութիւններուն, որ հնարաւորութիւն ստեղծեն արտասահմանի հայկական հիւպատոսարաններուն մէջ քուէարկութեան դրութիւնը` գիտնալով անոր բազմազան դժուարութիւնները:
Կրկնելով սուրիացի եղբայրներուս եւ քոյրերուս ներկայացուցած պահանջս, որ է` անպայմա՛ն մասնակցիլ նախագահական ընտրութիւններուն եւ իրենց ազատ կամքով ընտրել արժանի թեկնածուն, ի խորոց սրտէ կը ցանկամ, որ մեր սիրելի հայրենիքի նախագահական ընտրութիւնները աւարտին խաղաղ, անխարդախ, անկախ եւ ժողովրդավարական բարձրագոյն չափանիշներով, ընտրելով արժանաւորագոյն նախագահը, որ ըլլայ նախագահը ո՛ղջ հայութեան` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, ըլլայ հարազատ հայր, առաջնորդելու բոլորս իր քաջ ու խիզախ ղեկավարութեամբ` դէպի զարգացում ու յաղթական բարձունքներ, տիրանալու մեր բոլոր նիւթական ու բարոյական իրաւունքներուն:
ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ