Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան
Սփիւռք հասկացողութիւնը տարբեր ըմռնում եւ տարբեր իմաստ ունի մեզի հայերուս համար։ Ունինք սփիւռքացած ժողովուրդ, որ բռնի ոյժով զրկուեցաւ իր հայրենի հողէն։ Եւ որուն խոհերուն եւ մտածումներուն մէջ կ՝ապրի իր անժամանցելի իրաւունքներուն պահանջատիրութեան հարցը։
Միթէ կա՞յ սփիւռքահայ մը, որ չցանկայ իր հայրենի հողին վրայ բռնագաղթուած հայութեան գոյութեան փաստը ընկալուի պետական մակարդակով։ Այս մտածումները կ՝արթննային մեր մէջ, երբ կը լուծարուէր Սփիւռքի Նախարարութիւնը։
Սփւռքը իր ընդհանուր պարունակին մէջ, կ՝ընդգրկէ նաեւ՝ Հայրենիքէն կամովին հեռացած, եւ նախկին խորհրդային երկիրներու մէջ հաստատուած հայերը։
Անցնող տասնամեակներուն, Հայրենիք-Սփիւռք կապերը Խորհրդային տարիներուն եւ յետագային՝ Սփիւռքի Նախարարոթեան շրջանին, ընդհանրապէս սահմանուած էին մշակութային եւ կրթական յարաբերութիւններութիւններով։
Բայց Նախարարութիւնը չի սահմանափակուիր լոկ հասարակական գործունէութեամբ։ Այլ որպէս իրաւական եւ քաղաքական գետնի վրայ հիմք ունեցող պետական կառոյց, իր մասնակցութիւնը կրնայ ունենալ հայ ժողովուրդի կառավարման գործին մէջ։
Եւ որպէս վարչական միաւոր, իր անբաժան մէկ մասը կրնան կազմել նաեւ Սփիւռքահայերը։
Այս եղած է Սփիւռքահայութեան երկար տարիներու փայփայած երազանքը՝ դառնալ բաղկացուցիչ մէկ մասը Հայաստանի պետականութեան։ Այն ինչ պիտի նպաստէ որպէսզի Սփիւռքի ներկայութիւնը հայրենի հողին վրայ հաստատուի որպէս ազգ եւ ժողովուրդ։
Աjս մտածումներուն ոգեւորութիւնը բնականականաբար կրնայ նոր պայծառացում մը հաղորդել մեր ազգային կեանքին։ Երբ կ՝առաջնորդուինք տարագիր հայու հայրենասիրական զեղումներով։ Սակայն միշտ չէ որ ցանկութիւնը եւ իրատեսութիւնը կ՝ընթանան համաքայլ։
Երբ կը մտածենք, թէ որքանով կարելի է իրականացնել նման գաղափար մը, որուն համար տակաւին չունինք ուսումնասիրուած պատրաստ հիմնաւոր նախադրեալներ։ Եւ Սփիւռքի մէջ չունինք միաձոյլ հաւաքականութիւն։
Թէեւ նախորդ տարիներւն Սփիւռքի Նախարարութիւնը Հայրենիք –Սփիւռք յարաբերութիւններու ոլորտը ընդլայնելու հեռանկարով մտադրութիւնը ունեցաւ ստեղծելու երկպալատ խորհրդարան։ Բայց նման ծրագիր մը կարելի չեղաւ իրականացնել։
Որովհետեւ՝ նախ հարկաւոր էր լաւ ճանչնալ Սփիւռքը իր բազմաշերտ կառուցուածքով։ Իսկ Սփիւռքը ճանչնալու համար կարեւոր նկատառումներէն մէկն է՝ Սփիւռքի աշխարհագրական տարանջատուածութիւնը։ Չմոռնանք որ սփիւռքի պատմութիւնը իր ընդհանրութիւններուն կողքին, տարաբնոյթ երեւոյթ մը կը պարզէ։
Սփիւռքի ընդհանրութիւնները պահպանուած են ողջ հայ ժողովուրդին դարերով ապրած հոգեւոր ընդհանրութեամբ։ Բազմադարեայ մշակոյթի , հարազատ աւանդոյթներու պահպանմամբ ու փոխանցմամբ իրերայաջորդ սերունդներուն։
Այդ ընդհանրութիւնը առաւել շեշտուած է՝ պատմական հայրենիքէն զրկուած ժողովուրդի մը գոյատեւման ու միաւորման ձգտումով;
Միւս կողմէն սակայն պիտի տեսնենք, որ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու, տարբեր երկիրներու եւ գաղութներու մէջ, սփիւռքահայը ձեռք բերած է տեղւոյն տիրող պայմաններուն յարմարող իր իւրայատուկ հոգեբանութիւնը։ Հոն ուր ժամանակն ու հանգամանքները, մարդկային միտքն ու կամքը օժտած են հասարակական կեանքի առանձնայատկութիւններով։ Հետեւաբար ամէն գաղութ ունի իր առանձնայատուկ, ուրոյն նկարագիրը։
Որովհետեւ քաղաքական տարբեր պայմաններու մէջ ապրող հայութեան զանազան հատուածներ, հասարակական յարաբերութիւններու ներգործութեան պատճառով, ենթակայ են բազմազան ազդեցութիւններու, որոնք ի յայտ կու գան զարգացման տարբեր մակարդակներու վրայ։
Այս նկատառումներէն ելլելով, այսօրուայ տիրող պայմաններուն մէջ նման կառոյց մը իրաւական եւ պետական հիմքով հնարաւոր չէ ստեղծել։ Առաջին հերթին նկատի ունենալով Հայաստանի ներկայ իրավիճակը։ Հայաստանը այսօր կանգնած է ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու առջեւ, ունի հասարակական, տնտեսական ու քաղաքական լուրջ խնդիրներ, որոնց հապճէպ լուծումներ գտնելը անհնարին է։
Այս մեկնակէտէն ելլելով, որոշ հարցեր լուրջ քննարկման կարիք ունին, ձեռք բերելու հիմնական նախադրեալներ ապագայի համար։
Ա․ Անկասկած, աշխարհասփիւռ հայութեան ներգրաւումը Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ ողջունելի է բոլոր սփիւռքահայերուն համար։ Սակայն նման նախագիծ մը իրականացնելու համար, որքանով Սփիւռքը պատրաստ է որպէս միաձոյլ հաւաքականութիւն իր մասնակցութիւնը բերելու Հայաստանի պետական կեանքին։
Երբ մինչեւ այսօր չենք կրցած ստեղծել կազմակերպուած ու միաւորուած Սփիւռքի յատուկ կառոյց մը։
Բ․ Այդ ծրագիրը նիւթացնելու համար, որքանով կարելի է հեռու մնալ տխուր հետեւանքներէ, հիասթափութիւններէ եւ յուսախաբութիւններէ։ Յատկապէս մտաբերելով, որ Սփիւռքը ունի գաղափարական խմբաւորումներ։
Եւ հարկաւոր է ազգային խնդիրները ընկալել համազգային տարողութեամբ, պետական մտածողութեամբ ու պետական մակարդակով։
Գ․ Ո՞ր Սփիւռքն է, որ ներկայացուցիչներ պիտի ունենայ Նախարարութեան մէջ։ Յետեղեռնեան, յետանկախութեան, նախկին Խորհրդային երկիրներու, կամ բոլորը միասին որպէս ՝ Սփիւռք։
Այս ուղղոթեամբ կարեւոր հարց է նաեւ, թէ ին՞չ հիման վրայ պիտի կատարուի Սփիւռքահայերուն ընտրութիւնը։ Հայրենի Իշխանութիւններուն թէ Սփիւռքի որոշմամբ։ Ովքեր իրաւասութիւն պիտի ունենան մտնելու այդ օրէնսդիր մարմնին մէջ։
Դ․ Սփիւռքահայութեան ներկայութիւնը, եւ Հայաստանի պետական գործերուն նկատմամբ որդեգրած քննարկութիւնն ու դիրքորոշումը, որքանով ընդունելութիւն պիտի գտնէ Հայաստանի քաղաքացիներուն մօտ։ Որքանով տանելի է եթէ Սփիւռքը հետամուտ դառնայ Արցախեան բանակցութիւններուն, միջամուխ ըլլայ Հայաստանի ներքին խնդիրներուն։
Ե․ Իսկ եթէ Սփիւռքը իր օրակարգը ընդլայնէ եւ ներկայանայ որպէս պահանջատէր Արեւմտահայաստանի բռնագրաւուած հողերուն եւ հայ դատին, հայ-թրքական յարաբերութիւններու լուծման տարբերակներ եւ ուղիներ առաջարկէ։ Որքանով իր որդեգրած դիրքորոշումը ընդունելութիւն պիտի գտնէ, եւ պիտի յարմարի Հայաստանի պետական շահերուն։
Այս բոլորէն կ՝ուզենք եզրակացնել, թէ Նախարարութեան գաղափարը որքան ոգեւորիչ ու խրախուսիչ է, սակայն կան այնպիսի հարցեր, որոնք կշռադատուած քայլեր կը պահանջեն, հեռու մնալու ներ Սփիւռքեան նոր հակասութիւններէն։
Բայց անկարելի բան չկայ, եթէ կարենանք այս ուղղութեամբ հարցերը հետապնդել լայնախոհութեամբ ու նոր մտածողութեամբ, շրջահայեաց ու ազգային առողջ կեցուածքով։ Այլ խօսքով՝ եթէ փորձենք հասարակութեան մէջ հոգեբանական յեղափոխութիւն մը յառաջացնել, որպէսզի ժողովուրդը նոր մտածելակերպով ու նոր հայեացքով մօտենայ ազգային խնդիրներուն։
Իսկ երբ համերաշխութիւնը դառնայ ազգային հոգեբանութեան վերափոխման հիմք։ Եւ մարդիկ կարենան իրենց վրայէն թօթափել հատուածական շահերն ու մեծամոլական ախտերը։ Հասարակութեան մէջ հետզհետէ պիտի արթննան ազգային ինքնուրոյնութեան եւ հպարտութեան զգացումներ։
Այդպիսով միայն կարելի է շօշափելի դարձնել Սփիւռքի նախարարութեան գոյութեան իմաստն ու նպատակասլաց ուղղուածութիւնը։
Եւ այն ատեն մենք կը մտնենք պատմական նոր դարաշրջան մը, պայծառ ու լուսաւոր մտքերով, եւ ազգային խոր հաւատքով։