Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
19-րդ դարու կէսերուն, «Կոմունիստական Մանիֆեսթօ»-ն ստորագրեցին Քարլ Մարքս ու Ֆրետերիք Էնկելսը, իսկ դար մը վերջ, 20-րդ դարի կէսերուն, ճշգրիտ` 9 յուլիս 1955-ին, Պերթրանտ Ռասել եւ Ալպերթ Այնշթայն հրապարակեցին իրենց «Մանիֆեսթօ»-ն հիւլէական պատերազմի վտանգին դէմ` զօրակցութեամբը Միջազգային հռչակ ունեցող 9-ը գիտնականներու, որոնք յիշեալ թուականին, Լոնտոնի մէջ գումարուած եւ բրիտանական «Տը օպզըրվըր»-ի կողմէ կազմակերպուած մամլոյ Միջազգային ասուլիսին ընթացքին Այնշթայնի եւ Ռասելի կողքին ստորագրեցին «Մանիֆեսթօ»-ն ունենալով քաղաքական եւ ոչ քաղաքական պատկանելիութիւններ, ներառեալ` համայնավարներ եւ հակահամայնավարներ: Այդ գիտնականներն էին`
1.- Փրոֆ. Մաքս Պոռն, դասախօս Պերլինի, Ֆրանքֆուրթի եւ Կէօթինկենի համալսարաններուն մէջ` տեսական բնագիտութեան նիւթին, եւ Էտինպուրկի համալսարանին մէջ` բնական փլիսոփայութեան նիւթին:
2.- Փրոֆ. Փերէյ Ու. Պրիճման, դասախօս Հարվըրտ համալսարանին մէջ` բնագիտութեան նիւթին, եւ բնագիտութեան Նոպելեան մրցանակակիր:
3.- Փրոֆ. Լէոփոլտ Ինֆելտ, դասախօս Վարշաւիա համալսարանին մէջ` Տեսական բնագիտութեան նիւթին:
4.- Փրոֆ. Ճ. Ֆ. Ժոլիօ Քիւրի, դասախօս Ֆրանսայի քոլեճին մէջ` բնագիտութեան նիւթին եւ քիմիագիտութեան Նոպէլեան մրցանակակիր:
5.- Փրոֆ. Հերման Ճ. Մաւլլեր, դասախօս` Ինտիանա համալսարանին մէջ` կենդանաբանութեան նիւթին եւ բնախօսութեան ու բժշկագիտութեան Նոպէլեան մրցանակակիր:
6.- Փրոֆ. Լինուս Փոլինկ, դասախօս Քալիֆորնիոյ փորձագիտութեան հիմնարկին մէջ քիմիագիտութեան նիւթին, եւ քիմիագիտութեան Նոպելեան մրցանակակիր:
7.- Փրոֆ. Սեսիլ Փասուելլ, դասախօս Պրիսթոլի համալսարանին մէջ` բնագիտութեան նիւթին, եւ բնագիտութեան Նոպելեան մրցանակակիր:
8.- Փրոֆ. Ճոզեֆ Ռոթպլաթ, դասախօս Լոնտոնի համալսարանին եւ Ս. Պարթոլոմէի բժշկական քոլեճի մէջ` բնագիտութեան նիւթին:
9.- Փրոֆ. Հինտեքի Եուքաուա, դասախօս Քիոթֆոյի համալսարանին մէջ` տեսական բնագիտութեան նիւթին, եւ բնագիտութեան Նոպելեան մրցանակակիր:
Այս միջազգային մամլոյ ասուլիին ընթացքին Պերթրանտ Ռասել, որ Լոնտոնի մէջ հիմնադրած է իր անունը կրող խաղաղութեան հիմնարկը, կարդաց «Մանիֆեսթօ»-ն եւ պատասխանեց միջազգային լրագրողներու հարցումներուն: Ասուլիսի աւարտին ներկաները որդեգրեցին հետեւեալ բանաձեւը.
Բանաձեւ
Մենք կոչ կ՛ուղղենք աշխարհի գիտնականներուն եւ ընդհանուրին` որպէսզի յարին հետեւեալ որոշումին.-
«Նկատի ունենալով, որ ապագայ համաշխարհային պատերազմի մը ընթացքին հիւլէական զէնքեր վստահաբար պիտի գործածուին, եւ որ նման զէնքեր կը սպառնան մարդկութեան գոյատեւումին, աշխարհի կառավարութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք որ գիտակցին եւ ընդունին հրապարակաւ, թէ` իրենց նպատակները չեն կրնար իրագործուիլ աշխարհամարտով եւ հետեւաբար անոնց կոչ կ՛ուղղենք` խաղաղ Միջոցներ գտնելու, կարգաւորելու իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող բոլոր վիճելի հարցերը»:
Ապա, Պերթրանտ Ռասել կոչ ուղղեց աշխարհի բոլոր գիտնականներուն յատուկ համաժողովներ գումարելու այս հարցին շուրջ` որդեգրելու համար գործնական միջոցառումներ, իրականացնելու համար «Մանիֆեսթօ»-ին խաղաղասիրական հիմնական նպատակը:
Եւ փաստօրէն, նման առաջին համաժողովը գումարուեցաւ յուլիս 1957-ին, Քանատայի Նովա Սքոթիա նահանգի Փուկուաշ քաղաքին մէջ: Եւ այս համաժողովները աւանդական դարձան եւ ունեցան իրենց մնայուն կայքը` www.pugwash.org
«Ռասել-Այնշթայն Մանիֆեսթօ»-ի վերջին երկու պարբերութիւնները, որոնք կը խտացնեն անոր միտք բանին ու հիմնական պատճառաբանութիւնը, հետեւեալներն են.-
«Մեզմէ շատեր չէզոք չեն իրենց զգացումներուն մէջ, բայց, իբրեւ մարդկային էակներ, մենք պէտք է յիշենք, թէ եթէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները պիտի լուծուին այնպիսի եղանակով, որ կարելի գոհացում մը տան ոեւէ մէկուն, ան ըլլայ համայնավար կամ հակահամայնավար, ասիացի, եւրոպացի կամ ամերիկացի սպիտակամորթ կամ սեւամորթ, ուստի այդ խնդիրները պէտք չէ լուծուին պատերազմի միջոցով: Մենք պարտինք ցանկալ, որ ասիկա ըմբռնուի թէ՛ Արեւելքի եւ թէ՛ Արեւմուտքի մէջ:
«Մեր առջեւ դրուած է երկընտրանքի հարց մը` ընտրելու շարունակական յառաջդիմութեան մէջ ուրախութեան, գիտութեան եւ իմաստութեան ուղի՞ն, թէ՞ ասոր փոխարէն մահը, որովհետեւ մենք ի վիճակի չենք մոռնալու մեր կռիւները: Մենք` իբրեւ մարդկային էակներ, մեզի նման մարդկային էակներուն կոչ կ՛ուղղենք` յիշեցէք ձեր մարդկայնութիւնը եւ մոռացութեան տուէք մնացեալը: Եթէ դուք կարենաք այսպէս շարժիլ, ձեր առջեւ կը բացուի դէպի նոր դրախտի ճամբան: Եթէ չկարենաք` ձեր առջեւ կը գտնէք տիեզերական մահուան վտանգը»:
***
«Ռասել-Այնշթայն Մանիֆեսթօ»-ն ստորագրող գիտնականներէն եւ Փուկուաշի համաժողովներու նախագահներէն փրոֆ. Սըր Ճոզեֆ Ռոթպլաթ, որ խաղաղութեան նոպելեան մրցանակակիր է եւ ցկեանս ախոյեան` հիւլէական զինաթափութեան համաշխարհային պայքարին, եղած է հիւլէական զէնքի պատրաստութեան առաջին մասնակիցներէն, Նիւ Մեքսիքոյի Լոս Ալամոս քաղաքի «Մանհաթըն Փրոճեքթ» խումբին մէջ: Բայց 1945-ին, երբ ամերիկեան օդուժը հիւլէական զէնքերով ռմբահարեց Ճափոնի Հիրոշիմա եւ Նակազաքի քաղաքները, փրոֆ. Ռոթպլաթ մեծ վախ մը ունեցաւ, թէ հիւլէական ռումբին իրականացումը ամբողջ աշխարհի մէջ պիտի ստեղծէր հիւլէական զէնքի արշաւ մը, ուստի ան վերջնականապէս հրաժարեցաւ «Մանհաթըն Փրոճեքթ»-էն եւ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ի խնդիր հիւլէական զէնքի զինաթափութեան մղուող համաշխարհային պայքարին:
2005 թուականին, «Մանիֆեսթօ»-ի 50-ամեակին, երբ «Պի.Պի.Սի.» կայանը պատկերասփռեց իր աշխատակիցին` Միշել Էռնսթինկի հարցազրոյցը փրոֆ. Սըր Ճոզեֆ Ռոթպլաթի հետ, Պերթրանտ Ռասելի Խաղաղութեան հիմնարկի պաշտօնաթերթը «Տը Սփոքսման», իր թիւ 85 համարին մէջ արտատպեց այդ հարցազրոյցը, որուն մէջ Ռոթպլաթ պարզաբանած է նախ հիւլէական զէնքի պատրաստութեան աշխատանքներուն իր մասնակցութեան, ապա անկէ հրաժարումին, յետոյ կրկին մասնակցութեան եւ հուսկ վերջնական հրաժարումին դրդապատճառները եւ հոգեբանական ապրումները: Ուսանելի նկատելով Ռոթպլաթի այս հոգեկան ալեկոծումները, զանոնք խտացեալ կերպով կը ներկայացնեմ հետեւեալ կէտերուն մէջ.
1.- Փրոֆ. Ճ. Ռոթպլաթ անզգալաբար ներքաշուած է հիւլէական զէնքի պատրաստութեան աշխատանքներուն, քանի որ ինք սիրահարուած էր բնագիութեան եւ տարուած` հիւլէի ճեղքումով յառաջանալիք հսկայական ուժանիւթով, որ կրնար ծառայել մարդկութեան բարօրութեան` առանց մտածելու, թէ այդ հրաշալի ուժանիւթը կրնար գործածուիլ նաեւ կործանարար նպատակներու համար: Իր ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր ուժանիւթ յառաջացնելու գաղտնիքին վրայ, եւ արդէն կատարած էր նախնական յայտնագործութիւններ սիքլոթրոնի (արագացուցիչի) ուղղութեամբ:
2.- 1939 թուականի փետրուարին «Նէյչըր» հանդէսին մէջ կարդացած էր Մէյթների եւ Ֆռիշի յօդուածը, թէ` իւրանիոմի հիւլէն նիւթրոններով հարուածելով կը յառաջանար վիթխարի եւ ահազդեցիկ ուժանիւթ: Իր աշխատանոցին մէջ կատարելով նախնական փորձեր` ահաբեկուած էր արդիւնքէն ու ցնցուած եւ նոր սկսած էր անդրադառնալ ասոր ենթադրական հետեւանքներուն, այսինքն` հիւլէական ռումբին… որ ներհակ էր մարդկայնական գիտնականի իր կոչումին: Եւ անմիջապէս կ՛որոշէ հրաժարիլ այս ուղղութենէն: Սակայն քիչ անց, հարցում մը ցցուած է իր ուղեղին մէջ… հապա՞ եթէ Հիթլերի ենթակայութեան տակ գտնուող գիտնականներ, Հիթլերի պահանջով գործէին այս հրէշային ուղղութեամբ, քանի որ 3 սեպտեմբեր 1939-ին պայթած էր Համաշխարհային Բ. պատերազմը: Ուրեմն, ան ընդունելի ինքնարդարացում նկատած է շարունակել այս ուղղութեամբ` հահակշռելու համար հիւլէական ռումբի Հիթլերի մենաշնորհը… Սակայն, ան շուտով անդրադարձած է, որ շատ մանկական է մտածել հակակշռելու մասին, քանի որ դիմացը կագնած անձը` Հիթլեր, բանականութեամբ չի գործեր: Հետեւաբար, ան մտածած է, թէ Հիթլեր երբ, գիտնալու ըլլայ, որ ինք չունի մենաշնորհը հիւլէական ռումբին, աւելի երկար կը մտածէ, եւ ուրեմն, պէտք է շարունակել ու արագացնել աշխատանքը եւ հրապարակաւ անուղղակի ակնարկութիւններ ընել այդ մասին: Եւ 1941-ին, կ՛ըսէ փրոֆ. Ռոթպլաթ, Անգլիոյ մէջ աշխատող իրենց խումբը արդէն հասած էր վերջնական եզրակացութիւններու` հիւլէական ռումբի պատրաստութեան եղանակներուն շուրջ, սակայն, կ՛ըսէ ան, այդ պահուն Անգլիոյ տնտեսութիւնը չունէր նիւթական այն հսկայական միջոցները, զորս կը պահանջէր հիւլէական արհեստագիտութիւնը:
3.- Բայց երբ Ճափոն կը յարձակի Փըրլ Հարփըրի վրայ, Միացեալ Նահանգներ կը դիմեն Անգլիոյ հիւլէական բնագիտութեան մասնագէտներու օգնութեան, եւ Ռոթպլաթ կը հրաւիրուի «Մանհաթըն Փրոճեքթ»…
Սակայն, երբ «Սի.Այ.Էյ.» կը հաստատէ, որ Հիթլեր հիւլէական ռումբի ոչ մէկ ծրագիր ունի, Ռոթպլաթ վերջնականօրէն կը հրաժարի դեկտեմբեր 1944-ին, եւ կը դրուի «Սի.Այ.Էյ.»-ի հսկողութեան տակ… 1945 օգոստոս 6-ին, Ռոթպլաթ «Պի.Պի.Սի»-էն կ՛իմանայ Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի հիւլէական ռումբով կործանումին լուրը…
Փրոֆ. Սըր Ճոզեֆ Ռոթպլաթ իր հետագայ կեանքը ամբողջութեամբ կը նուիրէ հիւլէական զինաթափութեան համաշխարհային պայքարին:
Իսկ Միացեալ Նահանգներ համարձակեցան գործածելու ջրածնային ռումբը, երբ «Սի.Այ.Էյ.» հաստատեց նաեւ, որ Խորհրդային Միութիւնը եւս զուրկ էր հիւլէական զէնքի ծրագիրէ… ուրեմն, ինք ունէր այդ զէնքի մենաշնորհը, որով կրնար սպառնալ բոլորին, ներառեալ` Խորհրդային Միութեան:
Պատմական փաստ է այն, որ Միացեալ Նահանգներ առաջինը գործածեցին ջրածնային ռումբը Ճափոնի դէմ` իբրեւ ոչ միայն փոխվրէժ Փըրլ Հարպըրի ճափոնական նախայարձակումին, այլեւ` իբրեւ ազդարարութիւն Խորհրդային Միութեան եւ համայն աշխարհին… Ճափոն տասն օրեր առաջ օգոստոս 6-էն յուլիս 27-ին արդէն ընդունած էր անպայմանադիր անձնատուութիւնը, եւ ուրեմն, օգոստոս 6-ի հիւլէական ուժի ցուցադրումը` Միացեալ Նահանգներու կողմէ, անմարդկային բարբարոսութիւն էր` մարդկութեան դէմ, ներառեալ` Խորհրդային Հայաստանին: Եւ երբ Խորհրդային Միութիւնը Թուրքիայէն պահանջեց հայկական Կարսը, Արտահանն ու Արդուինը` իբրեւ հայկական նուազագոյն պահանջ, Միացեալ Նահանգներ մերժեցին այդ նուազագոյնն իսկ, պատճառաբանելով, որ թուրք-խորհրդային սահմանագիծը այնուհետեւ դարձած էր ամերիկեւխորհրդային սահմանագիծ, եւ թէ` Միացեալ Նահանգներ արդէն հռչակած էին ցուրտ պատերազմը` Խորհրդային Միութեան դէմ, ապաւինելով հիւլէական զէնքի իրենց մենաշնորհին...:
Եւ Խորհրդային Միութիւնը, հակառակ ֆաշականութեան դէմ իր արձանագրած ջախջախիչ յաղթանակին, հարկադրուեցաւ չհակազդել, քանի որ տակաւին զուրկ էր հիւլէական զէնքէն… Եւ ուրեմն, ամերիկեան մենաշնորհը յաղթանակեց` ի վնաս նաեւ հայ ժողովուրդին:
Եւ Խորհրդային Միութիւնը շղթայազերծեց խաղաղութեան համաշխարհային վիթխարի շարժումը, եւ զայն երաշխաւորելու համար անհրաժեշտ գտաւ հակակշռել Միացեալ Նահանգներու մենաշնորհը, ինչ որ կը պահանջէր որդեգրել հիւլէական զէնքի իր սեփական ծրագիրը:
Եւ ծայր առաւ հիւլէական զէնքի արշաւը ամբողջ աշխարհի մէջ:
Պէյրութ, 24 յունիս 2015