Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱն
Հարցը արդէն օրակարգի վրայէն բնաւ չէր ջնջուած, բայց վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին նոր թափ ստացաւ։ Խօսքը կը վերաբերի Պոլսոյ պատրիարքական դարաւոր աթոռին համար նոր աթոռակալ մը, այսինքն նոր պատրիարք մը ընտրելու թնճուկային հարցին։ Նոր պատրիարք մը ընտրելու հրամայականը բաւական երկար ժամանակէ ի վեր արդէն սկսած էր տանջել միտքերը համայնքէն ներս բոլոր այն գիտակից անձերուն, որոնք, Մեսրոպ պատրիարքի անբուժելի ու շատ ցաւալի, բայց երկար տեւող հիւանդութեան դիմաց սկսած են մտածելու, թէ այլեւս ամէն գնով պէտք է կատարել պատրիարքական ընտրութիւն։ Մօտաւորապէս եօթը տարիէ ի վեր Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը չունի իր գահակալը, եւ հիմա այլեւս կարելի չէ այս խնդիրին նայիլ առաջին տարիներու զգացական մերձեցումով։ Թէեւ ունինք պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ մը՝ յանձին Արամ արք. Աթէշեանի, բայց փոխանորդ մը երբեք իր փոխանորդած աթոռը չի նշանակեր, փոխանորդ մը երբեք չի կրնար նոյնանալ իր փոխանորդած անձին հեղինակութեան ու իշխանութեան հետ։ Մնաց որ փոխանորդ մը, ըստ էութեան, միշտ կը նշանակուի կարճատեւ շրջանի մը համար, փոխանցման շրջան մը, որ մնայուն չի կրնար դառնալ. եւ եթէ մնայուն դառնայ, կը ծագին հարցեր, որոնց նմանները ապրած ենք մօտիկ անցեալին։ Տակաւին պէտք չէ մոռնալ, որ առանց համայնքային ընտրութեան, նշանակուած փոխանորդ մը չի կրնար լրիւ արդարացնել պատրիարքի մը հանգամանքը, որ մեր օրէնքներուն համաձայն պէտք է ընտրուի համայն ժողովուրդին կողմէ։
Համայնքը բնականաբար շատ շնորհակալ է ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազանէն, որ այսքան երկար ժամանակէ ի վեր ամէն ջանք կը վատնէ, որպէսզի չզգացնէ պատրիարքի մը բացակայութիւնը, բայց գիտենք որ ի՛նք ալ գիտէ թէ իր աշխատանքը չի կրնար նոյնութեամբ ըլլալ այն, ինչ պիտի ըլլար, եթէ ինք ընտրուած ըլլար որպէս պատրիարք։ Փոխանորդ մը կամ չարտասանուած բառով՝ տեղապահ մը, չի կրնար բախտորոշ ու ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրը շահագրգռող որոշումներ ընդունիլ կամ բախտորոշ ու մնայուն գործողութիւններ իրականացնել, այնպէս ինչպէս իրաւունք պիտի ունենար իրականացնելու, եթէ ընտրուած ըլլար պատրիարք, այլ ոչ թէ նշանակուած փոխանորդ։ Փոխանորդը առժամեայ է, եւ այս համայնքը առժամեայ որոշումներով կրնայ կառավարուիլ միայն որոշ ժամանակի մը համար։ Այդքա՛ն։ Միջոցէ մը ի վեր կ՛ըսուէր որ Արամ սրբազան արդէն պետական շրջանակներու մօտ դիմում պիտի կատարէր պատրիարքական ընտրութեան արտօնագիր ուզելու։ Բայց այս մասին շօշափելի բացատրութիւն չէր տրուած համայնքին։ Ոմանք կը պնդէին, որ Արամ սրբազան գոհ էր այժմու կարգավիճակէն ու աճապարանք չունէր պատրիարքական ընտրութիւն կազմակերպելու համար։ Բայց ասիկա ճի՞շդ էր։ Ինքն ալ, քանի որ պատրիարքական ընտրութեան մը պարագային առաջին կարգի թեկնածու էր եւ շատ հաւանաբար պատրիարք ընտրուած պիտի ըլլար, գիտէր անշուշտ որ համայնքէն ներս ու պատմութեան առջեւ բոլորովին տարբեր դիրք մը պիտի ունենար, եթէ փոխանորդի աթոռէն անցած ըլլար կամ այսօր ալ անցնէր դէպի պատրիարքի աթոռ։ Վերջին օրերուն հարցը նոր կրակոտ ու յուզական բանավէճի նիւթ դարձաւ, երբ լսուեցաւ որ կրօնական ժողովը այս հարցով նիստ գումարած էր, ու կրօնական ժողովի կարգ մը յարգելի անդամները պատրիարքական ընտրութեան կողմնակից եղած էին եւ այլ յարգելի անդամներ ալ, ընդհակառակը, կողմնակից չէին եղած։ Ի՜նչ մեղք, որ պատրիարքարանը կարծես մոռցած է մամուլի միջոցաւ պարբերական հաղորդագրութիւններով մեր ժողովուրդը տեղեակ պահելու ընդհանուր ընթացքէն եւ ընդունուած որոշումներէն։ Այս տեսակէտով, կրօնական ժողովն ալ ունի իր պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ վերջապէս կրօնական ժողովը տակաւին կրնայ տեսնուիլ որպէս ժողովուրդին կողմէ ընտրուած կրօնական ժողով։ Բայց, եթէ ճիշդ են ըսուածները, կրօնական ժողովի կարգ մը անդամները կողմնակից չեն եղած ընտրութիւն կատարելու։ Անոնք տրամաբանական պատճառներ ունի՞ն կամ ի՞նչ է անոնց պատճառը, չենք գիտեր։ Բայց ժողովուրդին մօտ անմիջապէս տարածուեցան չարաշուք շշուկներ։ Որոշ շրջանակներէ ներս կը լսենք այն տխուր մեկնաբանութիւնը, թէ կարգ մը հոգեւորականներու գործին չի գար, որ նոր պատրիարք մը ընտրուի, կարգ մը հոգեւորականներուն ալ գործին կու գայ, որ նոր պատրիարք մը ընտրուի։ Այս պատճառաւ ալ պառակտում կայ կրօնական ժողովէն ներս։ Այս պառակտումը կրնա՞յ երկարիլ մինչեւ համայնքային շրջանակներէ ներս, արդեօք կա՞ն համայնքային մարմիններ կամ գործիչներ ալ, որոնց գործին պիտի գայ, որ ընտրութիւն չկատարուի։ Կարճ եւ կտրուկ կերպով պիտի ըսենք, որ այսքան կարեւոր ու բախտորոշ խնդիրի մը մէջ ո՛չ մէկ անհատ, կրօնական ժողովի անդամ ըլլայ կամ աշխարհական, իրաւունք ունի խնդիրին նայելու իր անձնական տրամադրութեան կամ իր անձնական շահերու տեսանկիւնէն։ Մեր շահը կը պահանջէ կամ չի պահանջեր, կարեւորը այն է, թէ ի՛նչ կը պահանջէ համայնքին շահը։ Իտէալական կամ ձեւակերպական խօսք չէ որ կ՛արտասանենք բարոյախօսական դաս տալու մտադրութեամբ, ասիկա ընկերային կամ ազգային լուրջ հարց է, դարերու խորքէն եկող հայ համայնքի ու հայ մարդու ազգային ու եկեղեցական ինքնութեան գոյապահպանումին հրամայականն է, Հայաստանեայց եկեղեցի կոչուած ո՛չ միայն կրօնական, այլ նաեւ ազգային գոյակցութեան գրաւականն է։
Մէկ բան միայն կու գայ համայնքին գործին։ Ունենալ իր պատրիարքը։ Պատրիարքական աթոռին վրայ վայելել արժանաւոր պատրիարքի մը բարի ու ազգաշահ գործունէութիւնը։ Վստահ ենք, որ այս համայնքին բանիմաց անդամներն ալ նոյնը կը մտածեն ու նոյնը կը ցանկան։ Մեր՝ այժմ անտեղեակ ու անբախտ Մեսրոպ պատրիարքի անունին հանդէպ մեր ամբողջ յարգանքն ու անոր վաստակին նկատմամբ ամբողջ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելով հանդերձ, կ՛ըսենք որ հիմա նոր պատրիարք մը ընտրելու ժամանակը եկած ու անցած է։ Ո՛վ որ ալ ընտրուի, ո՛վ որ ալ նստի Մեսրոպ պատրիարքէն պարպուած աթոռին վրայ, Մեսրոպ պատրիարքը մեր սիրտերուն մէջ միշտ պիտի մնայ որպէս յաւերժական պատրիարք: