Պզտիկ պզտիկ գանկ մը այստեղ բաց-բերան
Կարծես անձայն «մայր իմ ո՞ւր ես կը պոռայ…»
Աստուած իմ ա՜խ … ձայնն իր ղրկէ երկինքէն
Թռչուններու բերանէն …
Գանկ մ’ալ ուրիշ վրան իր մօր ոսկորին
Բերանաբաց կարծես դեռ կաթ կը սպասէ …
Աստուած իմ ա՜խ … գոնէ դուն ցօղ կաթեցուր
Փուշավարդի թերթերէն …
Տաք են դեռ տաք ոսկորները հոն փռուած
Արեւին հետ աւազներուն փաթթուած …
Աստուած իմ ա՜խ … սփռէ շուքդ թեւածող
Թիթեռներու թեւերէն …
Տե՛ս տես տեղ-տեղ դեռ արիւն է սպանդէն …
Չէ՛ չէ մի լար Ապրիլեան այս օրին սեւ,
Դուն գոյնը առ արեան կարմիր կաթիլէն
Ու կակաչներ ցանէ՛ հոն …
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան