Օրեր առաջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձգռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 5-րդ նիստին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած էր արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Կաթողիկոսական փոխանորդ Տէր Մեսրոպ վարդապետ Սարգիսեան:
«Հայերն Այսօր»-ը հոգեշնորհ Հայր սուրբի հետ զրուցած է ԱՄԷ-ի հայ համայնքային, եկեղեցական կեանքի, հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագրի հրապարակման եւ արդի այլ խնդիրներու շուրջ…
-Հա՛յր Սուրբ, ինչպէ՞ս ընտրեցիք հոգեւորականի` դժուարութիւններով եւ հետաքրքրութիւններով լի ուղին:
-Դեռ փոքր տարիքէն սէր եւ յարգանք տածած եմ եկեղեցւոյ հանդէպ եւ մեծ հաւատք ունեցած առ Աստուած: Հաւանաբար անոր մէջ դեր ունի այն, որ ծնած եւ մեծցած եմ աւանդապահ, եկեղեցասէր միջավայրի մէջ (ծնունդով Սուրիոյ հիւսիս արեւելեան շրջանը գտնուող Գամիշլի շրջանէն է-հեղ.): Արդէն պատանեկութեան շրջանին առաւել զօրցաւ հոգեւորական դառնալու փափաքս. միշտ կը յաճախէի եկեղեցի, կը մասնակցէի պատարագներուն եւ ծիսակատարութիւններուն: Այսպէս քայլերս զիս ուղղորդեցին դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք, ուր իբրեւ աշակերտ ընդունուեցայ 1997 թուականին: Դպրեվանքի ուսումնառութենէն ետք 2006 թուականին ձեռնադրուեցայ իբրեւ կուսակրօն քահանայ` ստանալով աբեղայի աստիճան: Ի յիշատակ Խորէն Վեհափառի աւազանի անուան` հոգեւոր անունս Հայր Մեսրոպ կնքուեցաւ: Յարկ է նշել, որ ան հովուական առաքելութեան առաջին տարիները անցուցած է ծննդավայրիս` Գամիշլիի մէջ: Իսկ աւազանի անունս Ուրարտու է:
-Ձեր հոգեւոր ծառայութիւնը ի սպաս դրած էք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի հայ համայնքին: Ներկայացուցէ՛ք, խնդրեմ, թէ ինչպիսի՞ համայնք ան եւ զարգացման ի՞նչ ուղի անցած է:
-Մինչեւ 2015 թուականի սկիզբը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տարածաշրջանը հանդէս կու գար իբրեւ մէկ միաւոր: Սակայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը այնպէս տնօրինեց, որ Արաբական ծոցի եւ Քուէյթի համայնքը երկու թեմի բաժանուի` Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմ, որուն մէջ ընդգրկուած են Արաբական ծոցի այլ երկիրներ, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի հայոց թեմ` արաբական եօթ էմիրութիւններով: Այսինքն` երկու կաթողիկոսական փոխանորդներ նշանակուեցան տարածաշրջանային թեմերէն ներս: Իսկ 2013 թուականին ինծի վստահուեցաւ արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդի պաշտօնը:
Վեհափառի այս փոփոխութիւնը այն պատճառով էր, որ տեղի հայերու թիւը անակնկալ կերպով աճեցաւ: Յիսուն տարի է, որ այս թեմը կազմաւորուած է եւ կը գործէ: Որքան ալ դասական համայնք համարուի, պէտք է փաստել, որ մշտապէս փոփոխութիւններու կ’ենթարկուի, քանի որ այստեղ կ’ապրին տարբեր հայ համայնքներէն եկած հայեր, այդ մէկն ալ կը խանգարէ պահպանել հայու ինքնութիւնը: Այդ մէկը յատկապէս կ’ազդէ երիտասարդներու վրայ:
Վերադառնալով այն հարցին, թէ ինչպիսի համայնք ունինք, ապա պէտք է ըսել, որ հայկական տարբեր համայնքներու խառնարան է, ուր կը գերակշռեն սուրիահայեր եւ լիբանանահայեր, ապա պարսկահայեր, իրաքահայեր, ամերիկահայեր, եւրոպահայեր եւ այսպէս շարունակ: Անոնցմէ ոմանք հաւատարիմ կը մնան եւ կը համախմբուին եկեղեցւոյ շուրջ, իսկ ոմանք, ցաւօք, ոչ:
Մենք ամէն ինչ կ’ընենք մեր հայրենակիցները եկեղեցւոյ եւ համայնքի մօտ կանգնեցնելու, հայ մշակոյթին, պատմութեան, կրօնին եւ մայրենիին կառչած մնալու ուղղութեամբ:
-Ինչպիսի՞ն է Եկեղեցի-համայնք գործակցութիւնը:
-Նախ ըսեմ, որ համայնքը բաժնուած է երեք տարածաշրջանի` Տուպայի-հիւսիսային Էմիրութիւններու, Ապու-Տապիի եւ Քաթարի: Այնպէս կը համակարգենք աշխատանքները, որ բոլորի հետ կապ պահպանենք եւ սերտօրէն կազմակերպուած համագործակցինք: Տեղական բոլոր երեք ազգային վարչութիւնները շատ զարգացած են: Վարչութիւնները ունին իրենց յանձնախումբերը, որոնք ժրաջանօրէն կ’աշխատին` փորձելով կազմակերպել համայնքային կեանքը: Անշուշտ, կը գործեն մշակութային, դաստիարակչական եւ այլ հարցերով զբաղող յանձնախումբեր: Այս վարչութիւնները, եկեղեցւոյ հետ համագործակցելով, կը նախաձեռնեն տարբեր ձեռնարկներ, կը նշեն ազգային-եկեղեցական տօներ, որուն գերնպատակն է պահպանել եւ սերունդեսերունդ փոխանցել հայկական շունչն ու ոգին:
Ահաւասիկ, մեր ուշադրութեան կեդրոնին են յատկապէս հայ երիտասարդները, քանի որ անոնք նոյնպէս դժուարութիւններու կը հանդիպին. ազգային մէկօրեայ վարժարաններէն ներս կրթութիւն ստանալէն ետք, անոնք ուսումը կը շարունակեն տեղի յառաջադէմ համալսարաններէն ներս, ուր կը շփուին տարբեր ազգերու հասակակիցներու հետ կամ գործնական շփմուներ կ’ունենան անոնց հետ: Ուստի այս ամէնէն ետք երիտասարդները կարծես թէ կը ձուլուին այդ միջավայրին մէջ եւ կը սկսին տարբեր մօտեցումներ, հայեացքներ ձեւաւորել իրենց ազգի, ծագման նկատմամբ: Գործունէութեան ընթացքին յայտկապէս խնդիրներ կը ծագին երկրորդ սերունդի երիտասարդներու հետ, անոնք որոնք ծնած, մեծցած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ: Սակայն ամէն ձեւով կը դիմագրաւենք այս մարտահրաւէրը. երիտասարդներու պահանջներուն, կարիքներուն համաձայն ձեռնամուխ կ’ըլլանք զանազան ձեռնարկներու, նոր ծրագիրներու մշակման եւ իրագործման: Յաճախակի կ’ըլլան հանդիպումներ, որոնց ժամանակ կը լսենք անոնց առաջարկները, կարծիքները, ապա համատեղ ուժերով գործի կ’անցնինք: Յոյս ունինք, որ կը յաջողինք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայ երիտասարդները անսասան պահել եւ անոնք կը շարունակեն կապուած մնալ իրենց արմատներուն եւ ազգային դիմագիծին:
-Համայնքի կեանքի մէջ կարեւոր իրադարձութիւն էր նաեւ 2014 թուականի Դեկտեմբեր 12-ին Ապու-Տապիի մէջ Սուրբ Նահատակաց եկեղեցւոյ բացումը…
-Այո՛, հոգու անհուն բերկրանքով կը խօսիմ այս պատմական իրադարձութեան մասին: Արամ Ա Վեհափառի տնօրինութեամբ այժմ Ապու-Տապիի մէջ հաստատուն կերպով ժայռի պէս կը խոյանայ Սուրբ Նահատակաց եկեղեցին: Այն գեղեցիկ ճարտարապետութեամբ, ընդարձակ տարածութեամբ եկեղեցական ընդգրկուն համալիր է` ազգային առաջնորդարանով, վարժարանով եւ յարակից այլ շինութիւններով: Երիտասարդներու համար եւս լայն հնարաւորութիւններ ստեղծած ենք, որպէսզի անոնք այնտեղ յաճախեն եւ իրենց ժամանակը անցնեն հայկական միջավայրի մէջ, այդ մէկը կը նպաստէ զիրենք եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելուն:
Այս եկեղեցին կառուցուեցաւ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, ինչպէս նաեւ Տէր Զօրի Սուրբ Նահատակաց եկեղեցւոյ յիշատակին, որ դաւադրաբար ռմբակոծուեցաւ: Կարծես` վերածնունդ տուինք Տէր Զօրի եկեղեցիին, որ նոյնպէս իւրատեսակ ուխտատեղի եւ հոգեւոր կեդրոն կը դառնայ բոլոր հայերու համար:
Մեր այս քայլով պիտի շարունակենք պահանջատէր հայու ոգիով դատապարտել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պահանջել Հայ Դատի արդարացի լուծումը` մեր գիտակցութեան մէջ ունենալով “կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ” կարգախօսը:
Վերջին շրջանին յաճախ շշուկներ կը լսեմ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն ետք Հայ Դատը կը դանդաղի կամ իր իրաւական ուժը կը կորսնցնէ: Նմանօրինակ յայտարարութիւններ տարածողներուն պիտի հակասեմ ըսելով, որ թո՛ղ իմանան` այնտեղ ուր ապրող հայ էակ կայ, Հայ Դատը չի՛ կրնար մեռնիլ: Վառ ապացոյցներէն էր նաեւ Յունուար 29-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագրի հրապարակման արարողութիւնը: Շատ ազդեցիկ եւ յաջող հռչակագիր է, որուն մէջ յստակ նշուած են կէտերը: Երբ ՀՀ նախագահն կ’ընթերցէր հռչակագիրը, զգացումներս ու ապրումներս աննկարագրելի էին: Կ’ուզեմ ըսել, որ մեր արեան վերջին կաթիլով պէտք է պայքարինք արդարացի իրաւունքի համար, ինչպէս որ մեր նախնիները, անապատներու մէջ անմեղ արիւն թափելով, պայքարեցան եւ զոհուեցան: Հայաստան-Սփիւռք ամուր համագործակցութեամբ պէտք է հասնինք այն ցանկալի արդիւնքին, որ ցեղասպան ազգը ճանչնայ իր կատարած եղեռնագործութիւնը:
-Իսկ այլ ձեռնարկներ կ’ըլլա՞ն Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին:
-Բնականաբար, կ’ըլլան: Մինչ այս թղթակիցներ եւ նկարահանող խումբեր գործուղած էինք Հայաստան` նկարահանելու եւ լուսաբանելու Հայաստան աշխարհը` իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի բնօրրան: Նկարահանումներ եղաւ նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ: Խումբի մէջ ընդգրկուած էին տեղական հեռուստատեսութեան եւ միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Ճիշտ է, տեղական հեռուստատեսութիւնները թոյլտւութիւն չստացան լուսաբանելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, անոնք միայն Հայաստանը միայն ներկայացուցին իբրեւ հին պատմական եւ զբօսաշրջային երկիր, սակայն միջազգային լրատուամիջոցներու` թերթեր, հեռուստատեսութիւն եւ այլն, ընդարձակ անդրադարձ եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան: Տուպայի մէջ նախատեսուած է համերգային յուշ-երեկոյ կազմակերպել եւ հրաւիրել ոչ միայն հայեր, այլեւ` այլազգի ներկայացուցիչներ: Կ’ըլլայ նաեւ ոգեկոչման մոմավառութիւն:
-Հա՛յր Սուրբ, զրոյցի աւարտին կը պատմէ՛ք խնդրեմ, թէ մինչ այժմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեան ի՞նչ եզրեր գտած էք:
-Նախեւառաջ կը կարեւորեմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը. ան օտար ափերու մէջ սփռուած հայերու համար կարծես յոյսի փարոս ըլլայ:
Նախարարութեան ստեղծումէն ի վեր նամակագրական կապի մէջ եղած ենք եւ համապատասխան վարչութիւններու հետ, հրաւէրներ ստացած ենք մասնակցելու իրականացուող տարբեր ծրագիրներու: Այդ հրաւէրներուն հնարաւորութեան սահմաններու մէջ կը փորձենք մասնակցութիւն ունենալ: Տարածաշրջաններէն ուսուցիչներ գործուն մասնակցութիւն կը բերեն “Սփիւռք” ամառնային դպրոց ծրագրին: Աննախադէպ եւ եզակի երեւոյթ կը համարեմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան “Հայաստան-Սփիւռքե 5-րդ համաժողով”-ը կեանքի կոչելը, որ համազգային, համընդհանուր բնոյթ կը կրէ:
Յուսանք` յետագային նոյնպէս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ մեր յարաբերութիւնները երթալով առաւել կը պայծառանան եւ կը ծաղկին:
զրուցեց Գէորգ Չիչեան