ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
25-26 ապրիլ 1920-ին, Առաջին համաշխարհային պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Դաշնակից պետութիւններուն եւ անոնց զօրավիգ ուժերու Գերագոյն խորհուրդը երկու խնդրանք ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին.
- ստանձնել Հայաստանի հովանաւորութիւնը
- իրաւարար վճիռով ճշդել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը
Առաջինը անմիջապէս մերժեց Մ. Նահանգներու Ծերակոյտը: Նախագահը հրաժարեցաւ:
Երկրորդ խնդրանքը պաշտօնապէս ամրագրուած էր Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին, Ֆրանսայի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտըր Միլերանի՝ 27 ապրիլ 1920-ի պաշտօնագրով: Միեւնոյն խնդրանքը, 89-րդ յօդուածի տեսքով ներառուեցաւ Սեւրի դաշնագիրին մէջ: Հայաստանի, Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ դաշնագիրը ստորագրող շուրջ քսան պետութիւններու անունով յղուեցաւ Մ. Նահանգներու նախագահին:
Մ. Նահանգներու նախագահը, իրաւասու կառոյցներ հայցը մանրազնին ուսումնասիրելէ ետք, կայացուցին իրաւարար վճիռը:
Ըստ Սեւրի հայցադիմումին, զայն ստորագրող կողմերը Միացեալ Նահանգներու նախագահին իրաւարարի հայեցողութեան կը ձգէին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանագիծի որոշումը, Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներու տարածութիւնները, ինչպէս նաեւ դէպի Սեւ ծով Հայաստանին ելք ճշդելու հարցը:
Նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն 22 նոյեմբեր 1920-ին ներկայացուց իր որոշումը: Համաձայն Ուիլսընի իրաւարար վճիռին, Հայաստան մօտաւորապէս 103.599 քառ.քմ. տարածութիւն մը պիտի ունենար դէպի ծով ելքով:
Ուիլսընի իրաւարար վճիռը թուղթի վրայ կը մնայ առ այսօր, որովհետեւ քեմալական Թուրքիան յենելով Խորհրդային Ռուսիոյ ռազմաքաղաքական աջակցութեան վրայ եւ օգտուելով արեւմտեան պետութիւններուն միջեւ յամառ պայքարէն, խախտեց Մուտրոսի զինադադարը, ոտնահարեց Սեւրի դաշնագիրը: Դաշնակիցներէն անտեսուած Հայաստանի հանրապետութիւնը մէն մինակ մնաց քեմալական բանակներուն առջեւ: Յաջորդական պարտութիւններ կրեց եւ 2 դեկտեմբեր 1920-ին իշխանութիւնը յանձնեց պոլշեւիկներուն: Այս միջոցին Հայաստանի հանրապետութիւնը ներկայացնող որոշ անդամներ ստիպողութեան տակ, 3 դեկտեմբեր 1920-ին ստորագրեցին Ալեքսանտրապոլի համաձայնագիրը, ուր հրաժարեցան Սեւրի համաձայնագիրէն: Միւս կողմէ, հետաքրքրական է իմանալ,որ թրքական պատուիրակութիւնը նոյնպէս չէր ներկայացներ Թուրքիոյ օրինական իշխանութիւնը: Ըստ միջազգային օրէնսդրութեան, Ալեքսանտրապոլի համաձայնագիրը ի սկզբանէ ապօրէն է եւ անվաւեր:
Ուիլսընի իրաւարար վճիռը պարտադիր յանձնառութիւն կը մնայ զոյգ կողմերուն համար: Անիկա չունի պայմանաժամային սահմանափակում: Անոր կարգավիճակը կախեալ չէ վճիռին հետագայ ճակատագիրէն:
Լա Հայի մէջ (Հոլանտա) կայացած միջազգային խորհրդաժողովը (1907), ուր ամփոփուած եւ ամրագրուած է իրաւարար վճիռներու կարգավիճակը, պայմանաժամային ոչ մէկ պարտաւորութիւն կը դնէ յանձնառու կողմերուն աջեւ: Սակայն կարելի չէ հրաժարիլ գործադրութենէն
Ըստ միջազգային իրաւունքի յդուածներուն՝ կողմերը փոխադարձ համաձայնութեամբ իրաւարար վճիռի որոշումին կը ներկայացնեն իրենց վէճը, միանգամայն կ’ընդունին, որ վճիռը ընդունելի պիտի ըլլայ իրենց համար: Կ’արժէ նշել, որ Հայաստան եւ Թուրքիա առանձին չեն ներկայացուցած իրաւարարութեան հայցը: Անոնց կողքին հայցը ներկայացուցած են տասնվեց երկիրներ: Նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը պարտադիր է բոլոր հայցուորներուն համար՝ Մեծն Բրիտանիա. Գանատա, Աւստրալիա, Նիւ Զելանտա, Հարաւ Ափրիկէ, Հնդկաստան, Փաքիստան, Պանկլատէշ, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն, Պելճիքա, Յունաստան, Լեհաստան, Փորթուկալ, Ռումանիա, Չեխիա,Սլովաքիա, Սերպիա, Խրուաթիա, Սլովենիա, Պոսնիա, Հերցեկովինա, Մակեդոնիա եւ Մոնթենեկրօ:
Մ. Նահանգներ նոյնպէս յանձնառու կը մնայ իրաւարար վճիռին գործադրութեան, որովհետեւ Մ. Նահանգներու նախագահի որեւէ դիրքորոշում կը հանդիսանայ երկրին դիրքորոշումը:
Հայաստանի հանրապետութիւնը այսօր, իբրեւ ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամ պետութիւն,կրնայ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանին միջոցով (ըստ Միջազգային ատեանի կանոնագրութեան), հաւաստել նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին վաւերականութիւնը եւ պահանջել Հայաստանին յատկացուած տարածութիւնը:
Նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը միջազգային այն փաստաթուղթն է, որ ճանչչցաւ եւ ամրագրեց Հայաստանի սահմանները:
Պահանջատիրական մեր երթը այսօր կը վերանորոգենք պետականօրէն տէր կենալով Ուիլսընեան սահմաններով ճշդուած ազատ, անկախ եւ Միացեալ Հայաստանին: