Տիանա Աբգար՝ Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպան
Գրեց՝ ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Տիանա Աղաբեկ Աբգարեան, ծնած է 12 Հոկտեմբեր 1859-ին Ռանկուն, Բրիտանական Պուրմա։ Փոքր տարիքին իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Կալկաթա, ուր հայկական աշխուժ գաղութ մը գոյութիւն ունեցած է: Ծնողքը եղած է պարսկահայ, հայրը՝ Նոր Ջուղա քաղաքէն, իսկ մայրը՝ Շիրազէն։ Ան եղած է ընտանիքին 7 զաւակներէն ամենէն փոքրը: Տիանա Աբգար իր նախնական ուսումը ստացած է Կալկաթայի Ս. Սանդխտեան վարժարանի աղջկանց դպրոցին մէջ: Ան սահուն կը խօսէր հայերէն, անգլերէն, հնդկերէն եւ ճափոներէն:
Տիանա Աբգար 1888-ին, 29 տարեկանին կ՚ամուսնանայ Աբգար Միքայէլ Աբգարի հետ, որուն մօր ընտանիքին արմատները Տիանայի մօր ծննդավայրէն էին:
Աբգար ընտանիքի անդամները մեծանուն առեւտրականներ եղած են Հարաւային եւ Ծայրագոյն Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ:
1891-ին, երիտասարդ զոյգը կը հաստատուի Ճափոնի Եոքոհամա քաղաքը ու կ՚ընդլայնէ ընտանեկան առեւտուրի գործունէութիւնը՝ հիմնելով արտածման ու ներածման ընկերութիւն մը: Տիանա կը զբաղի իր զաւակներուն դաստիարակութեամբ եւ նոյն ժամանակ կը սկսի գրելու: Յաջորդաբար լոյս կը տեսնեն անոր գրական եւ պատմագիտական 10 գիրքերը, որոնցմէ երեքը նուիրուած էին Հայաստանի ու հայութեան դէմ գործուած բռնութիւններուն, ջարդերուն եւ տեղահանութեան:
Տիանա Աբգար օտար շրջանակներու մէջ համարձակօրէն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի ծանր վիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ իր ջանքերուն շնորհիւ է որ Ճափոնը կ՚ըլլայ առաջին երկիրը, որ կը ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը 1920-ին:
Գնահատելով Տիանա Աբգարի հայրենասիրական գործունէութիւնը՝ այդ օրերուն Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեան զայն կը նշանակէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ճափոնի դեսպան եւ Եոքոհամայի հիւպատոս: Ան մեծ ճիգ կը թափէ Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան ճանաչման համար ու կը յարգուի միջազգային դիւանագիտական շրջանակներու կողմէ: Սակայն ան չի գոհանար ատով. կը զբաղի նաեւ բարեսիրական գործունէութեամբ, օգնելով 1915-ի Ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթականներուն:
Հայաստանի վարչապետ եւ Արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեանի նամակը, ուղղուած Տիանա Աբգարին, 22 Յուլիս 1920-ին.
«Արտաքին գործերի մինիստր
Երեւան, 22 Յուլիս 1920 թ.
Յարգելի տիկին,
Ինձ լաւ յայտնի է, որ Ծայրագոյն Արեւելքում ոչ ոք չի գործել այնքան, ինչքան դուք, մեր նորածին հայրենիքի շահերը պաշտպանելու եւ մեր հայրենակիցների ծանր վիճակը թեթեւացնելու համար: Նոյնպէս ինձ յայտնի է, որ այդ հեռու վայրերում ոչ մի Հայ չունի այնքան մեծ հեղինակութիւն տեղացիների եւ մեր հայրենակիցների մօտ ինչպէս դուք՝ ուստի ես ձեզ նշանակում եմ Հայաստանի հիւպատոս Ճապոնում եւ յոյսով եմ, որ չէք մերժի ստանձնել այդ ծանր պաշտօնը յօգուտ մեր երիտասարդ հայրենիքի:
Սրա հետ միասին ուղարկւում է ձեզ համապատասխան հաւատարմագիր, վստահ եմ որ Ճապոնական կառավարութեան կողմից ոչ մէկ արգելքի չէք հանդիպիր ստանալու անհրաժեշտ Exequatur:
Ուղարկում ենք ձեզ Արտաքին գործերի մինիստրութեան վերջին տեղեկագիրը, որից դուք կը ծանօթանաք Հայաստանի ներկայ վիճակի հետ: Կ՚օգտուենք ամէն մի դէպքից ձեզ միշտ տեղեկութիւններ տալու եւ խնդրում ենք մեզ նոյնպէս տեղեակ պահել Ծայրագոյն Արեւելքի կեանքի մասին:
Ընդունեցէք սրտագին ողջոյններիս հաւաստիքը։
Մինիստր Նախագահ եւ Արտաքին Գործերի Մինիստր
ՀԱՄՕ ՕՀԱՆՋԱՆԵԱՆ
Տիկին Դիանա Աղաբեկ Աբգարին, Եոքոհամա»
Ինչպէս իր նախնիները, Տիանա «Անահիտ» Աբգար եւս եղած է Սփիւռքի երախայ, թէ՛ իր նախահայրերը եւ թէ անոր ամուսնոյն նախահայրերը եղած են 1605-ին պատմական Ջուղայէն բռնի տեղահանուածներու շրջանակէն:
1920-ին ան արդէն հրատարակած էր Հայոց ցեղասպանութեան, միջազգային յարաբերութիւններու, համաշխարհային գործերուն վրայ անպատժելիութեան ազդեցութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան նուիրած 9 գիրքեր:
Տիանա Աբգար կը փորձէ հրաշքներ գործել, օգնելով դժուար վիճակի մէջ յայտնուած աղքատ օտարներու, յատկապէս երբ անոնց մէջ կիներ եւ երախաներ կային:
Նոր կարգավիճակը կը ծանրացնէ Տիանա Աբգարի ճակատագիրը եւ իր պաշտօնը Ճափոնի կառավարական շրջանակներուն մէջ: Բացի դիւանագիտական պարտականութիւններէ, ան նպաստեց նաեւ հայ գաղթականներու, որոնք հեռաւոր ափերուն, մասնաւորաբար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապահով ապաստան գտան: Ան 20 Դեկտեմբեր 1920-ին նամակով մը դիմած եւ տեղեկացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին, հայկական տառապանքներուն մասին: Տեսնելով մեծ տէրութիւններու անպատախանատու գործերը, ան առիթով մը ըսած է. «Ես աւելի շատ կը վստահէի սատանային, քան եւրոպական ուժերուն»:
Տիանա Աբգարի հիւպատոսական պաշտօնը վերջ կը գտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումով:
Տիանա Աբգարի՝ հաւատքին եւ Հայ եկեղեցւոյ նուիրումը եղած է անսահման: 10 Փետրուար 1920-ին, Միացեալ Նահանգներու հայ հոգեւորականներուն ուղղուած նամակին մէջ ան կ՚ըսէ. «Հայ եկեղեցիի նման եկեղեցի չկայ իր կենսական ոգիով եւ աղօթքի մխիթարութեամբ, ոչ ալ այն, ինչը կարենայ ունենալ հայկական պատարագի ուրախալի զգացումը: Ես չեմ գիտեր, արդեօք կու գա՞յ այն օրը, որ հնարաւորութիւնը կ՚ունենամ ըլլալու իմ եկեղեցւոյ շեմին եւ ըլլալու զանգուածի մասնակից, որ իմ ականջները լսեն ու սփոփուին այդ աղօթքներով»:
Տիանայի հայրենասիրութիւնը կը փարի կրօնական նախասիրութեան. ան հաւատարիմ, հաւատացեալ էր եւ իրապաշտ:
Տիանա Աբգար 67 տարեկանին կ՚ունենայ ֆիզիքական զանազան դժուարութիւններ, վերջնական հարուածը կ՚ըլլայ 8 Յուլիս 1937-ին, երբ Տիանա Աբգար կը փակէ իր աչքերը։
10 Յուլիս 1937-ին, Եոքոհամայի եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էր հսկայական բազմութիւն մը՝ հրաժեշտ տալու իրենց համայնքի միակ գործիչին, որ 46 տարիներու ընթացքին ծառայած եւ ապրած է արժանապատւութեամբ: Թաղման արարողութեան ընթացքին պատուելի Շէնք կը խօսի Տիանա Աբգարի մասին, ըսելով. «Յիսուս Քրիստոսի լաւ զինուոր, պահապան, ուժեղ, խիզախ եւ հաւատարիմ՝ իր համոզումներուն»։ Տիանա Աբգար կը թաղուի Եոքոհամայի օտարներու գերեզմանոցը, ամուսնոյն կողքին: Անոր գերեզմանաքարը փորագրուած է պարզ բառերով եւ կը վկայէ անոր կեանքն ու հաւատքը՝ «Երկրի ստուերից դուրս, Երկնային հօր օրուան: Մենք սիրեցինք նրան, բայց Աստուած սիրում էր իր լաւագոյնը»:
Անոր դամբանին այժմ հոգ կը տանի Թոքիոյի Հայ-ճափոնական բարեկամութեան ընկերակցութիւնը:
Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. կաթողիկոսը ըստ արժանւոյն գնահատելով Տիանա Աբգարի գործունէութիւնը՝ 1926-ին անոր յատուկ կոնդակ կ՚ուղարկէ հայ ժողովուրդի շահերուն ծառայելուն եւ դժուար պահերուն անոր կողքին ըլլալուն համար:
«Ասպարէզ» ■