Հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ վարչապետարանին մէջ նախագահեց «Քորոնա»-ի դէմ պայքարի քայլեր որդեգրելու եւ դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին ապահովական միջոցառումներու դիմելու յատուկ նիստի մը:
Նիստին ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Անթուան Սալիպա, գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուր, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Սամիր Սնան, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Խալետ Համմուտ, ինչպէս նաեւ Տիապի խորհրդականներ Խտըր Թալեպ եւ Փեթրա Խուրի: