Անյայտ անձեր ներխուժած եւ վնասներ հասցուցած են Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ:
«Ռուսարմինֆօ»-ի փոխանցումով` «Ալ-Մոնիթըր»-ը` վկայակոչելով հայ վերակացու Արմէն Տեմիրճեանը, հաղորդած է. «Չարագործները զինուած եղած են մուրճերով եւ վնասներ հասցուցած եկեղեցւոյ շէնքին»:
Նախապէս կը հաղորդուէր, որ անյայտ անձեր սրբապղծած են Տիգրանակերտի հայկական եկեղեցին: Տաճարի խորանը աւերուած է, իսկ սրբանկարներու կտաւները պատռտուած են:
2011-ին սփիւռքի նուիրատուութիւններուն շնորհիւ եկեղեցին վերանորոգուած էր եւ վերաբացուած: Եկեղեցին վնասուած էր թրքական բանակին եւ քիւրտ զինեալներուն միջեւ 2015-ին տեղի ունեցած բախումներուն ժամանակ: