ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամասք».- Երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան Երեւանին նուիրուած նոր գործ մը յօրինած է «Երեւան» պատանեկան նուագախումբին համար:
Մանսուրեան յայտնեց, որ «Երեւան» երգին երաժշտութիւնը գրած է՝ միտքին մէջ ունենալով երեխաներու զրնգուն ձայները, որոնք կը հնչեն բնութեան մէջ: Երգին բառերուն հեղինակը գրող Կարէն Անտաշեանն է:
Երեւանի քաղաքապետարանի պատանեկան նուագախումբին մաս կը կազմեն մայրաքաղաքի երաժշտական եւ արուեստի 25 դպրոցներու 8-16 տարեկան 120 սաներ: Մեծ է նաեւ երգչախումբը՝ 300 պատանի կատարող:
«Երեխաները պրոֆեսիոնալներ են ու գիտեն իրենց աշխատանքի ամբողջ էութիւնը: Պէտք է աշխատենք, կատարելագործենք, գեղարուեստական մարմին տանք: Երբ լսում էի, գիտէի ու զգում էի, որ ճիշդ է, այսպէս պէտք է հնչի երգը՝ առանց աւելորդ յուզականութեան, մաքուր ապրում», ըսաւ Տիգրան Մանսուրեան՝ նուագախմբին կատարումը լսելէ ետք: