Վարժարանի ուսումնակրթական մակարդակը բարելաւելու նպատակին նպաստող ծրագիրներու ծիրէն ներս, 12-էն 17 Մարտ 2023-ին Ք․Ա․Վարժարանը հիւրընկալեց Լիբանանահայ դպրոցական մեթոտաբանութեան մասնագէտ՝ Տիկին Գոհար Գանտահարեանը։
Տիկին Գանտահարեան յատուկ ծրագրով առաջին հերթին Մանկապարտէզի անձնակազմին եւ հայրենաւանդ ուսուցիչներուն համար դասալսումներ իրագործեց, որմէ ետք անհատական եւ հաւաքական հանդիպումներ, ուսուցիչներու workshop եւ ծնողական հաւաք։
Ծրագիրը կը միտի վարժարանէս ներս կիրարուած ուսուցման մեթոտաբանութեան զարգացման։
Հոս տեղին է նշել, որ այս ծրագիրը չէ սահմանափակուած այս այցելութեամբ միայն, այն ան պիտի ունենայ շարունակական բնոյթ։
Սոյն ծրագրի յաջորդ փուլը պիտի ընդգրկէ նաեւ մնացեալ առարկաներու դասատուները եւ հետեւողականօրէն աշխատանք պիտի տարուի, վարժարանէս ներս դասաւանդման մեթոտներու զարգացման ուղղութեամբ։