Ռումանիոյ Մամայա քաղաքին մէջ իր աւարտին կը մօտենայ աշխարհի ճատրակի պատանեկան 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութիւնը:
Աղջկանց 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, 10-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ախոյեան, ազգային հաւաքականի անդամ Մարիամ Մկրտչեան, որ արդէն իսկ հանգրուան մը առաջ ապահոված էր աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը, երէկ արձանագրեց իր 10-րդ յաջորդական յաղթանակը` սեւ քարերով պարտութեան մատնելով Լեհաստանի ներկայացուցիչ Մարթինա Վիքարը:
Մկրտչեանէն երկուքուկէս կէտով ետ կը մնան երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւող Պատ-Էրտեն Մունկուսուլ (Մոնկոլիա) եւ Այան Ալլահվերտիեւա (Ազրպէյճան):
Այսօր տեղի կ՛ունենան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումները: