ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 220
Ապստամբութիւ՞ն էր արդեօք Սասունի 1904-ի գոյամարտը, թէ՞ ինքնապաշտպանութիւն:
Սասունի աշխարհագրական դիրքը որոշ անկախութիւն մը պահպանելու կարելիութիւն ընծայած էր անոր քաջարի բնակիչներուն: Սասունը դարձած էր ազգային-ազատագրական պայքարի կարեւոր ոստաններէն մէկը՝ ֆետայիներու կեդրոնավայրը:
Ձախողելով ընկճել սասունցիներու 1894-ի ապստամբութիւնը՝ օսմանեան կառավարութիւնը նոր յարձակումի ծրագիր մը մշակեց եւ քանի մը զօրանոց սկսաւ կառուցել Սասունի շրջակայքը: Խարբերդէն, Տիարպեքիրէն վաշտեր շարժեցան դէպի Մշոյ դաշտ եւ Սասուն: Փաստօրէն, 1904-ի գոյամարտէն շատ առաջ իսկ շրջափակուած էր Սասունը:
Նորանոր ջարդի մը սարսափը տարածուած էր ամէնուրեք: Օտար դիւանագիտութիւններու ներկայացուցիչներ՝ գարնան սպասուող կոտորածներ կը շշնջային իրենց մայրաքաղաքներուն:
Իրականութեան մէջ ոչ թէ Սասունը կ’ապստամբէր սուլթանին դէմ,– ինչպէս կը յայտարարէին օսմանեան շրջանակներ եւ կացութենէն անտեղեակ լրագրողներ,– այլ՝ օսմանեան կառավարութիւնը կը պատրաստուէր բնաջնջելու Սասունի հայութիւնը:
Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները աճապարեցին օգնութեան հասնելու Սասունին: Դաշնակցութիւնը զինեալ խումբեր ծրագրեց ղրկել Սասուն, սակայն թուրք սահմանապահներ արգելք հանդիսացան անոնց մուտքին: Պարսկաստանէն եւ Կովկասէն Սասուն տանող ճանապարհները կը գտնուէին թրքական բանակին եւ քրտական աշիրեթներու հսկողութեան տակ: Առաջին խումբը, որ Կարսէն հասաւ Սասուն, Թորգոմի (Թուման Թումանեան) խումբն էր 1903-ին, ՀՅԴ Ջրաբերդի կոմիտէի կազմակերպութեամբ: Նիկոլ Թումանի գլխաւորութեամբ խումբ մը ֆետայիներ անցան Սասուն: Դաշնակցական կարգ մը ջոկատներ յաջողեցան անցնիլ ռուս-թրքական սահմանը: Արեւմտահայաստանի մէջ կազմակերպուած զինեալ խումբերը սահմանափակ էին իրենց կարողութիւններով: Այս իմաստով մեծ նշանակութիւն ունէին Երկիր մեկնող ֆետայական խումբերը:
Ֆետայական բազմաթիւ խումբեր բախեցան թուրք սահմանապահներու, ապա՝ քիւրտ հրոսակներու յարձակումներուն, իսկ աւելի ուշ՝ ռուս սահմանապահներու կրակին դէմ: Ոմանք ստիպուած մեծ դժուարութեամբ վերադարձան Կովկաս: Խանի եւ Նովրուզի խումբերը նոյնպէս ունեցան միեւնոյն ճակատագիրը, սակայն «Կայծակ» խումբը Բասենի մէջ թրքական զօրքերուն դէմ ընդհարումներ ունենալէ ետք յաջողեցաւ հասնիլ Սասուն: Այսուհանդերձ անհրաժեշտ օգնութիւնը չհասաւ Սասուն:
Սասունի ինքնապաշտպանութեան հրամանատարութիւնը դրուեցաւ Անդրանիկի ուսերուն վրայ: Անոր կողքին կը գործէր զինուորական խորհուրդը: Խորհուրդին մաս կազմեցին Անդրանիկը, Սեպուհը (Արշակ Ներսիսեան), Կայծակ Առաքելը (Տիգրան Ապաճեան), Սեբաստացի Մուրատը, Սմբատը եւ ուրիշներ:
Ռազմական գետնի վրայ Սասունի գլխաւոր գիծերուն պաշտպանութիւնը ստանձնած էին Անդրանիկը, Հրայր Դժոխքը, Գէորգ Չաւուշը, Հաճին, Սեբաստացի Մուրատը եւ Սպաղանաց Մակարը:
Վճռական հարուածին նախօրեակին Հրայր Դժոխք դիմեց Պոլսոյ հայոց պատրիարքին եւ Դաշնակցութեան արեւմտեան պիւրոյին, որպէսզի վերջիններս Եւրոպական տէրութիւններուն միջոցով կանխեն յարձակումը:
Եւրոպական պետութիւններուն յղուած դիմումներն ու խնդրանքները մնացին անպատասխան:
Սասունի դէմ դուրս եկած էր մօտաւորապէս քսան հազար հաշուող թնդանօթներով եւ գնդացիրներով օժտուած թրքական զօրք մը: Անոր միացած էին շուրջ տասը հազար քրտական աշիրեթներ: Հիմք ընդունելով ֆրանսական եւ բրիտանական հիւպատոսներուն տուեալները՝ հայ ֆետայիներուն թիւը հազիւ հաշուէր 400: Փաստօրէն թրքական կառավարութիւնը մէկ քանի հարիւր հայ ֆետայիներու, անզէն մանուկ, ծեր եւ կին սասունցիներու դէմ հանած էր բազմահազար զինուորներ եւ ստուարաթիւ համիտեան քիւրտեր:
Ափ մը ժողովուրդի դէմ կը գործէր բազմաթիւ կարողութիւններով եւ կարելիութիւններով զինուած թրքական պետական մեքենան:
Սասունի վրայ վճռական յարձակումը ծայր առաւ 1 ապրիլ 1904-ին: Օրհասական պայքարին պատրաստուած բուռ մը ֆետայիններ կեանքի գնով հերոսաբար դիմադրեցին եւ բազմաթիւ առիթներով յաջողեցան կասեցնել թշնամիին յարձակումները, հակադրելով նահանջել: Վճռական հարուածներ ստանալու պատճառով, սուլթանը իւրաքանչիւր օր կը համալրէր իր զօրամասերը:
Սասունի մարտական ուժերը խաբէութեամբ ծուղակի մէջ նետելու փորձեր ալ կատարուեցան:
Թրքական հրամանատարութիւնը հայերուն առաջարկեց դադրեցնել դիմադրութիւնը: Առ ի պատասխան՝ սասունցիները պահանջեցին գործադրել 1895-ի Մայիսեան բարենորոգումները:
Ի վերջոյ, մայիսի սկիզբը, զինամթերքի պակասը եւ ուժերու անհաւասարութիւնը վճռեցին ինքնապաշտպանութեան ելքը:
Թշնամին յաջողեցաւ ճեղքել սասունցիներուն դիմադրութիւնը: Դաժան հաշուեյարդար տեղի ունեցաւ Սասունի բոլոր գիւղերուն մէջ: Բանակը տակաւին կը շարունակէր հետապնդել անտառներուն, կիրճերուն, լեռներուն մէջ ապաստանած հայերը: Սուլթանը Սասունի իսլամ բնակիչներուն կ’ազդարարէր չպատսպարել սասունցիները:
Սասունի ինքնապաշտպանութիւնը աւարտեցաւ մայիս 1904-ին: Թուրք դահիճները առնուազն ութ հազար հայ ոչնչացուցին կարճ ժամանակի մէջ: Բախումներուն ընթացքին նահատակուեցաւ հայ ազգային ազատագրական պայքարի ամենապայծառ դէմքերէն Հրայր Դժոխքը: Հրայրը հողին յանձնուեցաւ Սերոբ Աղբիւրի կողքին, Կելիէկուզան գիւղին մէջ:
Սուլթան Համիտի զօրավաշտերը յաջողեցան փշրել սասունցիներու ինքնապաշտպանութիւնը, բայց ոչ՝ անոնց հերոսական ու ազգասիրական ոգին: Բախումներէն քանի մը ամիս ետք ան արտօնեց սասունցիներուն «վերադառնալու իրենց նախկին տեղերը»:
Յարգելի ընթերցող, փորձեցի առաւելագոյն չափով ամփոփել Սասունի 1904-ի ինքնապաշտպանութեան հերոսական դրուագները:
Յօդուածս կը միտի լուսարձակի տակ առնել հայ ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական այդ օրերուն «Մեծ» պետութիւններու ցուցաբերած բացասական վերաբերումը, անտարբերութիւնը եւ մեղսակցութիւնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս պատահեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի 44-օրեայ ճակատամարտին:
Արեւմտեան պետութիւնները եւ Ռուսիան ոչ մէկ նախաձեռնութիւն ստանձնեցին սասունցիներու պաշտպանութեան մէջ: Ընդհակառակը, իրենց շահերէն մեկնելով՝ ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով օժանդակեցին սուլթանին: Ճափոնի դէմ պատերազմի մէջ ըլլալով՝ ցարական Ռուսիան չէր փափաքեր սրել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները: Ռուս սահմանապահները կովկասահայերուն արգիլեցին անցնիլ Արեւմտահայաստան եւ օգնել սասունցիներուն: Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ հիւպատոս Վիաչիսլաւ Սքրիապին ռուս դեսպանին եւ Կովկասի կառավարչապետին քանիցս կ’ահազանգէր՝ շուրջ 2000 հայ գարնանը մուտք պիտի գործեն Արեւմտահայաստան՝ սասունցիներուն օգնելու նպատակով: Ռուս հիւպատոսը կը պահանջէր, որ ռուս սահմանապահները խստագոյնս հետեւին հայերուն եւ արգիլեն սահմանը անցնելու անոնց փորձերը: «Խանգարել թրքական իշխանութիւններուն, որպէսզի եռանդուն միջոցներու չդիմեն Էրզրումի նահանգը թափանցող զինուած աւազակախումբերուն դէմ, կը նշանակէ խրախուսել հայերու յեղափոխական շարժումները ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ Ռուսիոյ մէջ»,– կը զգուշացնէր Սքրիապին:
Ֆետայական խումբերը «աւազակախումբ» կ’անուանէր հիւպատոսը՝ աւելցնելով, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ շահերը կը համընկնին «այդ» հարցին մէջ…: Քայլ մըն ալ առաջ երթալով՝ հիւպատոսը Էրզրումի կուսակալին օգնութեան կը դիմէր. «…սահմանին վրայ ընդհանուր կարգ ու կանոնը պահպանելու նպատակով…»: Այս որքա՜ն նախանձախնդրութիւն ի սէր Թուրքիոյ սահմաններուն անվտանգութեան:
Փաստօրէն Սասուն մեկնող մարտական խումբերուն ճանապարհին գլխաւոր արգելքը ռուս սահմանապահներն էին…
Նենգութեան գլուխ գործոցը, ինչպէս միշտ, վերապահուած էր բրիտանական կայսրութեան: Դաշնակցութեան արեւելեան պիւրոյէն իմանալով դէպի Արեւմտահայաստան զինախումբեր ուղարկելու ծրագիրը՝ Թիֆլիսի մէջ Բրիտանական կայսրութեան ներկայացուցիչները թրքական կառավարութեան հաղորդեցին, թէ «հայ աւազակներ» ռուսերու թելադրութեամբ զէնք եւ զինեալ պիտի փոխադրեն Թուրքիա: Գետնի վրայ Թիֆլիսի մէջ նստած Բրիտանիոյ ներկայացուցիչները առ երես հայ կամաւորներու մուտքը կը խրախուսէին Թուրքիա, միաժամանակ Բարձր դռան կը հաղորդէին իրենց քաղած տեղեկութիւնները:
Բրիտանացիները մէկ կողմէ իրազեկ կը դարձնէին օսմանեան իշխանութիւնը հայերու մտադրութեան, միւս կողմէ կը փորձէին ալեկոծել ռուս-թրքական փոխյարաբերութիւնները…: Երկդիմի այս խաղերով, անոնք կը ձգտէին սահմանային ընդհարումներ հրահրել ռուսերու եւ թուրքերու միջեւ:
Մեր ազգային ազատագրական պայքարը Արեւմտեան պետութիւններու եւ ցարական Ռուսիոյ միջեւ Օսմանեան Թուրքիան ( հետագային քեմալական Թուրքիան, այսօր ալ՝ Էրտողանի Թուրքիան) սիրաշահելու թղթախաղ ծառայեց:
Պատմութիւնը կրկնեց ինքզինք Արցախի 44- օրեայ ճակատամարտի ընթացքին եւ կը շարունակուի առ այսօր: Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Մ. Նահանգներու, Ռուսիոյ ներկայացուցիչներ Պաքուի մէջ՝ «գրաւեալ հողերը ազատագրելու Ազրպէյճանի քայլը» կ’ողջունեն, նոյն այդ պաշտօնակատարներ Երեւանի մէջ՝ մարդասիրական ճառեր կ’արտասանեն, հայ գերիները անյապաղ ազատ արձակելու կոչեր կ’ուղղեն Ազրպէյճանին…