Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Տնտեսական ընկերային խորհուրդի կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի, խորհուրդի յանձնախումբերու նախագահներուն, կարգ մը սենտիքաներու նախագահներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը երեսփոխաններու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Արպիտ յայտնեց, որ մինչ Լիբանան տնտեսական եւ ընկերային իր տագնապները լուծելու խիստ կարիք ունի, արաբական երկիրներուն հետ անոր յարաբերութիւններուն ապրած դիւանագիտական տագնապը մուտք կը գործէ լուրջ փուլ մը եւ կը սպառնայ Լիբանանի դիրքին, յարաբերութիւններուն եւ տագնապներուն լուծման հաւանականութիւններուն:
Արպիտ հաստատեց, որ աշխատավարձերու սրբագրութիւնը աշխուժ անհրաժեշտութեան մը վերածուած է` ապրուստի անհանդուրժելի պայմաններուն ընթացքին:
Արպիտ կարեւոր նկատեց, որ աշխատավարձերու սրբագրութեան կողքին պահպանուին նաեւ կրթական հաստատութիւնները, եւ երաշխաւորուի աշակերտներուն տեսակարար կրթութիւնը:
Արպիտ ընդգծեց, որ աղքատութեան դէմ պայքարի միջոցներու որոնումը իրենց համար անհրաժեշտութիւն է:
Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ ներկայ կացութեան բարելաւումը կառավարութեան նիստերու կարիք ունի` աւելցնելով, որ Տնտեսական ընկերային խորհուրդը կառավարութեան գործընկերը կը նկատուի` պատասխանատուութեան բեռը կիսելու համար: «Կոչ կ՛ուղղեմ կառավարութեան այս խորհուրդը նկատի ունենալու իբրեւ յենարան եւ անոր վստահելու պատասխանատուութիւններ: Խորհուրդը պատրաստ պիտի ըլլայ լուծումներ տրամադրելու», եզրափակեց Արպիտ:
Վարչապետ Միքաթի իր կարգին յայտնեց, որ Լիբանանը Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ զարգացումներ իրականացուցած է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կը փորձէ հատուցման քարտի ֆինանսաւորումը Միջազգային դրամատունէն ապահովել:
Անդրադառնալով Եգիպտոսէն, Յորդանանէն եւ Իրաքէն Լիբանանին տրամադրուելիք ուժանիւթի աղբիւրներուն` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ այդ ուժանիւթի Լիբանանին տրամադրուելուն պարագային կարելի պիտի ըլլայ 12-15 ժամ ելեկտրական հոսանք ապահովել:
Միքաթի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն վստահութիւնը վերադարձնելու դրամատնային մարզին` աւելցնելով, որ ինք նախ եւ առաջ կը ջանայ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարները պաշտպանել:
Նշենք, որ հանդիպումին ընթացքին Տնտեսական ընկերային խորհուրդի «Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբ»-ի նախագահ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան վարչապետ Միքաթիին ներկայացուց իր նախագահած յանձնախումբին մշակած աշխատանքային ծրագիրը, որ բարձր գնահատանքով ընկալուեցաւ անոր կողմէ: