Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը.
«Ամերիկեան տոլարին սակը կը նուազի… սակայն գիները կը մնան նոյնը: Երկիրը մութին մէջ կ՛ընկղմի… իսկ ելեկտրականութեան հոսանքի խոստումները կ՛անհետանան անոր մէջ: Մինչեւ ե՞րբ:
Սառած եւ ոչ արդիւնաբեր իրավիճակ… իսկ ապրուստի վիճակը` դէպի նահանջ: Մինչեւ ե՞րբ»: