Դատարկ օղակի մը մէջ դարձող կառավարութեան կազմութեան փորձերը անկասկած իրենց ծանր ազդեցութիւնը կ՛ունենան Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին վրայ, որոնք կը դրսեւորուին ընկերային հետեւանքներով:
Լիբանանեան պետութեան արդէն անդամալոյծ վարչակարգը ամէնօրեայ դրութեամբ հսկայական աւեր կը գործէ երկրին տարբեր մարզերուն մէջ` փողոց վերադարձնելով երբեմնի ժողովրդային շարժումի ցոյցերն ու ճամբաները փակելու սովորութիւնները:
Վաղը` հինգշաբթի, 17 յունիս 2021-ին երկրին Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան եւ սենտիքաներու համադաշնակցութեան կատարելիք ընդհանուր գործադուլը կը յուշէ, որ Լիբանանը հասած է ժողովրդային ցասումի փուլին, որուն ընթացքին շատ բան կրնայ փոխուիլ երկրին եւ քաղաքացիին առօրեայէն:
Այս բոլորին կողքին նախանցեալ երեկոյեան մեծ քանակով երեխաներու կաթ փճացնելու իրականութիւնը իր կարգին դուռ բացաւ ժողովրդային լայն արձագանգի:
Կաթի փճացման մասին կատարուեցան կարգ մը յստակացումներ, իսկ ընդհանուր դատախազութիւնը Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին պարտականութիւն տուաւ հետաքննութիւն բանալու` երեխաներու կաթի փճացուած տուփերու հարցին մասին:
Միւս կողմէ, սննդեղէն ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յայտնեց, որ երեխաներու կաթի փճացուած տուփերուն պատասխանատու է «Նեսթլէ» ընկերութիւնը` աւելցնելով, որ փճացումին հիմնական պատճառը այն է, որ անոնք ժամկէտանց արտադրութիւններու վերածուած են 2018-2019 թուականներուն եւ ինքնաբերաբար շուկայէն հաւաքուած են:
Պոհսալի հաստատեց նաեւ, որ մէկէն երեք տարեկան երեխաներու կաթին տրամադրուած նպաստը կասեցուած է:
Այս իմաստով սննդեղէնի յատուկ արտադրութիւններ բաժնող «Վիվեսիթի էնտ փրոտիճի» ընկերութեան վարչական գործընկեր Ռոժէ Մկրտիչեանի կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 14 յունիս 2021-ին մէկ տարեկանէն վեր մանուկներու կաթի քանակ մը փճացնելու աշխատանք տարուեցաւ սննդեղէնի փճացման յատուկ վայրին մէջ, Քարանթինա:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ լիբանանեան իշխանութիւններն ու պետական խորհուրդները հսկեցին այդ աշխատանքին` նկատի ունենալով, որ փճացուած կաթի տուփերը արդէն իսկ լիբանանեան շուկայէն հաւաքուած էին ժամկէտանց ըլլալու պատճառով:
«Տուփերը հաւաքելու աշխատանքը կատարուած էր տուեալ սննդեղէնի ժամկէտը անցնելէն երեք ամիս առաջ: Երեխաներու կաթի ժամկէտները կ՛աւարտէին 2018 եւ 2019 տարիներուն, ինչպէս նաեւ 2020-ի սկիզբը` նախքան պետութեան կողմէ երեխաներու կաթի նպաստին ճշդումը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուած է նաեւ, որ կաթի տուփերը փճացուած են ելեւմուտքի նախարարութեան եւ Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդի հաւանութիւնը ստանալէ ետք:
Իր կարգին, Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 24 ապրիլ 2019-ին, 19 օգոստոս 2019-ին, 21 նոյեմբեր 2019-ին եւ 14 դեկտեմբեր 2020-ին, «Վիվեսիթի էնտ փրոտիճի» ընկերութենէն ստացած է նամակներ, որոնք կը հաստատեն, որ ունին երեխաներու ժամկէտանց կաթ եւ այլ սննդեղէն, որոնք պէտք է փճացուին եւ արտօնութիւն կը խնդրեն զանոնք պատշաճ ձեւով փճացնելու ու թափօններու վերածելու:
Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդը ընդգծեց, որ այս հոլովոյթը բնական է` նկատի ունենալով, որ ժամկէտանց արտադրութիւնը աղբ կը նկատուի: