ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան Ուրբաթ, 13 Յուլիսին հանդիպեցաւ չեխական «Ֆլայ Եունայթըտ» (Fly United) ընկերութեան հիմնադիրներ Եան Սթիլեցի եւ Եւա Ստիլցովայի հետ:
Ընկերութիւնը զբօսաշրջութեան ծառայութիւններ կը մատուցէ՝ համատեղելով պետական եւ մասնաւոր ընկերութիւններու, անհատներու հետ աշխատանքը գործարար եւ հանգիստի ոլորտներուն մէջ:
Եան Սթիլեց ներկայացուց շուրջ 25ամեայ ընկերութեան փորձառութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց այդ փորձառութիւնը հայաստանեան մասնագէտներու փոխանցելու: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ արդէն մտադրութիւն ունին Հայաստանի մէջ «Ֆլայ Եունայթըտ»ի գրասենեակ բանալու:
Նախարարը ողջունեց Հայաստանի նկատմամբ չեխ գործարարներու հետաքրքրութիւնը, ներկայացուց գործարար ոլորտին եւ ներդրումային ծրագիրներուն առընչուող կառավարութեան քաղաքականութիւնը:
Նախարարնի հետ հանդիպումէն ետք չեխ գործարարները առաւել մանրամասն հարցեր քննարկեցին Զբօսաշրջութեան կոմիտէի եւ «Բիզնես Արմէնիա»ի ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախարար Արծուիկ Մինասեան նոյն օրը շարք մը այլ հանդիպումներ ունեցաւ օտարերկրեայ գործարարներու հետ, որոնք հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու եւ գործարարութեամբ զբաղելու հնարաւորութեամբ:
Նախարարը հանդիպեցաւ նաեւ եգիպտական «Էլ Սըուէտի Միթըրզ» (El Sewedy Meters) խումբի զարգացման գծով տնօրէն Լէոն Տէր Յակոբեանի, նոյն խումբի չեխական գործընկեր «Զի.Փի.Էյ. Սմարթ Էնըրճի» (ZPA Smart Energy) ընկերութեան տարածաշրջանային վաճառքի տնօրէն Եան Սլաւիքի, ապա՝ աւստրիական «Սթրապեկ» (Strabag) ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումներուն մասնակցեցան նախարարի տեղակալները, նախարարութեան եւ «Բիզնես Արմէնիա»ի պատասխանատու այլ անձեր: