Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ելեւմտական-դատական նիստի մը` ներկայութեամբ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ Պետական շուրայի նախագահ դատաւոր Ֆատի Էլիասի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Կեդրոնական դրամատան թիւ 151 հրամանագիրին գործադրութեան վերջ տալու Պետական շուրայի որոշումին հետեւանքները, եւ ըստ այնմ որոշուեցաւ թիւ 151 հրամանագիրին գործադրութիւնը ուժի մէջ պահել:
Այսինքն` դրամատուները կը շարունակեն տոլարով հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները անոնց յանձնել 3900-ի սակին հիման վրայ:
Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան եւ Պետական շուրային միջեւ գործակցութիւնը պահելու կարեւորութիւնը` երաշխաւորելու համար Լիբանանի շահերը:
Նիստէն ետք Ռիատ Սալամէի եւ լրագրողներուն միջեւ զրոյցի մը ընթացքին ան հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունը չէ սնանկացած` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն գումարները դրամատուներուն մէջ են եւ չեն շոգիացած, «իսկ մօտիկ ապագային անոնք պիտի վերադարձուին իրաւատէրերուն», շեշտեց Սալամէ:
Նշենք, որ նախագահ Աուն Սալամէի ներկայութեամբ նախագահեց նաեւ այլ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ հիմնական սննդեղէնի եւ հում նիւթերու նպաստի թղթածրարը:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան շարք մը լուծումներ` շարունակելու համար օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ Սալամէի եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի միջեւ խորհրդակցութեան կարեւորութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի եւ Ղազի Ուազնիի հետ: