ԷՎԵԼԻՆԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ–ը
Սիրելի Լիբանա՛ն, մայրիներու չքնաղ երկիր, երախտապարտ հայ ժողովուրդը քեզ հետ կը սգայ քու նոր կորուստներդ, քու գրկիդ մէջ հանգրուանած իր զաւակներուն կորուստները: Քեզ պատուսհասած նոր, սոսկալի ողբերգութեան պահուն՝ ցաւ ի սիրտ՝ քու կողքիդ է, դարձեալ անելանելի, ծանր վիճակի մէջ յայտնուած հայկական համայնքի կողքին՝ հաւատով, որ Պէյրութը փիւնիկի նման պիտի յառնի մոխիրներէն:
Գթասիրտ Լիբանա՛ն, Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածներու տառապեալ քարաւաններուն դուն հարազատի պէս օթեւան տուիր, օգնեցիր ոտքի կանգնիլ, ուշքի գալ: Անոնք չչուեցին հեռուներ, անոնք ցանկացան մնալ հայրենիքին մօտ՝ օր մը վերադառնալու մեծ յոյսով ու երազանքով:
Հարազատ Լիբանա՛ն, դուն հնարաւորութիւն տուիր, որ քու երկրիդ մէջ աղէտեալ հայերը, մանկութիւն չապրած որբերը վերահաստատեն իրենց կենսասէր գոյութիւնը, իրենց ստեղծարար էութիւնը: Անոնք իրենց վրէժը լուծեցին ապրելով ու արարելով, լիբանանեան հողի վրայ ծառ տնկելով, տուն կառուցելով ու զաւակներ ունենալով, միաժամանակ ծաղկեցնելով ու զարգացնելով երկիրը:
Խելամիտ Լիբանա՛ն, դուն թոյլ տուիր նոր, փոքրիկ հայաստաններ կերտել քո հողիդ մէջ: Թոյլ տուիր, չորցնելով քու ճահիճներդ, կառուցել նոր Մուսալեռ մը՝ արծուային Այնճարը՝ բացառիկ օրինակ մը աշխարհի բոլոր սփիւռքներու պատմութեան մէջ եւ անով դարձար առաւել պինդ:
Բարի Լիբանա՛ն, դուն համաձայնեցար, որ զիլ հայկական աշխարհ մը կերտուի քու աշխարհիդ մէջ, քու մայրաքաղաքիդ մէջ հայոց Սփիւռիքի մայրաքաղաքը կառուցուի, միացեալ հայրենիքի մանրակերտը՝ իր հոգեւոր կեդրոններով, կրթօճախներով, մշակութային ու բարեսիրական կառոյցներով, ու դուն դարձար առաւել ժողովրդավար ու ազատ:
Հիւրընկալ Լիբանա՛ն, դուն հնարաւորութիւն ընձեռեցիր հայուն՝ դրսեւորելու իր տաղանդն ու շնորհները, դառնալու քու երկրիդ նուիրեալ քաղաքացին, քու զաւակդ, մասնակցելու քու կառուցման, զարգացման գործին:
Խորագէտ Լիբանա՛ն, բարձր գնահատելով հայու տաղանդը, վերլուծական միտքն ու աշխատասիրութիւնը՝ դուն անոնց պատուաւոր տեղեր յատկացուցիր քու գործադիր ու օրէնսդիր իշխանութիւններուդ մէջ, կեանքի բոլոր ոլորտներուդ մէջ ու նաեւ, անոնց շնորհիւ յառաջընթաց ապրեցար: Ահա, թէ ինչու լիբանանահայը կը սիրէ քեզ՝ Լիբանան, ինչպէս իր հարազատը, կը համարէ քեզ իր երկրորդ հայրենիքը:
Տառապեալ Լիբանա՛ն, քու հողիդ մէջ հրահրուած երկարատեւ, եղբայրասպան քաղաքացիական երկու պատերազմներուն խելամիտ հայկական համայնքը դրսեւորեց քաղաքական դրական չէզոքութիւն, թէեւ տառապեցաւ ու հարիւրաւոր զոհեր տուաւ, հազարաւոր վիրաւորներ ունեցաւ, ռումբերու պայթիւններուն տակ վերապրեցաւ Ցեղասպանութեան սարսափները ու տոկաց՝ պայքարելով: Մղձաւանջէն ետք գործուն մասնակցութիւն ունեցաւ քու վերաշինութեանդ: Այսօր ալ, այս ողբերգական պահուն, հայ սերունդներուն մէջ կ’արթննայ պատմական յիշողութիւնը, արհաւիրքի սարսափը:
Մեր հայրենակիցներուն հետ տոկա՛ եւ այսօր, մայրիներու երկիր Լիբանան, վերակերտէ այս սոսկալի պայթիւնէն աւերակներու վերածուած քու չքնաղ մայրաքաղաքդ: Բարեկամ հայ ժողովուրդը քու կողքիդ է, կը հաւատայ, որ դուն դարձեալ պիտի ուղղես քու մէջքդ, պիտի վերականգնես Արեւելքի գեղեցկուհի Պէյրութը եւ աշխարհաքաղաքական ու տարածաշրջանային մարտահրաւէրներու, համավարակի համայնապատկերին պիտի ցուցաբերես շրջահայեացութիւն ու իմաստութիւն՝ յաղթահարելու տեղի ունեցած արհաւիրքին հետեւանքները: