Աշխարհի տարածքին գտնուող հայութիւնը ըլլան քաղաքի թէ գիւղի մէջ հաւատարմօրէն նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 98րդ ամեակը: Արաբական Ծոցի այս փոքրաթիւ համայնքը՝ Տոհան եւս Ապրիլ 26ին, Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 7:30ին, ղպտիներու եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած, պահանջատիրութեան իր ձայնը եկաւ հաստատելու:
Հինգ հարիւր հայեր, որոնք եկած են վերջին տարիներուն, մեծ մասամբ նախկին լիբանանահայեր եւ սուրիահայեր, կազմելով համերաշխ համայնք մը, որ օրէ օր կ՛ամրապնդէ իր կապերը Մայր հայրենիքին հետ:
Ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ տեղւոյն շաբաթօրեայ հայ դպրոցի մատղաշ աշակերտներու երգչախումբով, որոնք երգեցին Հայաստանի պետական հիմնը: Իսկ յանուն Քաթարի հայ ազգային վարչութեան, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պրն. Ստեփան Գարամարտեան:
Օրուան ոգեկոչման հանդիսութիւնը նշանակալի էր այն առումով, որ շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնուհի Տիկ Արիկ Մելքոնեան-Շամմասեանի գլխաւորութեամբ՝ 3-15 տարեկան նոր սերունդի աշակերտներ՝ որպէս վերածնունդի խորհրդանիշ, իրենց մասնակցութիւնը բերին երգերով ու արտասանութիւններով:
Հակառակ որ օրուան որպէս գլխաւոր բանախօս Պէյրութէն հրաւիրուած էր Պրն. Սարգիս Կիրակոսեան, վերջին պահուն արգելիչ պատճառով մը անհնար եղաւ հասնիլ Տոհա, սակայն քաթարահայութեան կարկարուն ուժերէն, մտաւորական երիտասարդներէն՝ փաստաբան Սեւակ Փանոսեան հանդէս եկաւ որպէս գլխաւոր բանախօս: Ան իր կարգին ներկայացուց պատմական անցեալը մեր հայրենիքին սելճուք-թուրք-թաթար բարբարոսներու կողմէ գրաւուած տարածքներով ստեղծուած Հայաստանի պատկերը ներկայացնելով ու հասնելով մինչեւ Իսրայէլ Օրի, որ ազատագրական պայքարի մեր ռահվիրան համարելով մեր յոյսը կապած եղաւ Ռուսաստանին: Այնուհետեւ, բծախնդրութեամբ ընթացող քաղաքական դէպքերուն անդրադառնալով Փանոսեան հասաւ մինչեւ Ցեղասպանութիւն եւ ապա վերլուծեց քրիստոնեայ երկիրներուն յարաբերութիւնը պարտուած թրքական իշխանութիւններու ու մանաւանդ իթթիհատականներուն հետ:
Օրուան զեկուցաբերին ելոյթը առաւել եւս հետաքրքրական բնոյթ ստացաւ երբ ան տուաւ պատկերը Հայաստանի Հանրապետութեան, գծեց անոր տնտեսական թէ աշխարհաքաղաքական հեռանկարները յետագայ տարիներուն, եւ ապա բաղդատականը ըրաւ Թուրքիոյ ունեցած ուժերուն հետ:
Խնամքով եւ մանրամասնեալ պատրաստումը Փանոսեանի զեկոյցին, եղաւ նաեւ դպրոց մը ներկաներուն համար, պատմութեան ընթացքին տեսնելու Հայ ժողովուրդի երթը աշխարհագրական խիստ կարեւորութիւն ունեցող քառուղիին վրայ:
Երեկոյթը առաւել եւս խորհրդաւոր երեւոյթ ստացաւ երբ ներկաները միաբերան երգեցին «Զինուորի Մօր Երգը» եւ «Կիլիկիա» հայրենասիրական երգերը:
Առաջնորդութեամբ Քաթարահայութեան նահապետ Պրն. Արսէն Հալաճեանի, ներկաները մոմավառութեամբ այցելեցին եղեռնի յուշարձանին մօտ եւ վերանորոգեցին իրենց ուխտը մնալու հայ եւ պայքարելու յանուն հայոց արդար Դատին:
Համեմատաբար երիտասարդ համայնք մը ըլլալուն, ուրախալի երեւոյթ մըն էր մեր նոր սերունդին մասնակցութիւնը սոյն հանդիսութեան: Յետ հանդիսութեան ներկաներուն բաժնուեցան Հայաստան խորհրդանշող իւրայատուկ շապիկներ:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ