Տոմինկօ Հինտոյեան 2021 Սեպտեմբերէն սկսեալ պիտի ղեկավարէ Լիվըրփուլի Թագաւորական ֆիլհարմոնիքը։
“Այս նուագախումբը հիանալի հաւաքական ուժ է, որ կազմուած է փայլուն անհատներէ։ Խանդավառուեցայ ոչ միայն նուագախումբով, այլ նաեւ Լիվըրփուլ քաղաքի աշխուժութեամբ եւ երաժշտութեան ու մարզանքի հետ անոր պատմական կապով: Նուագախումբը արուեստի հիմնական դեսպանն է, եւ մեր առաջնահերթ մտահոգութիւններէն պիտի ըլլայ մեր կատարած երաժշտութեան՝ մեծ ժառանգութիւնը պահպանելը, աննախադէպ հնչիւններով հանդիսատեսը ողջունելը եւ արդիւնաւէտ ուսումնական նախագծերով՝ նոր սերունդներու համար ապագայ կերտելը:
Ես ոգեւորուած եմ որպէս Լիվըրփուլի Թագաւորական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի նոր ղեկավար եւ գիտեմ, որ միասնաբար մենք պիտի կերտենք երաժշտութեան պատմութեան մէջ նոր գլուխ մը”,– կ՚ըսէ Հինտոյեան։
Ան ներկայիս Լեհաստանի ազգային ձայնասփիւռի սիմֆոնիք նուագախումբի հիւր ղեկավարն է: Հինտոյեան աշխատած է միջազգային ճանաչում ունեցող շարք մը նուագախումբերու եւ օփերաներու հետ, ինչպէս՝ Լոնտոնի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, «Մեթրոփոլիթէն» օփերան, Վիեննայի Սթաատերը, Ս. Փեթերսպուրկի ֆիլհարմոնիքը, «Սիմոն Պոլիվար» սիմֆոնիք նուագախումբը, «Deutsche Staatsoper Berlin», «Lyric Opera Chicago», «Liceu Barcelona» եւ «Mariinsky» թատրոնները:
Տոմինկօ ծնած է 1980-ին Վենեզուելայի Քարաքաս քաղաքը, բնիկ հալէպահայ մօրմէ: Ան, որպէս ջութակահար սկսած է իր երաժշտական ուսումը, զոր կատարելագործած է Ժընեւի Haute École de Musique-ին մէջ:
Իր հարցազրոյցներէն մէկուն՝ ան պատմած է իր ասպարէզին մէջ՝ հայկական ծագումի դերին մասին։