Երեւակայեցէք:
Ճամբան կը քալես: Ճիշդ առջեւդ կը քալէ կին մը, որ սենտուիչ կ՛ուտէ եւ բջիջայինով կը խօսի: Քիչ ետք սենտուիչը կը լրանայ, եւ մեր ազնուափայլ տիկինը թուղթը, որ սենտուիչին փաթթուած էր, գետին կը նետէ այնքան հանգիստ, կարծես օրէնքը կը յարգէ, թէ երբ սենտուիչդ ուտես եւ վերջացնես, թուղթը գետին պէտք է նետես, ուր որ ալ ըլլաս:
Քանի մը բառ կը մրթմրթաս ի տես «օրէնք»-ը յարգող այս կնոջ եւ կը շարունակես ճամբադ` հանդիպելու համար պարոնի մը, որ խաւաքարտէ գաւաթով սուրճ կը խմէ, եւ հազիւ կը նայիս, թէ ի՛նչ պիտի ընէ, ահա գաւաթը կը թռցնէ դէպի աջ` գետինը աղբաման կարծելով:
Կենցաղավարութեան տարրական օրէնքները մեր հասարակութեան մէջ չեն յարգուիր: Մոթորսիքլեթները մայթերուն վրայ քշողներ, տեսնելով հանդերձ, որ տարեց մը ճամբան պիտի կտրէ, ո՛չ օգնողներ, ո՛չ ալ ինքնաշարժը կանգնեցնող եւ ճամբայ տուողներ, մայթերը վաճառատուներու ցուցափեղկերու վերածողներ, ճամբուն մէջտեղը ինքնաշարժը «պահ» մը կանգնեցնելով անհետացողներ, անդադար գետինը խուխ թքողներ: Տակաւին` այնպիսի անձեր, որոնց արարքները ճամբաներուն վրայ անտանելի վիճակներ կը ստեղծեն:
Կայ ընդհանուր տպաւորութիւնը, որ անօրէնութիւնը օրէնք է: Այն, ինչ որ կարելի չէ կատարել հանրութեան մէջ, արգիլուած չէ այլեւս: Այլ խօսքով, աղբը կրնաս գետին նետել, ճամբաներուն ուղղութիւնը չյարգել ինքնաշարժդ վարելու ընթացքին, բարձր ձայնով խօսիլ, կարգ ու կանոնը խանգարել` առանց նոյնիսկ մտահոգուելու, թէ այդպէս ընելով` կրնաս դիմացինդ անհանգստացնել կամ ուրիշներու ապահովութիւնը վտանգել: Ոչ մէկ պարտաւորութեան տակ կը գտնուիս դիմացինիդ ազատութիւնները եւ իրաւունքները յարգելու: Այս բոլորը այս օրերուն կը պատահին մեր շուրջը, եւ ոչ ոք կը մտածէ, թէ այսպէս վարուելով եւ ապրելով` քիչ-քիչ մարդկայնութենէ կը հեռանանք: Վնաս չունի: Կարեւորը ի՛մս թող ապահովուի: Ինձմէ ետք` ջրհեղեղ:
Իսկ գալով աղբին… հասկնալի է, որ զայն գետին նետել կարելի չէ: Բայց խնդիր մը գոյութիւն ունի: Եթէ աղբաման չկայ, աղբը ո՞ւր պիտի նետեն: Այս ալ` իր կարգին:
ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻ