ՀՅԴ երրորդութեան` Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ռոստոմի եւ Սիմոն Զաւարեանի անհատականութիւններուն մասին հրաշալի գրութիւններ ունի երրորդութեան կենդանագիրը` Սիմոն Վրացեան, որ «ՀՅԴ յուշապատում»-ին մէջ ստորագրած իր գրութիւններուն մէջ լաւագոյնս կը ներկայացնէ ՀՅԴ երրորդութիւնը:
Քրիստափոր: Ֆիզիքականով տկար, բայց զարմանալիօրէն տոկուն եւ աշխատասէր այս անձը, ինչպէս կը նկարագրուի Սիմոն Վրացեանի կողմէ, մտքով եւ հոգիով խորունկ ովկիանոսի մը նման է, մտածումներով եւ զգացումներով զուսպ եւ հանդարտ է խաղաղ օրերուն, իսկ բուռն ու մոլեգին` փոթորիկին ընթացքին: Սակաւախօս մըն է, բայց երբ խօսի, անոր խօսքը խոր ազդեցութիւն կը ձգէ: Վրացեան կը վկայէ, որ Քրիստափոր եղած է անանձնական, համեստ եւ քիչով գոհացող` իր անհատական կեանքին մէջ: Կազմակերպական տաղանդի տէր` Քրիստափոր իրաւամբ ստացած է «մարդակերտ» կոչումը:
Քրիստափորի սերտ գործակիցներէն Միքայէլ Վարանդեան զայն կը համարէ գործի մարդը, որ` «Կուռ տրամաբանող է, ընդհանրապէս պաղ, զուսպ, հաւասարակշռուած, ներսը, սակայն, հրաբուխ, ազնիւ կիրքի խորանդունդ ծով մը, որ շարունակ կ՛ալեկոծուէր եւ դէպի գործ կը մղէր»:
Վիպասան Շիրվանզադէի համաձայն, «Բաւական էր, որ Քրիստափոր սեւ յօնքերը բարձրացնէր եւ ակնոցներուն տակէն նայէր հանդիպողին` ժպտուն դէմքով: Մարդը արդէն յաղթուած էր»:
Վրացեան կ՛եզրակացնէ. բնութիւնը Քրիստափորը ստեղծած էր ղեկավար եւ առաջնորդ ըլլալու համար:
Սիմոն Զաւարեան: Նկարագրով եւ անհատականութեամբ Քրիստափորի ճիշդ հակապատկերն է Զաւարեան, որ ջիղ ու կիրք, ըմբոստ եւ ալեծուփ ոգի մըն է: Զաւարեանի մօտ սիրտը աւելի տիրական է, քան միտքը, հակառակ անոր որ հզօր մտքի տէր անձ մը եղած է: Վրացեան կը գրէ. «Անիշխանական երեւալու չափ ծայրայեղ գաղափարներով եւ յաճախ անհանդուրժող` ուրիշներու հանդէպ: Անզուսպ եւ խարազաննող` սխալ կարծած գործերը եւ բարքերը քննադատելու ժամանակ: Բայց եւ այնպէս` զարմանալիօրէն մարդկային եւ ընկերական, ջերմ եւ մտերիմ, անհատական յարաբերութիւններու ընթացքին:
Զաւարեան ուրիշները կը չափէր այն չափով, որ ինքզինք կը չափէր: Այսինքն արդար մօտեցում ունէր բոլորին նկատմամբ: Ըստ Սիմոն Վրացեանի, Զաւարեան այն ղեկավարն է, որ անսահման սէր ունէր մարդկութեան եւ մանաւանդ հայութեան նկատմամբ:
Ռոստոմ: Գործի մարդը, որ ոչ մէկ պարագայի առաջին շարքերուն մէջ կ՛երեւէր: Ռոստոմի համար յեղափոխութիւնը նախ գործ է, ապա միայն` գաղափար: Կամ աւելի ճիշդ` յեղափոխութիւնը գործ է գաղափարի համար: Գործի մարդը օժտուած էր մտաւորական բարձր յատկութիւններով, ուժեղ եւ յարատեւ կամքով, կազմակերպական յատկութիւններով:
Ռոստոմ, որ Քրիստափորէն եւ Զաւարեանէն աւելի ապրեցաւ, եղաւ մնայուն շարժումի մէջ: Անոր համար չկային կարեւոր եւ անկարեւոր գործեր: Կային միայն գործեր, որոնց վրայ, ինչպէս կը վկայէ Սիմոն Վրացեան, կը թափէր իր ուժն ու եռանդը:
ՀՅԴ երրորդութիւնը բնութագրելով` Սիմոն Վրացեան արդարօրէն կը գրէ: «Եթէ Քրիստափոր եղաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Միտքն ու Կամքը, Զաւարեան` անոր Սիրտն ու Խիղճը, Ռոստոմ եղաւ թէ՛ Միտք, թէ՛ Կամք, թէ՛ Խիղճ: Դաշնակցութիւնը ինքը` իր բովանդակ էութեամբ»:
Սիմոն Վրացեանի վկայութիւնները կարդալով` ակունքներու վերադարձը առաւել քան հրամայական կը դառնայ այսօր: Այս ալ իր կարգին:
ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻՆ