Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները շատ կարեւոր մէկ բաժինն են մեր կեանքին: Ասկէ փախուստ չկայ, եւ ասիկա կարելի չէ ժխտել: Ինչպէս նախապէս, եօթանասունական թուականներուն, պատանեկան խաղերը այնքան ալ նստակեաց չէին եւ զանազան խաղեր, օրինակ` եօթը կափարիչ, չելլիք Սիմոն, հոլ, ուզուն էշէկ, գնդիկ եւ այլն կը խաղցուէին մեծ խանդավառութեամբ, այս օրերուն ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներն են, որոնք գրաւած են մեծին ու փոքրին ուշադրութիւնը` մեծերը վերածելով մարդոց մէջ նստած լռակեացներու, կամ ճամբան քալելու ընթացքին յանկարծ պոռացողներու եւ խնդացողներու, իսկ պատանիներն ալ` գերիներու, որոնք ո՛չ կը շարժին, ո՛չ կը վազեն, այլ երկար ժամեր կը նստին ու իրենց ձեռքերուն մէջ գտնուող բջիջային հեռաձայնով ի՞նչ կ՛ընեն` չես գիտեր: Կամ աւելի ճիշդը` միայն իրենք գիտեն:
Համացանցին դրական եւ ժխտական կողմերուն մասին դասախօսութիւն տալու մտադրութիւն չունիմ: Բայց սա Թիք Թոք կոչուող հարթակն է, որ, ըստ երեւոյթին, ամէնէն աւելի մարդոց գերութեան պատճառներէն մին է, որովհետեւ կան բազմաթիւ դրդապատճառներ, որոնք երիտասարդ աղջիկները, իրենց ամուսիններէն դժգոհ տանտիկինները, մարդոց մէջ դէմ առ դէմ խօսելու դժուարութիւն ունեցող լռակեացները, կամ համբաւի տիրանալու եւ հանրածանօթ դէմք մը ըլլալու ախտէն տառապողները վերածած է իր գերիներուն, որոնք օրն ի բուն կարճ տեսերիզներ կը պատրաստեն, կը տեղադրեն Թիք Թոքի իրենց անձնական էջին վրայ եւ կը սպասեն ու անդադար կը հետեւին, որպէսզի տեսնեն ու իմանան, թէ քանի՛ հոգի զիրենք դիտած է, սիրտ, ծաղիկ, ապրիս, պրաւօ ղրկած է:
Կայ աւելին: Երիտասարդ աղջիկներ ցերեկները մինչեւ ուշ երեկոյ կը քնանան: Ապա կ՛արթննան, կը շպարուին, կը ներկուին, մազերը կը յարդարեն, սոլարիոմ ալ ըրած կ՛ըլլան` մորթին գոյնը իբր թէ կաթնագոյնէն տուրմագոյնի վերածելու համար, ապա առաւօտեան կանուխ ժամերուն կը նստին իրենց բջիջայինին դիմաց, քամերան կը բանան եւ իրենց հետեւորդներուն համար ԼԱՅՎ կ՛ելլեն: Ալ ի՛նչ կ՛ուզեն հազարաւոր հետեւորդները: Իրենց կուռքը հոն է, կը խօսի, հոգ չէ, թէ ինքզինք Հայֆա Ուահպի կը կարծէ, կամ նոյնիսկ կը յայտարարէ, որ Հայֆան իրեն սկսած է նախանձիլ, կը պարէ, կը կատակէ, «խորհուրդներ» կու տայ եւ կը սպասէ, որպէսզի երկրպագուները դրամ տեղացնեն: Օրինակի համար, եթէ Քաթարէն անձ մը առիւծի նկար մը ղրկէ, ապա կը նշանակէ, որ այս օրիորդին հաշիւին հարիւր յիսուն տոլար անցաւ: Իւրաքանչիւր նկար իր գինը ունի, եւ առիւծները, ծաղիկները, վարդերն ու այլ նկարներ կը տեղան` անբան ու անգործ օրիորդը շփացնելով, ուրախացնելով նաեւ կողքին նստած մայրը, որ ատենը մէյ մը կը յիշեցնէ, որ աւելի շարժի, երգը փոխէ, շփանայ: Որովհետեւ մարդիկ, որոնք առաւօտեան կանուխ ժամերուն այլ երկիրներ կամ Լիբանան տեղ մը նստած` ասոնք կը դիտեն, իրաւունք ունին յատուկ ելոյթներու:
Թիք Թոքը ասիկա է: Դրամ շահելու միջոց մը` անոնց համար, որոնք դժգոհ էին իրենց կեանքէն: Հիմա շատ գոհ են: Մինչեւ ուշ երեկոյեան կը քնանան, ապա Քնացող Իշխանուհին կ՛արթննայ եւ խաղը կը սկսի: Խաղ ըսի, բայց վտանգաւոր, չափազանց վտանգաւոր տեսակէն է, որովհետեւ առիւծներ ղրկողը ապա մեսենճըրի վրայ «այլ տեսակ»-ի խոստումներու եւ վիճակներու կը հասնի: Ա՛լ մնացածը կրնաք կռահել… Բարի՛ գիշեր:
ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻ