ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ընդհանրապէս ժողովուրդներու պատմութեան, պետութեան, ազգային, կրօնական եւ միջազգային տօները ազգի մը գոյատեւման եւ ամրապնդման, սերունդներու դաստիարակութեան եւ բարգաւաճման վրայ իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան, մանաւանդ երբ այդ ազգը հին եւ նոր պատմութիւն կերտած է եւ ունի պղտոր ապագայ կամ քաղաքական ու աշխարհաքաղաքական անկայուն իրավիճակ:
Փաստօրէն, 27 սեպտեմբերէն ետք ազգովին մեր ալ տօնացոյցի օրերը խախտեցան: Սեպտեմբեր 27 եւ նոյեմբեր 9 աւելցաւ: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու հռչակման օրերը ուրիշ իմաստ եւ հնչեղութիւն ունեցան: Շուշիի ազատագրման տօնը, բանակի տօնը, մայիս 28-ը եւ այսպէս ամէն մէկ տօն նոր իմաստ, նոր խորք, նոր պահուածք, նոր տեսլական ունեցաւ:
Միշտ չէ, որ ժողովուրդներու տօնացոյցերու խախտում կը պատահի:
Մենք այն սերունդն ենք, որ ականատես ենք եւ կ՛ապրինք ու պիտի տեսնենք այս խախտումին հետեւանքները:
Հաւանաբար նոր տօնացոյց մը պէտք է պատրաստենք:
Անտարակոյս այդ տօնացոյցն ալ սերունդներու կերտման եւ դաստիարակութեան մէջ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ:
Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, մենք ազգովին կը գտնուինք պատմութեան դժուար եւ անկիւնադարձային փուլի մը դէմ յանդիման, իւրաքանչիւր համաձայնագիր, փաստաթուղթ եւ յուշագիր, որ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի ստորագրուի, մեր պատմութեան գալիք փուլին համար իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ:
Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր ճակատներու վրայ հակառուս ուժեր չկան: Փաստօրէն Ռուսիան ալ մեր ցամաքամասի գլխաւոր դերակատարն է: Բոլոր գալիք թղթածրարները այս հովանաւորութեամբ պիտի հրամցուին: Մենք ազգովին այս իրականութեան գիտակից, պէտք է վերցնենք մեզի նետուած ձեռնոցը:
Ժամանակը իր խօսքը պիտի ունենայ, գալիք փուլը ողջմտութեան, համերաշխութեան եւ ազգային միասնականութեան փուլ պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել յոռեգոյնը: